Ատրպէյճան կը մերժէ ընդունիլ, որ բռնագրաւուած կը պահէ Հայաստանի 31 ոչ-միջերկիրներ հանդիսացող բնակավայրերու տարածքները։ Այս մասին յայտնեցին Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման յանձնաժողովը գլխաւորող փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն, ըստ էութեան հաստատելով, որ Պաքու կը պահանջէ 4 գիւղեր՝ առանց զօրքերը հայկական տարածքներէն ետ քաշելու մտադրութեան:
Ներքին Հանդի արիւնալի դէպքերէն ետք, այս նիւթը բարձրացուցած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան չէր յստակացուցած, որ արդեօք 4 գիւղերու վերադարձ պահանջող Ատրպէյճան կը մերժէ՞ ետ քաշուիլ 31 հայկական տարածքներէն: «Ազատութիւն»ը հարցումը ուղղեց փոխվարչապետի գրասենեակին, նաեւ փորձեց ճշդել, թէ որո՛նք են այդ 4 գիւղերը:
«Ադրբեջանը բարձրաձայնում է հետեւեալ տեղանունները` Բաղանիս Այրում, Աղաշը (ներքին) Ոսկեպար, Խէյրիմլի, Կըզըլ Հաջիլի, միաժամանակ հրաժարուելով ընդունել, որ ադրբեջանական օկուպացիայի (գրաւման) տակ են գտնւում Հայաստանի 31 ոչ անկլաւային (ոչ-միջերկիր հանդիսացող) բնակավայրերի կենսական նշանակութեան տարածքներ», պատասխանեցին փոխվարչապետի գրասենեակէն:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ Ատրպէյճանի պահանջած այս տարածքները Տաւուշի մարզին մէջ են` հիմնականօրէն անբնակ: Անոնց մօտէն կ՛անցնին դէպի Վրաստան միջպետական ճամբան եւ Հայաստան մտնող կազատարը։
31 եւ 4 գիւղերուն անդրադառնալու ընթացքին, Փաշինեան անուններ չէր տուած:
Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն փաստօրէն առաջին անգամ ըլլալով հրապարակեցին Հայաստանի պահանջած 31 ոչ-միջերկրային տարածքներու մանրամասն ցանկը:
Անոնց մէկ մասը Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ անցած է 90ականներուն՝ Արցախի առաջին պատերազմին, միւսը` 2021-2022ի Ատրպէյճանի ներխուժումներուն:
Ոչ-միջերկիր հանդիսաղող այդ տարածքները, զորս Երեւան կենսական նշանակութիւն ունեղող կը նկատէ, հինգ մարզերու մէջ են` Տաւուշի մէջ` Բերքաբեր, Սարիգիւղ, Սեւքար, Վազաշէն, Պառաւաքար, Մովսէս, Արծուաբերդ, Չինարի, Այգեձոր, Սիւնիքի մէջ` Քաջարանց, Սալվարդ, Գորհայք, Սառնակունք, Անգեղակոթ, Աղիտու, Նորաւան, Վաղատին, Վերիշէն, Խոզնավար, Տեղ, Ներքին Հանդ, Արարատի մարզին մէջ` Պարոյր Սեւակ, Գեղարքունիքի մէջ` Սոտք, Կութ, Նորաբակ, Ներքին Շորժա, Վերին Շորժա, Ակունք, Կախակն, Կուտական, Վայոց Ձորի մէջ` Ջերմուկ:
Հայաստանի պտօնատարները կը խօսին Ատրպէյճանի բռնագրաւման տակ գտնուող 200 քիլոմեթր հայկական տարածքին մասին:
«Մենք մէկ քայլ անգամ ետ չենք երթար թէ՛ Մայիս 2021ի, թէ՛ Սեպտեմբեր 2022ի մեր դիրքերէն, որովհետեւ պէտք է այդ սահմանը հաստատուի», յայտարարեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
Մինչ Ալիեւ ուղղակի կ՛ըսէ, որ ետ պիտի չերթայ, Երեւանէն կը յայտարարեն՝ ամէն ինչ պէտք է փոխադարձ ըլլայ:
«Ուղղակի օդում հնչեցնել պահանջներ որոշ գիւղերի կամ որոշ տարածքների վերաբերեալ` անընդունելի է: Շատ կարեւոր է, որպէսզի սահմանազատման յանձնաժողովների նիստերի ընթացքում վերահաստատուի, որ սահմանազատման գործընթացթում որպէս քաղաքական հիմք պէտք է ընդունուի Ալմա Աթայի հռչակագիրը, եւ որպէս տեխնիկական (գիտարուեստական) հիմք` վերջին շրջանի խորհրդային քարտէզները: Արդէն շատ հեշտ կը լինի նաեւ էդ 4, 31 կամ այլ տարածքների եւ գիւղերի հարցերը քննարկել», յայտարարեց Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանդանեան:
Սահմանազատման յանձնաժողովի վերջին` Յունուարի հանդիպումէն կողմերը ոչ մէկ մանրամասնութիւն յայտնեցին, իսկ ներկայիս անոնք կը մերժեն պատասխանել այն հարցումին, որ արդեօք սահմանազատման յանձնաժողովներու վերջին նիստին քննարկուա՞ծ է 4 եւ 31 գիւղերու հարցը: