ԵՆՈՎՔ ՊԱԼԻՔԵԱՆ

«Հայկական ընդհանրութիւնը իբրեւ համազգային բարեգործական ընկերութիւն, փոքրիկ հանրապետութիւն մըն է», ըսած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հիմնադիր նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշա։
Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Ա. Յովսէփեանց իր կարգին ըսած է, թէ «բարեգործական հաստատութիւնը Աստուծոյ օրհնութիւն է մեր ազգին համար»։
Այսօր, 2024ին, այդ փոքրիկ հանրապետութիւնը՝ ՀԲԸ Միութիւնը, աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն վրայ, ուր որ հայու սիրտ կը բաբախէ, իր բոյնը հաստատած է 88 քաղաքներու մէջ. անոր մասնաճիւղերուն անդամները անսակարկ նուիրումով կը պայքարին հայապահպանման սրբազան առաքելութեան համար։
ՀԲԸ Միութիւնը տարեկան 55 միլիոն ամերիկեան տոլարի պիւտճէով, հաւատարիմ իր առաքելութեան եւ աւանդութեան՝ յատկացում կը կատարէ Սփիւռքի հայութեան ֆիզիքական եւ տնտեսական բարելաւումին համար, նաեւ՝ կենսունակ պահելու կրթական, մշակութային, եկեղեցական եւ երիտասարդական գործունէութիւնները, ինչպէս նաեւ մեր նորանկախ հայրենիքի յաւերժութեան նպաստող բոլոր ծրագիրներուն եւ հայրենի ժողովուրդի կենցաղի յառաջընթացին համար։ Առաւել՝ հայ հաւատքի ամրոց Ս. Էջմիածինի՝ Լուսաւորչին կանթեղը անմար պահելու համար։
Դուք, Սէմ Սիմոնեան, ՀԲԸ Միութեան հիմնադիր նախագահ Պօղոս Նուպարէն ետք, առաջին երկրաչափ, ձեռներէց գիտնական նախագահն էք, որ ստանձնեցիք Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր «հանրապետութեան» բարձրագոյն պաշտօնը։
Այսօր, համայն աշխարհը ատելութեամբ լեցուած՝ կռիւներու մէջ է։ Հայրենիքը ենթակայ է սպառնալիքներու։ Սփիւռքի հայութիւնը բազմաթիւ աղէտներու ենթարկուեցաւ եւ տակաւին չէ գտած իր հանդարտութիւնը։ Դուք՝ իբրեւ նաւապետը մեր մեծ հանրապետութեան, «բարեգործութեան» նաւը այս փոթորկալից ովկիանոսէն ՀԲԸ Միութեան Կեդրոնական վարչութեան խաղաղ նաւահանգիստը պիտի առաջնորդէք, որպէսզի կարենաք մեր ժողովուրդի ծով ցաւերուն սփոփանք եւ յոյս ներշնչել, ամոքել զանոնք։ Իբրեւ հայկական բարեգործական մեծագոյն կազմակերպութիւն՝ այս անբաղձալի, դժուար կացութեան համար լուծումներ պիտի գտնէք։ Վստահ ենք, որ ձեր իմաստուն, հեռատես, հանդարտ եւ հեզահամբոյր նկարագիրով պիտի առաջնորդէք նաեւ ձեր գործընկերները այս կարեւոր ծրագիրին համար։
Անկասկած, ՀԲԸ Միութեան անդամները խորունկ գոհունակութեամբ եւ արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունեն եւ կը շնորհաւորեն ձեզ՝ մաղթելով յաջողութիւն այս դժուար, սակայն ազգօգուտ գործին համար։
Մենք նաեւ կը շնորհաւորենք ՀԲԸ Միութեան համաշխարհային Կեդրոնական վարչութեան անդամները, որոնք ընտրեցին ձեզ՝ իբրեւ նախագահ այս 118 տարեկան, բայց միշտ երիտասարդ միութեան։
Մեծարգոյ ընտրեալ նախագահ Սէմ Սիմոնեան՝ իբրեւ համեստ ընտանիքի մը զաւակը, հայկական թաղամասերու մէջ մեծցած, ՀԲԸՄի ոգիով սնած, լաւագոյնս կը հասկնաք մեր ժողովուրդին անհրաժեշտ կարիքները, բաղձանքները, ՀԲԸ Միութեան առաքելութիւնը եւ նպատակը։ Նաեւ կը յիշէք միութեան քայլերգի հետեւեալ տողերը.
«Հայեր, միանանք մէկ սիրտ, մէկ հոգի
Ազգաշինութեան վսեմ գործին շուրջ»։
Վսեմաշուք նախագահ, դուք ձեր անձնական գործերը կրցաք հասցնել նախանձելի բարձրութեան, մասնաւորաբար «ԹՈՒՄՕ» (Center for Creative Technology) հիմնարկին միջոցաւ. բազմաթիւ յառաջադէմ երկիրներ որդեգրեցին համաշխարհային ճանաչում ստացած «ԹՈՒՄՕ»ի ձեր գործելակերպը։
Վերոյիշեալ տուեալները վստահելի ապացոյցներ են, որ ձեր առաջնորդութեամբ ՀԲԸ Միութեան առաքելութեան եւ նպատակի գործադրութիւնները աւելի արդիւնաւէտ կ՛ըլլան։
Կ՛ըսուի, որ ամէն յաջողած մարդու ետին կին մը կայ։ Այս պարագային ալ, վստահ ենք եւ ապացոյցներ ունինք, որ ՀԲԸ Միութեան առաջին տիկին (First Lady), ազնուաբարոյ տիկին Սիլվա Սիմոնեանը իր բարեսիրտ, հոգածու եւ հեզահամբոյր նկարագիրով պիտի շարունակէ թիկունք կանգնիլ ձեզի՝ ՀԲԸ Միութեան ազգանուէր եւ հայրենիքի յաւերժութեան նպաստող բոլոր ծրագիրներու իրականացման ճամբուն վրայ։