ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հանրային հեռատեսիլի «Հայլուր» ծրագիրին տուած հարցազրոյցով, գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեան յայտնեց Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանի հետ վերջերս տեղի ունեցած իր հանդիպման որոշ մանրամասնութիւնները:
Այդ հանդիպման ժամանակ, խօսուած է քաղաքապետի որդիի՝ Սպարտակ Ղուկասեանի մասնակցութեամբ Մայիս 20ին Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած հրացանաձգութեան մասին:
«Ես յորդորել եմ նրան («Ա.».- Քաղաքապետին) անպայման միջոցներ ձեռնարկել, որպէսզի հետախուզման մէջ գտնուող անձինք ներկայանան եւ յանձնեն զէնքերը: Կարծում եմ, որ մօտ օրերս այդ անձինք կը կանգնեն դատարանի առաջ եւ կը ստանան արժանի պատիժը», յայտարարած է գլխաւոր դատախազը: