Հակառակ այն իրողութեան, որ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ փոխադարձ ռմբակոծումները կը շարունակուին, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ֆրանսա Լիբանանին ներկայացուցած է գրաւոր առաջարկ մը` Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ զինեալ բախումներուն վերջ տալու գծով:
Ֆրանսական առաջարկը ուղղուած է «Հըզպալլա»ին, որմէ կը պահանջէ իր մարտիկները սահմանագիծէն 10 քլմ. հեռացնել` Իսրայէլի հետ բախումներուն վերջ տալու նպատակով:
Ըստ «Ռոյթըրզ»ի՝ անցեալ շաբթուան ընթացքին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուրնէ այդ առաջարկը ներկայացուց լիբանանեան պետութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն:
Նշենք, որ «Հըզպալլա» կը մերժէ զինադադարի շուրջ պաշտօնական բանակցութիւններու սկսիլ` նախքան Կազայի դէմ պատերազմին կասեցումը:
«Հաւատարմութիւն» դիմադրութեան խմբակի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա «Ռոյթըրզ»ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի վերաբերեալ որեւէ հարց քննարկելի չէ «Հըզպալլա»ի համար` նախքան Կազայի դէմ պատերազմին կասեցումը:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Պլիտա, Թէյր Հարֆա, Ալմա Շաապ, Տհայրա, Թալլուսա, Մերժահիուն, Ռամիա, Ժըպպայն, Շիհին, Մէյս էլ Ժապալ, Այթարուն, Եարուն եւ Եարին շրջանները, իսկ իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց Հասպայայի, Իքլիմ Թուֆֆահի եւ Մազարեհ Շեպաայի վերեւը:
Ըստ «Հըզպալլա»ի զինուորական տեղեկատուութեան՝ «Հըզպալլա»ի մարտիկները ռմբակոծեցին իսրայէլեան Աւիւիմ բնակեցման վայրին մէջ գտնուող շէնք մը, ուր կը գտնուէին իսրայէլացի զինուորներ: Անոնք նաեւ հրթիռներով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Զըպտին դիրքը եւ Պըրքեթ Ռիշա դիրքին մօտակայքը գտնուող իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորումը` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Իր կարգին, «Հըզպալլա» հաղորդեց, թէ իր շարքերէն երկու զոհեր արձանագրուած են։ Վիրաւորուած է նաեւ լիբանանցի ոստիկան մը։