ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Անուանի արաբագէտ Մաքսիմ Ռոտինսըն իր «Մուհամմէտ» գիրքին մէջ, մերժելով ճակատագրականութիւնը (fatalism)` կը բացատրէ, թէ աշխարհի պատմութեան առանցքը փոխուեցաւ մէկ մարդու արժանիքներուն եւ իրագործումներուն պատճառով: Այդ մարդը Արաբիոյ անծայրածիր անապատներուն մէջ աննշան եւ հասարակ պետուին Մուհամմէտն էր: Եթէ ան ծնած չըլլար, կամ աշխարհ գար մէկ կամ երկու սերունդ ետք, հաւանաբար Իսլամ կրօնքը գոյութիւն չէր ունենար, բիւզանդական եւ սասանեան Պարսկաստանի կայսրութիւնները էականօրէն չէին թուլանար եւ Հիւսիսային Ափրիկէն թերեւս կը մնար լատինական Արեւմուտքի մաս: Առ այդ, Սէուտական Արաբիոյ կարեւորութիւնը կը կայանայ իր աշխարհագրութեան եւ մշակոյթին կողքին, նաեւ աշխարհի պատմութեան վրայ անոր խաղացած դերին մէջ, որ զուտ պատահականութեան արդիւնք էր:
Երկար դարեր լուսանցքի մէջ մնաց Սէուտական Արաբիոյ տարածքը, ուր արաբ վաչկատուն եւ իրար թշնամի ցեղախումբեր կը դեգերէին, մինչեւ 1932, երբ Սէուտ ընտանիքէն Ապտ էլ Ազիզ ալ Սէուտը կրցաւ այդ ցեղախումբերը միացնել իր երկաթեայ կամքին եւ իր կազմակերպչական կարողութեան շնորհիւ հիմնել արդի թագաւորութիւն մը՝ ներկայ սահմաններով, եւ միայն 1938ին, ամերիկացի ճարտարագէտներ անոր արեւելեան կողմը յայտնաբերեցին սեւ ոսկին, որմէ ետք երկիրը ունեցաւ համաշխարհային կարեւորութիւն:
2010ին «արաբական գարուն» կոչուած շարժումը զանազան հետեւանքներ ունեցաւ արաբական աշխարհին մէջ. ապակայունացում, քաղաքացիական պատերազմներ, տնտեսական ճգնաժամեր, յեղափոխութիւն, աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններ եւ իշխանափոխութիւն: Սէուտական Արաբիա այն հազուագիւտ արաբական երկիրներէն էր, որ ցնցումի չենթարկուեցաւ՝ շնորհիւ իր ուժեղ պետական համակարգին եւ ներքին քաղաքականութեան:
Սէուտցի իրերայաջորդ միապետները գիտակից էին հասարակութիւնը բաղկացնող երեք շերտերուն առկայութեան եւ միշտ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարած էին: Սէուտական Արաբիա կը բաղկանայ հիմնական երեք շերտերէ՝ քաղաքներու բնակչութիւնը, անապատի պահպանողական ցեղախումբերը եւ արեւելեան տարածքներու շիի փոքրամասնութիւնը: Երկիրին բնական հարստութեան բարիքները այնքան շատ էին, որ նախ կը բաւարէին իշխանական ընտանիքին ախորժակը, ապա քաղաքաբնակներուն ճոխ ապրելակերպը գոհացնելու:
Սակայն, իշխանութիւնը ուշադիր էր բաւարարելու նաեւ ընդարձակ անապատի բնակչութեան ծայրայեղ պահպանողական զգացումները՝ երկիրը կառավարելով ըստ իսլամութեան պարտադրած օրէնքներուն, ինչպէս՝ կիներու՝ հագուելու եղանակը, կենցաղը եւ այլ դրսեւորումները, միւս կողմէ գիտակցելով նաեւ, թէ քարիւղի պաշարները անսպառ չեն եւ անոր նշանակութիւնը հետզհետէ պիտի նուազի, առ այդ, հետամուտ եղաւ զուգահեռաբար քաջալերելու ուսումը եւ ճարտարարուեստի այլ ճիւղերը:
Ներկայիս, Սէուտական Արաբիոյ ղեկին է գահաժառանգ իշխան Մուհամմէտ Իպն Սալման, որ արեւմտեան աշխարհին ծանօթ է MBS անունով: Ան կատարեալ բռնապետ մըն է: Ան աշխարհին ծանօթ է 2018ին, Պոլսոյ մէջ սէուտցի այլախոհ լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սէուտցի գործակալներու կողմէ սահմռկեցուցիչ սպանութեան պատմութեամբ: Ներքին քաղաքականութեան մէջ, ան հետզհետէ ընթացք կու տայ կիներու մարդկային իրաւունքներուն եւ ազատութեան: Ան աշխարհին ծանօթ է նաեւ իր «տեսլական 2030» (Vision 2030) ծրագիրով, որ կը նախատեսէ մինչեւ 2030 երկիրը հասցնել արհեստական բանականութեան մէջ առաջնակարգ մակարդակի: Այս ծրագիրին համար, երկիրը արդէն ունի արեւմուտքի առաջնակարգ համալսարաններէն շրջանաւարտ հարիւր հազարաւոր երիտասարդներ, որոնց համար լաւ պայմաններով աշխատանքը ապահովուած է: Թէ որքան ժամանակ քաղաքական կեանքը այսպէս անցնցում կրնայ շարունակուիլ, երբ ամբողջ տարածաշրջանը իրարանցումի մէջ է՝ կարելի չէ գուշակել: Կ՛ըսուի, թէ պետութիւնները իրենց ամէնէն վտանգաւոր ժամանակաշրջանը կ՛ունենան, երբ իրենց կառավարութիւններուն կողմէ լուրջ բարեփոխումներ կը ձեռնարկուին, որովհետեւ, ժողովուրդին ակնկալութիւնները կը բարձրացնեն այդ բարեփոխումները, որոնց, բնականաբար, ոչ բոլորը իրագործելի կրնան ըլլալ: Յեղափոխութիւնները տեղի կ՛ունենան երբ ժողովուրդին կեանքը կը սկսի բարելաւուիլ:
Մեծն Միջին Արեւելքի մաս նկատուող Ատրպէյճան եւս երեսուն տարիներէ ի վեր կը ղեկավարուի Ալիեւ ընտանիքի բռնապետական համակարգով, ուր փտածութիւնը, հովանաւորչութիւնը եւ ընկերային անարդարութիւնները իրենց գագաթնակէտին հասած են: Ընդդիմութեան ձայնը անլսելի է, իսկ ազգային փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները՝ մերժուած, երկրին՝ Հայաստանի հետ պատերազմական վիճակին պատրուակով: Արցախի անկումով եւ գրաւումով այդ պատրուակը այլեւս չկայ: Ժողովուրդի տնտեսական վիճակը երկրի հարուստ ընդերքին հետ համեմատած՝ խեղճ է, իսկ քարիւղի եւ կազի պաշարները յաւիտենական չեն, մանաւանդ որ հետզհետէ այլընտրանքային ուժանիւթի աղբիւրներ կը յայտնաբերուին եւ հեռու չէ այն օրը, երբ աւանդական աղբիւրներու անհրաժեշտութիւնը խստօրէն նուազի:
Ալիեւի՝ իշխանութեան գլխուն մնալու համար, Հայաստանի հետ ներկայ ճգնաժամին երկարաձգումը անհրաժեշտ է՝ հասարակութեան ուշադրութիւնը շեղելու համար տնտեսական եւ ընկերային բազմաթիւ հարցերէն, այդ պատճառաւ, նոյնիսկ նոր պատերազմի մը շղթայազերծման հաւանականութեան պատրաստ պէտք է ըլլանք:
Հայաստանի ժողովուրդը եթէ նոյն Մաքսիմ Ռոտինսընի մատնանշած ճակատագրականութեան անձնատուր եղած ըլլար եւ դրականօրէն չարձագանգէր «ժողովրդային շարժում»ի մեկնարկին՝ անկախ այդ «ժողովրդային շարժում»ի դրական կամ բացասական հետեւանքներէն, դժուար չէ պատկերացնել երկրի ներկայ եւ հետագայ իրավիճակը, որովհետեւ այլեւս գաղտնիք չէ, թէ ինչ իշխանութիւն ալ ըլլար երկրի ղեկին, պիտի պայթէր պատերազմը, որուն համար բոլոր պայմանները պատրաստ էին, թէ՛ Ատրպէյճանի ռազմական առաւելութեան, թէ՛ Ռուսիա-Ատրպէյճան-Թուրքիա համախոհութեան իմաստով: Արցախը պիտի կորսնցնէինք անպայման եւ ոչ միայն, ինչպէս ի յայտ կու գայ այժմ, երբ անդադար «Զանգեզուրի միջանցք»ի ստեղծման մասին կը խօսուի, որ մինչեւ հիմա չէ իրականացած պարզապէս, որովհետեւ այլեւս տարածաշրջանին նկատմամբ առնուազն հետաքրքրութիւն ստեղծուած է նաեւ արեւմուտքին կողմէ:
Այժմ, Հայաստան հարկադրանքին տակ է՝ դիմագրաւելու ճակատագրական մարտահրաւէրներ, որոնց համար որոշումներ տալը, դժբախտաբար, միայն իշխող կուսակցութեան մենաշնորհն է, առանց ուժեղ եւ ազդու ընդդիմութեան մը գոյութեան:
Երկիրը իսկապէս կարիքը ունի նոր եւ ժողովուրդին կարեւոր հատուածին թարգմանը հանդիսացող ընդդիմութեան մը, որ զսպիչ ուժը պիտի դառնայ իշխանութեան հաւանական՝ միանձնեայ որոշումներու ընդունման, նաեւ օգնելու՝ միասնաբար որդեգրելու պետութեան եւ ազգին համար՝ բոլորին կողմէ ընդունելի ապագայի մը տեսլականը: