Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Անթալիոյ մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիա յոյս ունի Հայաստանէն պատասխան ստանալ միատեղ համարկման կառոյցներուն մէջ իր պարտաւորութիւններու կատարման եւ մասնակցութեան վերաբերեալ:
«Թասս» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան ըսաւ հետեւեալը. «Մենք իսկապէս կը փափաքինք, որ մեր հայ գործընկերները իրենք որոշէին, թէ ինչպէ՛ս կ՛ուզեն շարունակել ապրիլ եւ գործադրել փոխադարձ հիմերով այն համաձայնագիրները, որոնք մեզ կը միաւորեն համարկման տարբեր կառոյցներու մէջ։ Հայաստանի մէջ, չես գիտեր ինչո՞ւ, կը կարծեն, թէ պէտք է կեանքը կառուցել ոչ թէ մերձաւոր դրացիներու եւ պատմականօրէն համերաշխ ժողովուրդներու հետ, այլ անոնց հետ, որոնք դէմ են իրենց բարեկամներուն»:
Ըստ անոր՝ Երեւան որոշած է գրաւ դնել արտաշրջանային երկիրներու վրայ, որոնք զինք կը սիրաշահին, որպէսզի Հայաստան Ռուսիոյ հետ կապերը խզէ: «Մենք կը ցաւինք, որ հայ ղեկավարութիւնը փաստօրէն գիտակցուած որոշում տուած է եւ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները հետեւողականօրէն վատթարացնելու ուղին ընտրած է` Ռուսիան մեղադրելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածով: Անշուշտ, այդ մէկը դաշնակցային չէ», յայտարարեց Լաւրով՝ յիշեցնելով, որ ինքնին Ռուսիա կանգնեցուցա Արցախի մէջ պատերազմը, որ կրնար աւելի կանուխ կանգ առնել:
Ան նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորում մասին՝ շեշտելով, որ անիկա կարելի է բացառապէս Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի եռակողմ յայտարարութիւններու հիման վրայ, եւ հաստատեց, որ կարգաւորման համար եռակողմ յայտարարութիւններուն այլընտրանք չկայ:
Լաւրովուշադրութիւն հրաւիրեց Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ կապերուն, որոնք, ըստ անոր, իբրեւ այլընտրանք կը կազմակերպուին «արեւմտեան տարբեր գործիչներու հովանիին տակ»։ Ան նաեւ յայտնեց, որ Պաքուի մէջ կը հաստատեն իրենց պատրաստակամութիւնը՝ բոլոր հարցերը լուծելու Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի եռակողմ շարք մը յայտարարութիւններու համապատասխան:
«Իմ կարծիքով, յառաջընթացը կախեալ պիտի ըլլայ անկէ, թէ որքանով ազնուօրէն կը կատարուին եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները», ընդգծեց ան՝ հաստատելով, որ Մոսկուա պատրաստ է շարունակելու աջակցութիւնը թէ՛ տարածաշրջանին մէջ բոլոր հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման եւ թէ սահմանազատման եւ, համապատասխանաբար, խաղաղութեան համաձայնագիրի մը նախապատրաստութեան հարցին մէջ:
Լաւրով յիշեցուց, որ Ռուսիա այդ հարցի լուծման նպաստելու համար նշանակած է յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան մը, որ արդէն այցելեց Պաքու եւ նախատեսուած է անոր Երեւան այցելութիւնը: «Երեւանի մեր գործընկերները անոր այցելութիւնը չհաստատեցին», նշեց ան:
Լաւրով ընդգծեց նաեւ, որ Ռուսիա կը հետեւի Հայաստանի ղեկավարութեան յայտարարութիւններուն եւ, զանոնք նկատի ունենալով, պիտի ծրագրէ իր սեփական գործնական քայլերը:
«Թասս»ը նաեւ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ներկայ դրութեամբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ բարձր մակարդակով հաղորդակցութիւններ չեն նախատեսուած։ Ըստ անոր՝ անհրաժեշտութեան պարագային, հաղորդակցութիւնները կրնան գործնականօրէն կազմակերպուիլ եւ հեռաձայնային զրոյցներ բաւական արագօրէն կրնան կազմակերպուիլ։