
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- 13 Փետրուարին, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտին ներկայացուած բանաձեւով մը, օրէնսդիր նշեալ մարմինի անդամներ Էնթընի Փորթանթինօ եւ Պապ Արչուլեթա դիմեցին նախագահ Ճօ Պայտընին, որ իր կարելին ընէ՝ ապահովելու համար Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինի կերպով պահուող հայ պատերազմական գերիները անյապաղ ազատ արձակումը։
«Պէտք չէ արտօնենք, որ Ատրպէյճան շարունակէ իր ցեղասպանական քայլերը եւ բանտարկուած պահէ Արցախի անմեղ քաղաքացիները», շեշտեց Փորթանթինօ՝ ցաւ յայտնելով, որ Ուաշինկթըն ցարդ կտրուկ քայլերու չէ դիմած Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղային զտումին պատասխանատուները պատժելու եւ հայ գերիներուն ազատ արձակումը ապահովելու համար։
«Պատերազմական բոլոր գերիները պէտք է անմիջապէս ազատ արձակուին Ատրպէյճանի կողմէ եւ ապահով կերպով վերադառնան իրենց ընտանիքներուն», աւելցուց Արչուլեթա, միջազգային օրէնքի եւ մարդկային իրաւանց խախտում նկատելով գերիները մինչեւ այսօր բանտարկուած պահելու՝ Պաքուի քաղաքականութիւնը։


Թիւ 11 բանաձեւը կարեւոր է յատկապէս Փորթանթինոյի համար, որ անձամբ ծանօթ է գերիներէն քանի մը հատին հետ։ Արդարեւ, Փորթանթինօ Կլենտէյլի իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցած էր ներկայիս գերի պահուող Արցախի արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանի հետ եւ 44օրեայ պատերազմէն ետք Արցախ հրաւիրուած էր այդ օրերուն Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեանի կողմէ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Ռուբէն Կարապետեան ողջունեց բանաձեւը ներկայացնելու Փորթանթինոյի եւ Արչուլեթայի քայլը՝ աւելցնելով, որ հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակումը ապահովելը եւ Պաքուի ոճրային վարչակազմը պատասխանատուութեան կանչելը հայութեան իրաւանց համար պայքարին առաջնակարգ հարցերը կը մնան։
Ներկայիս տասնեակներով հայ գերիներ, ներառեալ՝ բարձրաստիճան քաղաքական գործիչներ եւ զինուորականներ, կը պահուին Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ, իսկ մօտաւորապէս 80 հայ զինուորներ եւ քաղաքայիններ անհետացած են։