ԴՈԿՏ. ՅԱՐՈՒԹ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Մարդկութեան պատմութեան մէջ ատելութիւնը երեւոյթն մըն է, որ ժամանակի ընթացքին, մարդոց վրայ ձգած է հոգեկան խոր վէրքեր, որոնք խորապէս ազդած են իրերայաջորդ սերունդներու վրայ: Բարդ եւ խորապէս արմատացած զգացում մըն է անիկա, որ դրսեւորուած է տարբեր կործանարար ձեւերով, ինչպէս՝ ցեղային, կրօնական, կուսակցական, գաղափարական, քաղաքական եւ նոյնիսկ դասակարգային անհանդուրժողականութեամբ: Հետեւաբար, ատելութիւնը իր բոլոր դրսեւորումներով, խտրականութիւն, խմբային կամ անհատական կողմնակալութիւն, ծայրայեղութիւն, եւ այլն, էապէս խոչընդոտ է ժողովուրդներու, խմբակցութիւններու, միութիւններու, կուսակցութիւններու, քաղաքական հոսանքներու միջեւ ներդաշնակ կեանքի մը ստեղծման, որովհետեւ ատելութիւն տածողները կը փորձեն ամէն գնով ջնջել կամ նուազագոյնը լուսանցքայնացնել իրենց թիրախը:
Հակառակ 21րդ դարու համեմատաբար աւելի զարգացած հասարակութեան՝ մարդ արարածը, քաջ գիտնալով, որ ատելութիւնը վնասաբեր եւ քանդիչ է՝ տակաւին կը շարունակէ ատել եւ զայն սնուցանել մատղաշ սերունդներուն:
Թուարկենք ատելութեան յանգեցնող քանի մը հիմնական պատճառներ եւ անոնց հետեւանքները.
Վախ եւ տգիտութիւն. ատելութիւնը յաճախ կը բխի անծանօթին հանդէպ վախէն: Իսկ տարբեր մշակոյթներու եւ մտածելակերպերու մասին տգիտութիւնը (անտեղեակութիւնը կամ անգիտութիւնը) կը յառաջացնէ անվստահութիւն եւ դժգոհութիւն՝ վերջապէս վերածուելով ատելութեան:
Անապահովութիւն. անապահով անհատականութիւն ունեցող մարդոց համար, մրցակցութիւնը կրնայ մրցակիցին հանդէպ թշնամանքը սրել: Անոնք մրցակիցը կը վերածեն քաւութեան նոխազի, զայն նկատելով իրենց ունեցած հարցերուն սկզբնաղբիւրը կամ պատճառը, իրենց ունեցած բոլոր անկարողութիւնները եւ ձախողութիւնները բարդելով անոնր վրայ։
Հետեւանքներ.
Ընկերային-հասարակական բաժանում. ատելութիւնը կը մասնատէ ընկերութիւններ, խումբեր, ազգեր, կուսակցութիւններ, քաղաքական հոսանքներ, եւ այլն՝ ստեղծելով բաժանումներ, որոնք կը խոչընդոտեն համագործակցութիւնը եւ յառաջընթացը:
Բռնութիւններ եւ հակամարտութիւններ. ատելութիւնը դուռ կը բանայ բռնութեան եւ հակամարտութեան՝ կործանարար հետեւանքներ ունենալով անհատներու, խումբերու, եւ ազգերու համար: Պատմութիւնը լեցուն է պատերազմներու եւ վայրագութիւններու օրինակներով, որոնք բխած են խորապէս արմատացած ատելութիւններու պատճառով
Հոգեբանական ազդեցութիւն. ատելութիւնը հոգեպէս կը վնասէ թէ՛ ատողը եւ թէ ատուողը: Անոր պատճառով յառաջացած մշտական ճնշումը անպայման կը ստեղծէ հոգեբանական հարցեր:
Վերջապէս, ատելութիւնը կը վտանգէ մարդկային համագործակցութեան եւ նորարարութեան ներուժը՝ խեղդելով մարդկութեան բարգաւաճումը եւ բարեկեցութիւնը:
Իսկ որո՞նք են օգտուողները:
Մարդոց՝ ատելութիւն սերմանելէն կրնան օգտուիլ անհատներ, խումբեր կամ կազմակերպութիւններ, թէկուզ ժամանակաւորապէս։ Յաճախ այս »օգտակարութեան« համար շատ սուղ գին կը վճարուի թէ՛ անձնապէս եւ թէ խմբային առումով, եւ միշտժողովուրդին եւ կազմակերպութեան հաշուոյն։
Անհատ ղեկավարներ, ընդհանրապէս մենատէրեր եւ հոգեկան ախտաւորներ յաճախ ատելութիւնը կ՛օգտագործեն իբրեւ գործիք՝ իրենց հետեւորդներուն վրայ իշխանութիւնը ամրապնդելու, ամբողջական վերահսկողութիւն սահմանելու եւ պայքարելու իրենց մրցակիցներուն դէմ։ Ինչպէս նաեւ հաւաքականութեան զայրոյթին եւ վրդովմունքին թիրախ դարձնելով խմբաւորումներ կամ անհատներ՝ կը շեղեն ուշադրութիւնը իրենց սեփական թերութիւններէն, իրենց շուրջ համախմբելով հլու հնազանդ հետեւորդներու փաղանգ մը: Անոնք, ատելութիւն տարածելով՝ իրենց անձնական օրակարգը յառաջ կը տանին: Այլ խօսքով, անոնք կը շահագործեն բաժանումները անձնական շահերու համար:
Իսկ մենք, հայերս, պէ՞տք է ատենք զիրար: Պէ՞տք է յագուրդ տանք ատելութիւն սերմանողներուն։
Իրականութեան մէջ, խորապէս մտահոգիչ է ականատես ըլլալ ներազգային եւ ներգաղութային թշնամութեան եւ պառակտման մակարդակին հասած, իրար հանդէպ մեր ունեցած կործանարար ատելութեան, որ արդէն իսկ սկսած է խարխլել մեր ազգային կառուցուածքը եւ արգելակել յառաջընթացը եւ միասնութիւնը:
Նման բուռն ատելութեամբ ապրիլը, անկասկած, կը վնասէ մեր հաւաքական ազգային առողջ ընթացքին, որովհետեւ անիկա կը խթանէ բացասականութիւնը՝ ստեղծելով անվերջանալի ներքին պայքարներ եւ բախումներ։
Այս տխուր վիճակին ի տես՝ մարդ հարց կու տայ, որ հայը ինչպէ՞ս կրնայ այսքան ատելութեամբ լեցուած ապրիլ իր ազգակիցին, եղբօր, ընկերոջ հանդէպ։
Թէեւ արմատացած ատելութեան յաղթահարումը դժուար է, սակայն անկարելի չէ: Համատեղ աշխատելով, վճռականութեամբ եւ ազգային արժէքներուն նուիրուածութեամբ՝ կրնանք ձգտիլ դէպի աւելի փայլուն ապագայ մը, ուր ատելութիւնը կը փոխարինուի ըմբռնումով, կարեկցութեամբ եւ միասնութեամբ: