Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ քննարկեց Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթը: Այս մասին, ըստ թրքական լրատուամիջոցներու, Անթալիոյ մէջ դիւանագիտական հաւաքէն ետք լրագրողներուն ըսաւ Ֆիտան:
Ան նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին «կարելիութիւն ստեղծուած է քննարկելու շրջանային կացութիւնը, ինչպէս նաեւ երկկողմ յարաբերութիւնները»:
«Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Կովկասի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթը, Սեւ ծովու եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները», ըսաւ Ֆիտան:
Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան՝ նախարարները քննարկեցին Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Սեւ ծովու շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը: