ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Տարիներուն հետ թաւալուող օրերուն ընթացքին, մարդուն միտքը յաճախող անխուսափելի հարցումի կը վերածուի կեանքին իմաստը.
_ Ի՞նչ է կեանքը, ինչո՞ւ կու գանք աշխարհ եւ ի՞նչ վերապահուած է արդեօք մեզի այս կեանքին ընթացքին:
Կենսաբաններ որքան ալ պատահականութիւն համարեն իւրաքանչիւր մարդու ծնունդը այս աշխարհին մէջ, կրօններ զայն պիտի ներկայացնեն՝ իբրեւ Արարիչին կողմէ նախածրագրուած գործ՝ ճիշդ ժամանակին ինքզինք յայտնելու կոչուած:
Պէտք չէ մոռնանք Յիսուսի խօսքը դաւաճան աշակերտին մասին, թէ՝ «Երանի՜ այդ մարդը ծնած իսկ չըլլար», ուրեմն պատահական չէր Յուդայի ծնունդը: Ան ծնած էր, մատնութիւնը իրականացնելու համար…։
Տարիքը իր կարեւոր ըսելիքը ունի մարդու կեանքին ընթացքին: Անոր երկարութիւնը բնաւ արժէք չունի, երբ անիկա անիմաստ ու դատարկ օրերով անցած է: Իմաստաւորուած կեանքն է, որ նոյնիսկ եթէ կարճ տեւողութիւն ունենայ, աւելի արժէքաւոր կը համարուի, քան երկար ու սին օրերով ապրուած կեանք մը:
Իր ութսուն տարիքը նոր թեւակոխած անձի մը տարեդարձը «Աստուած երկար կեանք տայ» տարածում գտած մաղթանքով շնորհաւորեանս՝ լսեցի հետեւեալ պատասխանը.
_ Երկար կեանք մի՛ մաղթեր, այլ մաղթէ, որ ուրիշին օգտակար ըլլալու չափ կեանք տայ ինծի Աստուած:
Տակաւին քսաններուս մէջ ըլլալով, այն ատեն խորապէս չհասկցայ ութսունամեայ մարդուն տուած պատասխանը, սակայն, այսօր այնքան յստակ է իր պատգամը, որ նոյնիսկ իր նկարագիրին ինչութիւնը գծագրուած կ՛երեւի մտապաստառիս վրայ:
Կեանքի բոլոր տեսակները, մարդոց նկարագրային գիծերուն ընդմէջէն կ՛երեւին: Անձնասիրութեամբ ապրողը, անձնուիրաբար զոհուողը, ուրիշին քսակէն կախեալ եղողը, ինքն իր ապագան սեփական ձեռքերով կերտողը, իր յոյսը մարդոց վրայ դնողը, անպիտան մարդոց երկրպագողը եւ վերջապէս մուրացկանը: Այս շարքը այնքան կարելի է երկարել, որ ձեռք ձեռքի բռնած կրնանք շղթայ կազմել արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք:
Ամէնէն նախնական ժամանակներէն սկսեալ գոյութիւն ունեցած գաւառական կրթարանները, ապա դպրոցները եւ վերջապէս ներկայ բարձրագոյն կրթութեան հիմնարկութիւնները՝ բազմատեսակ ճիւղաւորումներով համալսարանները, մարդը զարգացնելու կոչուած հաստատութիւններ են. բայց մարդը զարգացա՞ւ արդեօք: Սոյն հարցումին պատասխանը պիտի տանք իւրաքանչիւրս առանձին: Կարծիքներու տարբերութիւնը պիտի բացայայտէ մէկ ճշմարտութիւն. այն, որ իւրաքանչիւր անձ զարգացումը իրեն յարմար ձեւաչափով ներկայացուցած պիտի ըլլայ: Օրինակ, մէկը զարգացում պիտի համարէ զէնքներու պատրաստութիւնը եւ այլ երկիրներու դէմ պատերազմիլը եւ անոնց արժանապատւութիւնը ոտնակոխելը: Ուրիշ մը զարգացում պիտի համարէ այլ մոլորակներ հասնիլը: Այլ մտածող մը զարգացում պիտի համարէ իր երկրի նոր սերունդի բոլոր զաւակները անգործ չթողելու պետական որոշումը, եւ այսպէս կարելի է երկարել զարգացում համարուող երեւոյթներու սոյն շղթան:
Սակայն, ո՞վ պիտի որոշէ այս բազմատեսակ զարգացումներուն դրականները եւ ժխտականները. ո՞վ պիտի կարենայ ուղղորդել նոր սերունդը, երկու ճամբաներէն դրականը ընտրելու որոշում տալուն: Շուտ եւ շատ դրամ շահելու անբնական ձգտումը նոր սերունդին մօտ, արդէն գլած անցած է բոլոր սահմանները: Ծնողներու տուած խրատները արդէն հին ժամանակներէն եկող անիմաստ պատգամներ դարձած են: Նոր սերունդը զանոնք լսելով՝ ժամավաճառ չ՛ուզեր ըլլալ: Աւելին, նոր սերունդի որոշ զաւակներու համար, ծնողները տգէտ մարդիկ են, որքան ալ տարիքով իրենցմէ մեծ եւ «փորձառու» կոչուին անոնք…:
Կեանքին ահեղավազ արագընթացը զայն չափազանց կարճցուցած է արդէն: Հազիւ պատանեկութենէ երիտասարդութեան անցած՝ յանկարծ միջին տարիքէն դէպի տարեցներու խումբին անդամակցելու պատրաստ վիճակի մէջ կը գտնուի մարդը, անշուշտ եթէ բախտը ունենայ այնտեղ հասնելու…։ Շատեր միջին տարիքի հասած՝ պարզապէս կը խոստովանին՝ ըսելով. «Կեանքս վերջացաւ արդէն»: Յուսահատական չէ՛ սոյն արտայայտութիւնը, այլ՝ դրական, որովհետեւ տուեալ անձը կը զգայ, որ դեռ որքա՜ն ընելիք ունէր, սակայն կեանքի ժամանակը երթալով կը սահմանափակուի իր առջեւ: Թեթեւ հիւանդութիւններ կը սկսին ազդանշաններ տալ կեանքի ժամանակաւոր ըլլալուն մասին: Միւս կողմէ առողջութեան յատկացուած պահերը ժամավաճառ կը դարձնեն մարդը, որ ծրագրած էր իր ժամանակը ամբողջութեամբ աշխատանքի յատկացնել:
Իր սեփական կեանքի ամէնօրեայ վազքին մէջ, ո՞վ կը մտածէ, որ կեանքը միայն առիթ մըն է իւրաքանչիւր մարդու տրուած…։ Կեանքը ինքնին մասնաւոր իմաստ մը չունի, այլ պարզապէս առիթ մըն է՝ քեզի տրուած ժամանակը իմաստաւորելու եւ զայն իսկական կեանքի վերածելու: Այս է կեանքին իմաստը, այլապէս անիկա անմիաստ իրականութիւն մըն է օրերու, ամիսներու եւ տարիներու գումարով կուտակուած դէզ մը, որուն փլուզումը մահ կը կոչուի:
Իր կեանքը փողոցի մայթերուն վրայ ապրող մարդն ալ կեանք ունի, ուսման եւ գիտութեան նուիրուած մարդն ալ կեանք ունի: Իր զաւակներուն նուիրուած մայրն ալ կեանք ունի, պոռնկութեամբ իր կեանքը «վայելող» կինն ալ կեանք ունի: Աստղագէտն ալ կեանք ունի, ոճրագործն ալ կեանք ունի: Բոլորն ալ սահմանափակ ժամանակով կեանք մը կ՛ապրին, սակայն կարելի՞ է համեմատել մէկը միւսին հետ…։
«Կեանք ստեղծել» ասոյթը բազմաթիւ իմաստներով կը գործածուի խօսակցական լեզուին մէջ: Պահը արժեւորել, ապրած օրերը իմաստաւորել, աշխուժութիւն ստեղծել, միջավայրը ճոխացնել, դաստիարակութեան ուժ տալ, ապագայ սերունդ պատրաստել, եւ նման բազմաթիւ իմաստներով կարելի «կեանք ստեղծել»ը հասկնալ:
«Կեանք ստեղծել»ուն իմաստը, սակայն, լաւապէս ըմբռնելու եւ աւելին՝ կեանքին իմաստը հասկնալու համար, զայն պէտք է արժեւորել: Միայն արժեւոր կեանքն է, որ արժանի է կեանք կոչուելու: Այստեղ համեմատական երկու սիւնակները այլեւս վեր են կեանք «ստեղծող»ներու գերիշխանութենէն, եւ նոյնիսկ մարդոց «հեղինակաւոր» դատաստանէն. անոնք միայն Աստուծոյ դատաստանին կ՛ենթարկուին:
Մահով աւարտող կեանքը բոլորին սահմանուած իրականութիւն մըն է: Բացառութիւն պիտի չըլլան ո՛չ հոգեւորականաց դասէն մարդիկ, ո՛չ իսկ կայսրեր: Բոլորը հաւասարապէս պիտի ճաշակեն մահուան դառնութիւնը: Սակայն, միայն անոնք, որոնք կրցան իրենց տրամադրուած այս առիթը՝ կեանքը, օգտագործել իրենց ապրած օրերուն ընթացքին պիտի վայելեն իսկական կեանքը, զոր իրենք իրենց ձեռքով ստեղծեցին, իրենց ապրած օրերուն ընթացքին…։