Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիէն Լըքորնիւի, որ այս օրերուն Հայաստան կը գտնուի, Ուրբաթ, 23 Փետրուարին յայտարարեց, թէ իր երկիրը պատրաստ է Հայաստանին մօտահաս եւ հեռահաս հրթիռներ մատակարարելու:
Լըքորնիւի հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան հաստատեց, որ Հայաստան պիտի շարունակէ պաշտպանական զէնք գնել` անկախ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելէն ետք տիրելիք ապահովական իրավիճակին։
«Հայաստանի Հանրապետութեան կողմից գնուող զէնք-զինամթերքը ուղղուած չէ որեւէ երկրի նկատմամբ ագրեսիայի (յարձակման): Ի հարկէ, չեմ կարող հերքել, որ կայ վտանգ, ու այդ վտանգը տեսանելի է առկայ հռետորաբանութիւնից, ու մեր պարտաւորութիւնն է պաշտպանել մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը, մեր երկրի սուվերենութիւնը (ինքնիշխանութիւնը», ըսաւ Պապիկեան:
Լըքորնիւ, որուն գլխաւորած պատուիրակութեան մէջ կան նաեւ ռազմաադիւնաբերողներ, խօսեցաւ Հայաստանի դիմագրաւած սպառնալիքներուն մասին։
Ան ըսաւ, որ Հայաստան 12 Փետրուարի երեկոյեան արդէն ստացած է պաշտպանական սարքերու առաջին խմբաքանակը: Հայաստան եւ Ֆրանսա ռազմական ոլորտին մէջ համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրեցին նախորդ տարուան Հոկտեմբերին, եւ անոր հիման վրայ, Ֆրանսա Հայաստանին պէտք է ռատարներ եւ հրթիռներ տրամադրէ, խորհրդատուութիւն՝ բանակին մէջ բարեփոխումներու համար:
«Երէկ երեկոյեան դուք արդէն ստացաք գիշերային տեսողութեան հեռադիտակներու առաջին խմբաքանակը: «Պասթիոն» զրահամեքենաներու խմբաքանակ նոյնպէս պիտի ըլլայ: Շատ չմանրամասնեմ, թէ ի՛նչ սարքեր պիտի գան, բայց բոլորն ալ պաշտպանական նշանակութիւն ունին, որովհետեւ այս տարածաշրջանին մէջ առաջնահերթ է թէ՛ բնակչութեան, թէ՛ սահմաններու պաշտպանութիւնը: Ոեւէ մէկը չի կրնար քննադատել Հայաստանի բանակը` իր պաշտպանութեան ունակութիւնները ուժեղացնելուն համար», նշեց ան:
Անդրադառնալով ՀՕՊ համակարգերու` մօտ, միջին եւ այլ հեռահասութեան հրթիռներուն, Լըքորնիւ ըսաւ, որ եթէ Հայաստան անոր կարիքը ունենայ, անոնք նոյնպէս պիտի տրամադրուին:
Լըքորնիւ նաեւ տեղեկացուց, որ Պապիկեանի հետ խօսած են, մասնաւորապէս, կարճ հեռահասութեան «Միսթրալ» հրթիռներուն մասին:
«Ունեցանք քննարկում, որ կարելիութիւն պիտի տայ առաջարկելու այդ շերտի պաշտպանութիւն: Երկրորդ շերտի պաշտպանութեան համար մենք պիտի առաջարկենք միջին հեռահասութեան օդային պաշտպանութիւն: Կայ նաեւ վերջին շերտի պաշտպանութիւն, մասնաւորապէս, «Թալես» ռատարներու մասին է խօսքը: GM200 ռատարներու մատակարարումը շատ շուտով պիտի կատարուի: Միակ ձեւը, որ օդային պաշտպանութիւնը չկիրարկուի, այն է, որ ոչ ոք ոչ ոքի վրայ յարձակի», յայտարարեց նախարարը` հակադարձելով այս գծով հնչող քննադատութիւններուն։
Իսկ Հայաստան-Ֆրանսա ռազմական համագործակցութեան կոշտ կ՛արձագանգէ յատկապէս Ատրպէյճան՝ Փարիզը մեղադրելով տարածաշրջանը ապակայունացնելու մէջ:
«Մենք Ֆրանսա ենք, մենք թոյլ չենք տար, որ մեզ վախցնեն», ընդգծեց Լըքորնիւ։
Լրագրողներէն մէկը հարցուց, որ Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու խորացումը արդեօք չի՞ հակասեր Հայաստան-Ռուսիա, նաեւ ՀԱՊԿ ռազմական դաշինքի շրջանակներուն մէջ ստանձնած պարտաւորութիւններուն, արդեօք ստուգա՞ծ են արեւմտեան խիստ պատժամիջոցներու տակ գտնուող Իրանի տրամադրութիւնները:
«Իրանի մասով կարող եմ ասել, որ հայ-ֆրանսիական համագործակցութիւնը յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան է եւ որեւէ մէկի դէմ չէ: Երկրորդը, կարծում եմ, դա մեր իրաւունքն է համագործակցել Ֆրանսիայի հետ, մեր իրաւունքն է համագործակցել Իրանի հետ, եւ դա ի գիտութիւն պիտի լինի բոլորին: Մեր ֆրանսիացի գործընկերները յարգում են մեր համագործակցութիւնը այլ գործընկերների հետ, մեր իրանցի գործընկերները յարգում են մեր համագործակցութիւնը այլ գործընկերների հետ, կարծում եմ, նոյնը մեր ռուսաստանցի գործընկերները պիտի անեն ու մնացած մեր բոլոր գործընկերները, որովհետեւ Հայաստանը չունի տաբուներ` համագործակցելու ի շահ Հայաստանի Հանրապետութեան», պատասխանեց Պապիկեան:
Ան անգամ մը եւս հաստատեց, որ Հայաստան զէնք կը գնէ իրեն համար, ոչ թէ դաշնակիցներու կամ գործընկերներու:
Ասուլիսէն առաջ երկու նախարարները ստորագրեցին համաձայնագիրներ, սակայն, ստորագրուած փաստաթուղթերուն մասին մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան։