

«ԵՒՐՈՊԱՆ՝ ԵՌԱԲԼՈՒՐԻ՛ ՄԷՋ Է»․ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ
Եւրոպական Միութեան մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Վագիֆ Սատիքով ընկերային ցանցերու վրայ 26 Փետրուարին գրած էր, թէ «1992էն ի վեր Հայաստան կը ղեկավարուի արիւնարբու ֆաշականներու (ազգայնամոլներու) կողմէ. անոնք պիտի մնան ֆաշական՝ մինչեւ Եռաբլուր», այլ խօսքով՝ բոլորն ալ պիտի սպաննուին։
Այս ծանրակշիռ յայտարարութեան անդրադարձաւ ֆրանսացի Եւրոպայի երեսփոխան Ֆրանսուա-Էքզաւիէ Պելամի, 27 Փետրուարին, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ իր ունեցած ելոյթին ընթացքին։
Ան, յիշելէ ետք Սատիքովի նշեալ խօսքերը՝ ըսաւ. «Եռաբլուրը հայկական զինուորական այն գերեզմանատունն է, որուն Ատրպէյճան վերջին տարիներուն դատապարտեց հազարաւոր 20ամեայ հայ երիտասարդներ։ Անոնք այլ բան չէին ուզեր, քան խաղաղ ապրիլ իրենց ազգի հողին վրայ։ Լեռնային Ղարաբաղէն ետք,այսօր Ատրպէյճան կը սպառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին։ Եռաբլուրը կը վերաբերի նա՛եւ մեզի։ Ալիեւ կը կարծէ, որ իրեն արտօնուած է ամէն ինչ, բնակչութիւն մը շրջափակման դատապարտելէ ետք, զայն տեղահանելէ եւ ցեղային մաքրագործում կատարելէ ետք, յարձակումէ եւ արգիլեալ զէնքերու գործածելէ ետք, իսկ Եւրոպական յանձնաժողովը զայն որակեց «վստահելի գործընկեր» եւ անկէ գնեց ա՛լ աւելի մեծ ծաւալով կազ։ Այսպիսի պայմաններու մէջ, ինչո՞ւ ան պիտի չկարծէ, որ իրեն ամէն ինչ արտօնուած է։ Սիրելի՛ գործընկերներ, այլեւս պահը հասած է գործելու եւ հասկնալու, որ Եւրոպա այլեւս իրաւունք չունի լուռ մնալու եւ ժամանակն է ըսելու պարոն Սատիքովին, որ Եւրոպան Պաքուի կողքին չէ, այլ՝ կը զօրակցի ժողովրդավարութեան, ազատութեան եւ այն քաղաքակրթութեան, զոր մենք կը բաժնենք Հայաստանի հետ, հոն ուր ես այցելեցի եւ ուրկէ նոյնը չվերադարձայ. Եւրոպան Եռաբլուրի՛ մէջ է»։