
Լիբանանի մէջ, Ուրբաթ, 26 Յունուարին, «Շարունակենք մեր սուրբ գործը» կարգախօսով ՀՅ Դաշնակցութեան 133ամեակի տօնակատարութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄի շեփորախումբին կողմէ «Արիւնոտ Դրօշ»ի նուագակցութեամբ` Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴի 133 դրօշներ կրող պատանիներու, երիտասարդներու, ուսանողներու եւ սկաուտներու սրահ մուտքով: Ապա ՀՄԸՄի շեփորախումբը հնչեցուց Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտման ճամբուն վրայ ինկած բոլոր նահատակներուն յիշատակը:
Բացման խօսքով հանդէս եկան Գէորգ Եագուպեան եւ Արազ Էլէյճեան, որոնք հաստատեցին, որ ՀՅ Դաշնակցութեան 13-ամեակը դաշնակցականները կը դնէ նոր մարտահրաւէրներու եւ ծանր պատասխանատուութիւններու դիմաց:
Ապա Թորգոմ Ջանան ընթերցում մը կատարեց Վազգէն Շուշանեանի «Օրագիր»էն հատուածի մը:
Ջանանի ելոյթէն ետք ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի 2023ի գործունէութիւնը ամփոփող տեսերիզ մը:
Օրուան առաջին պատգամաբերն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական խմբակի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, որ լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, թէ տօնախմբութեան եւ ցնծութեան մթնոլորտի մէջ չէ, որ կը նշուի Դաշնակցութեան 133ամեակը, որովհետեւ ցաւ, ներկային ու ապագային նկատմամբ մտահոգութիւն, հոգիներուն մէջ յուսախաբութիւն կայ ամէնուրեք: «Մեր աչքերով կը տեսնենք, աշխարհի գերեզմանային լռութեան դիմաց, Արցախի յանձնումը, Արցախի ժողովուրդին հեռացումը իր հայրենիքէն` իր ետին թողելով Արցախի ազատագրութեան համար անսակարկ նուիրումով նահատակուած հերոսներուն աճիւնները: Եռաբլուրի մէջ հազարաւոր նահատակներու ոսկորներուն հետ ականատես ենք, թէ ինչպիսի՛ բեմադրութեամբ օրէ օր Հայաստանի իշխանաւորները զիջումներ կը կատարեն ո՛չ միայն Հայաստանի սահմաններէն, այլ նաեւ Հայաստանի գոյութիւնն ու հայ ժողովուրդի ապագան վտանգող եւ հայութիւնը պաշտպանող սրբութեան համազօր սկզբունքներէն», ըսաւ ան՝ շեշտելով, որ զիջումներու եւ յանձնուողական քաղաքականութեան ընթացքը տակաւին կանգ չէ առած Հայաստանի վարչակարգին համար, որովհետեւ ներքին ճակատի վրայ աշխատանք կը տարուի պառակտումներ սերմանելու, իսկ արտաքին առումով բարեկամներու եւ նոր դաշնակիցներու փնտռտուք կը կատարուի` ի վնաս Հայաստանի գերիշխանութեան, անկախութեան եւ ազատութեան:


Անդրադառնալով սփիւռքի մէջ տիրող կացութեան` Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ իւրաքանչիւր գաղութ ունի իր բազում տագնապներն ու մարտահրաւէրները, որոնց գլխաւորն ու ամէնէն վտանգաւորը հայութենէ հեռանալու, հայկականը անտեսելու եւ համաշխարհայնացումով ու արդի թակարդներով տարուելու ահազանգող ընթացքն է:
Իր խօսքը եզրափակելով` Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ մնալ պայքարի կուսակցութիւն, ձախողութիւններն ու պարտութիւնները շրջանցելով` պիտի վերականգնէ ու յաղթանակներ կերտէ, հարուածները դիմակայէ խիզախութեամբ, արիութեամբ, միասնականութեամբ, հայկականութեամբ:
Գեղարուեստական յայտագիրի ծիրին մէջ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան կատարեց «Հայաստան» երգը:
Շ. Թորոսեան անդրանիկ կատարումով մեկնաբանեց նաեւ «Աշխարհ Արցախայ» երգը, խօսք` Միքայէլ Հաջեանի եւ երաժշտութիւն` Վահրամ Էմմիեանի:
Երկրորդ պատգամաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ լուսարձակի տակ առաւ հայութեան ապրած ներկայ բախտորոշ փուլը, որուն ընթացքին Հայաստան յայտնուած է աշխարհաքաղաքական բարդ ու դժուար կացութեան մէջ, եւ արտաքին ազդակները լարուած են իրեն դէմ` Հայաստանի շահերն ու մեր հայրենիքը վերածելով միջազգային կռուախնձորի: Սակայն, ան շեշտեց, որ այս բոլորը ոչ մէկ ձեւով կ՛արդարացնեն Հայաստանի իշխանութիւններուն քաղաքական եւ ներազգային այն ահաւոր բացթողումները, որոնք կը վտանգեն Հայաստանի լինելիութիւնն անգամ` դիտել տալով, որ ներկայ վարչակարգի քաղաքականութեան պատճառով է, որ վերջին երեսնամեակի յաղթական Հայաստանը այսօր աշխարհին կը ներկայանայ իբրեւ պարտուած ու իր ազգային էութենէն դատարկուած պետութիւն, որ պատրաստ է թշնամիին շնորհելու շարունակական միակողմանի զիջումներ:

«Այսօր, իր բնիկ ժողովուրդէն դատարկուած Արցախը ողբերգական հանգամանքէ անդին նաեւ զրկուած է պաշտպանելու նոյնինքն Հայաստանի սահմանները, որոնք յարձակումի եւ բռնաբարումի կ՛ենթարկուին թուրք-ազերիական ուժերու կողմէ: Այսօր, հզօր ու ինքնավստահ հայրենիքի փոխարէն, Հայաստանի իշխանութիւնները հայ ժողովուրդին կը մատուցանեն գոյութենական սպառնալիքի ենթակայ Հայաստան մը, որուն Անկախութեան հռչակագիրն ու սահմանադրութիւնը թշնամիին պահանջով թուլամորթաբար փոփոխութեան ենթարկելու աշխատանքին լծուած է Նիկոլ Փաշինեանի վարչակարգը: Եւ փոխանակ համահայկական կարողականութիւնը համախմբելու այս ճգնաժամային օրերուն, փաշինեանական վարչակարգը տակաւին լծուած է հայութեան մէջ սեւի ու սպիտակի բաժանարար գիծեր ստեղծելու, բանակի որակին եւ մարտական ոգիին հարուածելու, Հայաստանի մէջ ոստիկանական բռնատիրութիւն հաստատելու, Արցախի Հանրապետութիւնը կազմալուծելու, արցախահայութեան իրաւունքները անտեսելու, Հայաստանի մէջ Արցախի հիմնահարցին դէմ քարոզչութիւն ծաւալելու, ժողովուրդին եւ մանաւանդ երիտասարդութեան մօտ քաղքենիացում եւ ազգային առումով անտարբերութիւն սերմանելու, ազգային արժէքները` հայոց պատմութիւնը, հայագիտական նիւթերը, ազգային հարցերու հանդէպ նուիրումի պատրաստակամութիւնը եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին ու հայ ազգային կառոյցները տկարացնելու, Հայ Դատի համաշխարհային պայքարը նսեմացնելու, նոյնիսկ` Սփիւռքի մէջ հաստատուած կառոյցները քայքայելու սեւ գործին», մատնանշեց ան:
Յ. Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ, հակառակ այս բոլորին, մերժելի են յուսահատութիւնն ու յանձնուողական տրամադրութիւնը, որովհետեւ կը հաւատանք, որ հայութիւնը իր մէջ ունի ուժականութիւնը պարտութիւններէ յաղթանակ կերտելու եւ իր ազգային արժանապատուութիւնը վերականգնելու: «Յամենայն դէպս ՀՅԴին համար վերջին կորուստները ժամանակաւոր են, 2020ի հետեւանքը ճակատամարտի մը պարտութիւնն էր պարզապէս, եւ թշնամիներուն դէմ պատերազմը կը շարունակուի բոլոր ճակատներուն վրայ: Մեզի համար Արցախի բռնի դատարկումը մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն ոճիրներէն է, որ պէտք է սրբագրուի», աւելցուց ան:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ նաեւ լիբանանահայութեան ունեցած կարեւոր ներդրումին` համահայկական ամէն տեսակի աշխատանքներուն մէջ:
Իր խօսքը եզրափակելով` Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսաւ. «Այսօր, ձեր` հայ ժողովուրդին առջեւ Դաշնակցութիւնը կը վերանորոգէ իր վճռականութիւնը մեր երկարաշունչ պայքարը աներեր յառաջ տանելու, հայութեան անժամանցելի իրաւունքները պահանջելու եւ Հայաստանն ու հայութիւնը իր թշնամիներէն աննահանջ պաշտպանելու համար»:
Բիւրոյի ներկայացուցիչին խօսքէն ետք տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ մայէսթրօ Գրիգոր Ալոզեանի խմբավարութեամբ` Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին կողմէ յեղափոխական երեք երգերու կատարումով:
Տօնակատարութեան աւարտին տեղի ունեցաւ պատանիներու խոստման արարողութիւն` կնքահայրութեամբ Արցախեան պատերազմի երկու նահատակներու հայր Միքայէլ Հաջեանի:
Հաջեան ներկաները շնորհաւորեց ՀՅ Դաշնակցութեան 133ամեակին առիթով: Ան ըսաւ, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կուսակցութիւն մըն է, որ անցած է ազգային ազատագրական ու ազգային պետականաշինութեան պանծալի ու փառաւոր ուղին, թէ՛ Արցախի եւ թէ Հայաստանի մէջ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր դերակատարութեամբ, ՀՅԴն իր ամբողջ էութեամբ, գաղափարաբանութեամբ եւ գործելաոճով ազգային ու ժողովրդական կուսակցութիւն է», ըսաւ ան:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպութեամբ 133ամեակի տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով: