Պաքու յայտարարեց, թէ պատրաստ է համագործակցելու Երեւանի հետ երկու կողմէ անհետ կորսուածներու որոնման աշխատանքներուն գծով:
Ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուածներու հարցերու Ատրպէյճանի պետական յանձնաժողովը ողջունեց հայկական կողմի համապատասխան կառոյցի պատրաստակամութիւնը եւ ընդգծեց, որ նպատակայարմար է միաւորել ջանքերը այս ուղղութեամբ:
Գերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուած անձերով զբաղող Հայաստանի միջգերատեսչական յանձնաժողովը նախորդ օրերուն, արձագանգելով Ատրպէյճանի մեղադրանքներուն, թէ հայկական կողմը կը հրաժարի տեղեկութիւններ տրամադրել Ատրպէյճանի անհետ կորսուած քաղաքացիներուն մասին՝ Ատրպէյճանի համապատասխան կառոյցին առաջարկեց աշխուժացնել համագործակցութիւնը:
Ըստ Պաքուի` անհրաժեշտ է ներգրաւել 1990ականներուն հայկական կողմի ռազմական գործողութիւնները ղեկավարող պաշտօնեաները, որոնք տեղեկութիւններ ունին «ատրպէյճանցիներու զանգուածային թաղումներուն մասին»: