«Եէլ» համալսարանին հրաւէրով` «Մաքմիլըն» կեդրոնի՝ Ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու ծրագիրի (Yale Genocide Studies Program) շրջածիրին մէջ, Մարդկային իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան ներկայացուց Արցախահայութեան արժանապատիւ, անվտանգ եւ ապահով վերադարձի հիմնական նշանակութիւնը, հայութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի վարած մարդատեաց եւ հայկական ինքնութեան ոչնչացման պետական քաղաքականութիւնը:
Սիւնիքի Կապան համայնքի Ներքին Հանդ գիւղի օրինակով, Թաթոյեան անդրադարձաւ Ատրպէյճանի յանցագործութիւններուն պատճառով հայ բնակչութեան կրած տառապանքներուն՝ ներկայացնելով 13 Փետրուարին, չորս հայ զինուորներու ատրպէյճանցիներու կրակոցներուն զոհ երթալու փաստը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.