Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի մէջ, France 24-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց, թէ Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումը շատ հաւանական է:
«Մենք խնդիր ենք ունենում խաղաղութեան պայմանագրի մէջ արտայայտել այն երեք սկզբունքները, որ յայտարարուած ու հրապարակուած են միջազգային հարթակներում ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների շրջանակում: Վերլուծելով այս խնդիրներն ու պաշտօնական Բաքուից հնչող յայտարարութիւնները` գալիս ենք եզրակացութեան, որ այո՛, յարձակումը Հայաստանի վրայ շատ հաւանական է», նշեց Փաշինեան:
Ան մանրամասնելով՝ ըսաւ, թէ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի մասին Պաքուի պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ նկատի առնուեցաւ, որ Հայաստանի տարածքին մեծ մասը ատրպէյճանական է: Բացի այդ, ըստ Փաշինեանի, Ատրպէյճան գործնականին մէջ առանց տարընթերցումներու չի ճանչնար Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմաններու անխախտելիութիւնը` հակառակ «դիւանագիտական մակարդակում Ադրբեջանը հաւաստիացնում է, որ յարձակման ոչ մի մտադրութիւն չունի»:
Հարցազրոյցին ընթացքին, Փաշինեան նաեւ քննադատեց Ռուսիոյ իշխանութիւնները՝ ըսելով «2023 թուականի սեպտեմբերեան իրադարձութիւնների ժամանակ եւ Հոկտեմբերին Ռուսաստանի ամենաբարձրաստիճան ներկայացուցիչները ուղիղ կոչ էին անում Հայաստանի քաղաքացիներին` դուրս գալ փողոցներ եւ տապալել Հայաստանի ընտրուած, լեգիտիմ (օրինական) կառավարութիւնը: Ռուսական հեռուստաալիքները վեց տարի շարունակ համակարգուած, հետեւողական եւ նպատակամղուած հակաքարոզչութիւն են անում Հայաստանի ընտրուած իշխանութեան եւ անձամբ իմ դէմ: Էլ ուրիշ ի՞նչ հետեւութիւն անելու տեղ է մնում», ըսաւ Փաշինեան` միաժամանակ ընդգծելով, որ Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւնները «ինստիտուցիոնալ աւանդոյթների շրջանակում են»: