
ՓՐՈՖ. ԴՈԿՏ. ԱՆՏՐԷԱՍ ՄԻՒԼԼԵՐ*
Գերմանիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան զանգուածային ճնշումին պատճառով եւ փողոցային բողոքներ մեկնարկելու յայտարարութենէն եւ արտօնութիւն ստանալէ ետք, 6 Մարտ 2024ին նախատեսուած «Արցախի Մշակութային Ժառանգութիւնը» գիրքին շնորհահանդէսը, որ տեղի պիտի ունենար Պերլինի Արտաքին յարաբերութիւններու գերմանական խորհուրդի վայրին մէջ, չեղարկուեցաւ։
Այս առթիւ անհրաժեշտ կը դառնայ շնորհահանդէսին առցանց մասնակցութեան իրականացումը։ Անտանելի է տեսնել, որ բռնատիրական վարչակարգ մը քիչ թէ շատ կը յաջողի Գերմանիոյ մէջ արգիլել հանրութեան կողմէ ազատ կարծիք դրսեւորելու եւ գիտական քննարկում ունենալու հնարաւորութիւնը:
*Փրոֆ. դոկտ. Անտրէաս Միւլլեր՝ Ա. հազարամեակի եկեղեցւոյ եւ կրօնքի պատմութեան փրոֆեսէօր Ալպրեխթ քրիստոնէական համալսարան, Քիլ