Պաքու դատապարտեց Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելի` 13 Փետրուարին «Ատրպէյճանի հասցէին կատարած անհիմն մեղադրանքները»:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ երկկողմ հանդիպումէն եւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան խորհուրդի 5րդ նիստէն ետք իր յայտարարութեան մէջ, Պորել ցաւալի նկատած էր ատրպէյճանցի զինուորին վրայ հայկական կրակոցը, նոյն ժամանակ Ատրպէյճանի արձագանգը անհամաչափ որակելով:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պորելը մեղադրեց «Հայաստանի կողմէ ռազմական սադրանքը անտեսելու» մէջ:
«Դժբախտաբար, Եւրոպական Միութիւնը կ՛անտեսէ արձակազէնի փամփուշտով ատրպէյճանցի զինուորին վիրաւորուիլը՝ առանց որեւէ հրահրող գործօններու հինգ ամսուան կայունութենէն ետք», յայտարարեց Պաքու՝ աւելցնելով․ «Հայկական սադրանքին իբրեւ պատասխան Ատրպէյճանի ձեռնարկած քայլերը բաւական համարժէք էին եւ տեղական բնոյթի: Պաքուի գործողութիւնը կանխեց նաեւ ռազմական մագլցումը ընդլայնելու հայկական փորձերը: Դարձեալ կ՛ափսոսանք եւ կը նշենք, որ, հակառակ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ, արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովութեան քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Շարլ Միշէլի խաղաղասիրական նախաձեռնութիւններուն, արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովութեան քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչը, միակողմանի, հայանպաստ դիրք գրաւելով՝ պատնէշ կը ստեղծէ Ատրպէյճանի եւ Եւրոպական Միութեան կառոյցներուն միջեւ եւ, հետեւաբար, ինքզինք բոլորովին կը մեկուսացնէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն»։