Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիւ Միլըր ատրպէյճանական «Թուրան» գործակալութեան հարցումին իբրեւ պատասխան՝ ըսաւ, որ Հայաստանի եւ Մոլտովայի հասցէին Մոսկուայի հռետորաբանութիւնը կ՛ապակայունացնէ տարածաշրջանը:
«Ճիշդ այդ պատճառով է, որ Ռուսիոյ դրացիները անհանգստացած են Ռուսիոյ կառավարութեան սպառնալից հռետորաբանութենէն եւ սպառնալից գործողութիւններերէն», նշեց Միլլըր։
Նշենք, որ նախորդ շաբաթ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած էր, որ Երեւանի յայտարարութիւնները կը ստիպեն Մոսկուան հետեւութիւններ ընելու իր քայլերը ծրագրաւորելու ընթացքին, իսկ Մոլտովայի վերաբերեալ ան պնդեց` Արեւմուտքը «կը ձգտի վերահսկողութեան տակ առնել Մոլտովայի ղեկավարութիւնը՝ Ուքրանիոյ օրինակով»: