
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Միսաք Մեծարենց չեմ, որ ամէն գիշեր, երբ Բենկա գիւղիս կամուրջը փակէ իր փայտէ դուռը, ես՝ գետի ձախ ափին, աստղածորած երկինքին տակ նստած՝ ականջ տամ Եփրատին եւ ներշնչուիմ: Նիքոլ Գալանդարեան չեմ, որ դեռ տասնմէկ տարեկան պատանի՝ քալեմ Եփրատն ի վեր եւ անոր ձայնը պահեմ իմ մանուկ ականջիս մէջ, որպէսզի զանոնք ապագային մանկական քնքոյշ երգերու վերածեմ: Սիամանթօ չեմ, որ Ներսիսեան վարժարանիս պատուհանէն ունկնդրեմ որոտացող Եփրատը ու երազեմ, որ «Լուսաթռիչ երիվարս վրնջէ Եփրատին հետ սուրալէն»: Յարգելի ընթերցող, մի՛ ըսէք Եփրատ, հայուն սիրտը կ՛արիւնի: Այսօր, երբ խաժիտով կը «թունաւուրուի» ու կը ցամքի ահեղաձայն Եփրատը, կամ՝ «Գետն մեծ Եփրատ»ը, ինչպէս կ՛ըսէ Աստուածաշունչ մատեանը, փափաքեցայ լսել, թէ «Եդեմաբուխ» այս գետը ո՞ր հեղինակներուն միտքը ոռոգած է եւ իր ոլորապտոյտ ընթացքով գրական ի՞նչ ձայներ արտադրած է:
ԵՓՐԱՏԻ ԱԿՈՒՆՔՆԵՐԸ
Եփրատ գետը ունի երկու ակունք. արեւմտեանը, հայկական հնագոյն սրբատեղին, որ սկիզբ կ՛առնէ Ծաղկաւէտ լեռներու Ոսկեանց գագաթէն, իսկ արեւելեանը՝ Արածանին, հայ ժողովուրդի բնօրրանը, հայոց սրբազան պաշտամունքի գետը, Նաւասարդեան տօներու հանդիսավայրը, Տրդատ Գ. թագաւորի մկրտութեան աւազանը, որ սկիզբ կ՛առնէ Ծաղկանց լեռներու հիւսիսէն: Իսկ հայկական գրականութեան մէջ, Եփրատը սկիզբ առաւ Սուրբ Գիրքի էջերուն մէջ, ուր այդ հսկայ հոսանքը կոչուեցաւ «Գետն մեծ Եփրատ»: Ապա կարդացինք, թէ երբ Եփրատը ցամքի՝ աշխարհը պիտի կործանի, եւ թէ այդ մէկը տեղի պիտի ունենար չորս հրեշտակներու արձակումով. «Լոյծ զչորս հրեշտակսն զկապեալս ի վերայ գետոյն մեծի Եփրատայ»: Իսկ վեցերորդ հրեշտակ մը պիտի թափէ իր սկաւառակը ու պիտի ցամաքի գետը. «Վեցերորդ հրեշտակն եհե՛ղ ի սկաւառակէ՛ իւրմէ ի վերայ գետոյն մեծի Եփրատայ, եւ ցամաքեցան ջուրք նորա»:
ԵՐԷԿ ԱՆՑԱՅ ԵՓՐԱՏԸ
Հայկական միջնադարեան գրականութեան մէջ Եփրատի բառը հազուադէպ է: Թերեւս այն պատճառով, որ գետի արձագանգները դեռ կը մնան անտիպ, կամ անոնք կը մնան խուլ՝ գետի խորութիւններուն մէջ: Ուստի, յօդուածիս անհրաժեշտ գանձեր որոնելու համար, շունչս բռնեցի, մտայ գետի ջուրը եւ յաջողեցայ անոր յատակէն գրական երեք մարգարիտ դուրս բերել: Առաջինը քառեակ մըն էր՝ Եփրատի երկու ափի երկու գիւղի երկու սիրահարի զրոյց, սիրային խաղ մը, ուր աղջիկը կը զգայ, թէ տղան իրեն մոռցած է, եւ սուտ է անոր խօսքը, թէ անկարելի էր եղած Եփրատը անցնիլ, քանի որ աղջիկը դեռ օր մը առաջ անցած էր զայն: «ՏՂԱՆ. — Եփրատ գետն՝ ի մեր միջիս, / Ճար չունիմ՝ ի դէմ քեզ գալու: ԱՂՋԻԿԸ. — Գնա՛, սուտասաց ես դու, / Երբ այդ ինչ պատճառ դնելու, / Երէկ եմ անցեր զԵփրատ, / Խալ ի խօսու ի՞նչ գետ առնելու»: Երկրորդը գտայ Վիեննայի Մխիթարեան մատենադարանի հայերէն ձեռագիրներու ցուցակին մէջ: Ինչ մեղք, այդ գողտրիկ տաղը դեռ կը մնայ անտիպ. «Տաղ ի վերայ Եփրատ գետոյ. / Ո՜վ դու, Եփրատ, սիգախրոխտ գաս զառիվայր դարիւ-դարիւ»: Իսկ երրորդը 1483 թուականին գրի առնուած Աւետարանի մը յիշատակարանն է, ուր Մարգար գրիչը կը նկարագրէ Եփրատը՝ դրախտի չորրորդ գետը. «Նա եւ չորրորդ գետն է ահեղ, / Եփրատ անուն եւ բազմաբեղ, / Որ երեւի նորա այնտեղ, / Որ բղխեսցէ աղբեր համեղ. / Հնչեալ երթայ ձայնիւ ուժեղ / Ընդ խորաձորս դժուար ու նեղ»:

ԵՓՐԱՏԻ ՊԱՅՔԱՐԸ
Եփրատ գետը, որ քնարական ըլլալու համար էր իջած Ծաղկաւէտ եւ Ծաղկանց գագաթներէն, աւաղ, դար մը առաջ դարձաւ տարտամ: Վերջին երկու հարիւր տարիներուն, գետը հայկական գրականութեան մէջ յիշուեցաւ նախ մահուան, ապա՝ հայրենի կարօտի վիշտով: Մեր գրականութեան այդ վտակը, յարգելի ընթերցողներ, առատահոս եղաւ: Շատ են այն տարաբախտ գրիչները, որոնք թուղթի վրայ փոխանակ սէր թափելու՝ անէծք հոսեցուցին: Առաջինը Ատոմ Եարճանեանն էր, Եփրատի զաւակ, Ակն քաղաքի Ներսիսեան վարժարանի աշակերտ: Պատանին օր մը լսեց Ակնայ գոյժը եւ գրեց «Ափ Մը Մոխիր՝ Հայրենի Տուն» քերթուածը. «Աւա՜ղ, ապարանքի մը պէս մեծ էիր եւ շքեղ, / Ու ես երդիքներուդ սպիտակ կատարէն, / Աստղածորան գիշերներու յոյսին հետ, / Վարէն, ահեղավազ Եփրատին կ’ունկնդրէ»ջ: Ապա, տղան արտայայտեց հայոց դաշտերու պաղատանքը. «Արարատեան աշխարհներէն մինչ հովիտներն Եփրատեան / Մեր ընդերքներէն բարձրացող պաղատանքն ու պարսաւը ձե՛զ կ՛ուղղենք»: Իսկ օր մը բանաստեղծը երգեց ասպետին երգը. «ԱՍՊԵՏԻՆ ԵՐԳԸ: Ահաւասի՛կ Եփրատին ձայնը: Ի՜նչ կ՛որոտաս, ո՜վ Եփրատ… / Ես քեզի հետ կ՛ուզեմ սուրալ, ալիքնե՜րդ կոտորէ՛… / Բայց ի՛նչ կ՛ըսեմ… կանգ մի՛ առներ, լուսաթռիչ երիվա՛ր»: Սիամանթօն, հակառակ իր մահուան տեսիլքին, իր նժոյգին յորդորեց. «Բայց ի՜նչ փոյթ մեզ, դուն վրնջէ՛ Եփրատին հետ սուրալէն»: Յովհաննէս Թումանեանը նկարագրեց զարհուրելի տեսարան մը. Եփրատի ափին հայը կը մարտնչէր մոլեգնօրէն. «ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԸ: Եփրատի ափին դէմուդէմ եկած՝ / Զարկւում էին խիստ, զարկւում ու զարկում / Աննահանջ ու քաջ խմբերը հայի…, / Առ հրացանդ, դաշտն իջիր շուտով, / Իջի՛ր Սրբազան ափը Եփրատի…, / Իջի՛ր Սրբազան ափը Եփրատի,– / Մեծ տառապանքի վերջին օրն է սա…»: Այդ օրերուն Ռափայէլ Պատկանեան հարց տուաւ. «Մեր գլուխը լալու Եփրատ ուր պտռենք, / Հիմի է՞լ լռենք»: Ապա բազմաթիւ հայեր երգեցին «Աքսորի երգ» մը. «Կոյս աղջիկներ իրարու ձեռք բռնեցին, / Իրենք զիրենք Եփրատ գետը նետեցին»: Ռուբէն Սեւակի հայրենի մտապատկերին մէջ Եփրատին կ՛ուղեկցէր Արաքսն ու Վանը: Բժիշկը, 4 Մայիս 1909 թուականին, Լոզանի մէջ գրեց. «Ո՜վ իմ հայրենի՛քս…։ Ու դո՛ւք, հեռաւո՜ր, / Եփրատ ու Արաքս ու Վանայ ծովակ, / Ո՞ւր են կարապնե՜րը սիրախտաւոր / Որ իրենց երա՜զ թեւերով ճերմակ / Ճեղքէին կարմիր ձեր կո՜ւրծքն ախտաւոր»: Իսկ մերձաւոր պատմութեան մէջ Շաւարշ Միսաքեանն էր, որ գովեստներու շարան մը հիւսեց մեծ գետին. «Ո՛վ չէ տեսեր Եփրատին կատաղութիւնը, բա՛ն չէ տեսեր: / Ջուրդ ինձ օգնական, Եփրատ: / Հոգիս քեզ մատաղ, Եփրատ: / Եփրատ, գետ ամեհի եւ ապերասան / Եփրատ, հանգոյց տիեզերական / Եփրատ, գետ արգասաբեր Հայաստան աշխարհի, այլեւս ամայի / Եփրատ: Արքայազուն անժառանգ / Եփրատ, անգիր պատմութիւն»:
ՏՊԱԳԻՐ ՎՏԱԿՆԵՐ
Երբ հայ հեղինակին պէտք էր նոր գիրքի անուն՝ «Եփրատ» բառը դարձաւ մշտահոս աղբիւր: Բազմաթիւ բանաստեղծներու, պատմաբաններու, հայրենի յուշամատեան գրի առնողներու համար անիկա եղաւ խորագիրի արժանի բաղադրիչը: Ձեզի ներկայացնեմ եռեակ մը. «Եփրատին Զոհերը», Կ. Պոլիս, 1908, «Եփրատեան Հայաստան Կամ Քղի Եւ Շրջակայ Գաւառներ», Փարիզ, 1946, «Az Eufrոtesz hվdjոn: Եփրատի կամրջին», Պուտաբէշտ, 2011: Պոլսոյ մէջ «Եփրատ» գործակալութեան տպած հնգեակը՝ «Կիկօի Տարեցոյցը» 1912, «Պօղոս Փաշա Նուպար», 1913, «Նաւասարդ. Գրական Եւ Գեղարուեստական Տարեգիրք», 1914, «Թափառական Հայը. Ազգային Վէպ», 1914, «Գրպանի Նորագոյն Ատլաս. Գունաւոր 24 Քարտէս, 9 Վիճակագրական Եւ 3 Զանազան Դրօշակներու Պատկերներով», 1914: Իսկ եթէ դուք կը փափաքիք «Եփրատ» գործակալութեան հրատարակած բոլոր գիրքերուն ծանօթանալ, ձեզի կը յանձնարարեմ ձեռք բերել եւ թերթել հետեւեալը. «Գրացուցակ Եփրատ Գործակալութեան», 1912: Պոսթընի մէջ Եփրատ քոլեճի սանուց միութեան հրատարակածը՝ «Յիշատակարան Եփրատ Գօլէճի. 1878-1915»: Պոլսոյ մէջ Եփրատ հայրենակցական միութեան լոյս ընծայածը՝ «Ծրագիր-կանոնագիր Խարբերդ Նահանգի «Եփրատ» Հայրենակցական Միութեան»: Իսկ ամէնէն թանկագինը, եզակին, ընտիրը՝ Խարբերդի «Եփրատ» տպարանին մէջ գրաշարուած, տպուած եւ կազմուածը՝ «Յայտագիր Եփրատ քոլէճի Եւ Իւր Ճիւղերուն, 1913-1914»:
«ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ ԵՓՐԱՏ ՉԿԱՅ»
Իսկ օր մը, 2015 թուականն էր, երբ «Եփրատ» անունը դարձաւ շարժապատկեր՝ «Տղաս, Ո՞ւր Է Եփրատը», ուր ամերկահայ մեծ հայր մը Հայաստան կը ճամբորդէ եւ պտոյտներու ընթացքին ուղեցոյցին շարունակ կը հարցնէ. «Տղաս, սա՞ է Եփրատը»: Իսկ Ռուբէնը՝ ուղեցոյցը, ամէն անգամ համբերութեամբ կը յիշեցնէ. «Պապիկ, Հայաստանում Եփրատ չկայ»:
ԵՓՐԱՏԸ ՎՏԱՆԳԻ ՏԱԿ Է
Եփրատը, կը յիշէ՞ք, հոսանք առած էր սիրոյ կամուրջ ըլլալու, որպէսզի սիրողը սիրողին հասնէր, սակայն մամուլը մեզի կը հաղորդէ այլ լուրեր, դառն ճշմարտութիւններ, եւ մենք կը սկսինք մտածելու, թէ արդեօք ամէն ինչ երա՞զ էր, բարձրաձայն խաբկա՞նք մը: Ահա քանի մը ահազանգող խորագիրներ. «Եփրատի Աւազանը Վտանգի Տակ Է», «Մարգարէութիւնը Կատարւում Է – Եփրատ Գետը Ցամաքում Է», «Եփրատ Գետը Խաժիդով Թունաւորելու Գործով Հայցը Միջազգային Քրէական Դատարանն Է»:
ՀՐԱՇՔԻ ԵՓՐԱՏԸ
Յարգելի ընթերցող, թող Եփրատը միանայ Տիգրիսին, ապա հասնի ծով, մենք ալ աւարտենք անոր գրական ճանապարհորդութիւնը՝ յիշելով Վահագն Դաւթեանի «Դէպի Եփրատ» քերթուածը, ոարուն մէջ բանաստեղծը կը փափաքի միտքով երթալ Եփրատ ու վերապրիլ իր մանկութիւնը: Բանաստեղծին միակ ցանկութիւնը տուն մտնելն է: Իսկ գետի ափին, անկասկած, իրեն պիտի սպասէր ընկեր մը՝ «մանկութեան բարակ բարտին»*: Մինչեւ մեր յաջորդ հանդիպումը, սէրը առատահոս թող ըլլայ ձեր կեանքին մէջ.
«Թէ հրաշքով ճամբաս տանի
Դէպի Եփրատ ու մանկութիւն,
Հոտոտելով քեզ կը գտնեմ,
Հայրենական փոքրիկ իմ տուն:
Հազարի մէջ կը ճանաչեմ
Իմ մանկութեան բարակ բարդին»:
* Այդ բարտին «Եփրատի բարդի» կոչուող ծառն է, բուսաբանները լաւ կը ճանչնան զայն՝ իբրեւ Populus Euphratica, վտանգուելու սպառնալիքի տակ գտնուող գեղեցկութիւն է, որ կը շարունակէ աճիլ Արաքս գետի հունի երկարութեամբ: