
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՄԱՄ ՋԱՆ, ՔԵԶ ԳՐԿԵԼՈՒ ԵՄ

Ստուգեցի, թէ վտանգի ժամանակ ի՛նչ բառ պէտք է մարդուն, այն բառը, որ ապահովութիւն կրնայ տալ այն մանկան, որ մայրազուրկ է, պանդուխտին, որ հայրենազուրկ է, տեղահանուածին, որ տնազուրկ է (անշուշտ, պիտի յիշեմ նաեւ աշուղ մը, որ սիրազուրկ էր)։
Գիւտ մը չէր կատարածս. պարզապէս գրկեցի քանի մը գիրք, մտամփոփուեցայ գրասեղանիս վրայ ու լուռ վերադարձայ մեր գրականութեան գիրկը: Կարդացի քանի մը տաղ, քանի մը երկ: Ապա ընթերցեցի թերթեր, որպէսզի կասկածի նշոյլ իսկ չունենամ: Կրկին համոզուեցայ. «գիրկ» բառն էր անիկա, երբ լսեցի տեղահանուածի մը խօսքը. «Դուրս գալուց առաջ գրկեցի մեր տունը: Հօրս շիրմաքարը գրկեց»ջ, ապա զինուորի մը խօսքը տեսայ՝ մի գուցէ վերջինը. «Մամ ջան չմտածես, անպայման քեզ գրկելու եմ»: Ջերմ էր այդ բառը, մայրակա՛ն: Ուստի, այսօր, յարգելի ընթերցող, կը փափաքիմ խօսիլ «գիրք» բառի մասին, որպէսզի բոլորս անոր թեւերուն մէջ սէր եւ սփոփանք գտնենք:
ԲԱՑ ԹԵՒԵՐԴ
Հայոց գրաւոր լեզուին մէջ «գիրկ» բառը իր թեւերը առաջին անգամ բացաւ 5րդ դարուն: Թէեւ գիտենք, որ նախապէս Արտաշէս թագաւորը իր գիրկը բացած էր Սաթենիկին, իսկ Աստղիկն ալ՝ Վահագնին, սակայն իրենց տենդոտ գիրկընդխառնումին մէջ անոնք ժամանակ չէին ունեցած «գիրկ» բառը գործածելու, մինչդեռ 405ին, Աստուածաշունչի թարգմանիչները, համբերութեամբ, հանդարտութեամբ, լիագիրկ տողեր գրի առին. «Փարիր ի գիրկս», «Ունիցիս ի գիրկս մանուկ», «Գիրկս արկ եւ համբուրեաց»: Աւելին, Ոսկեդարու մատենագիրները չորս թեւով փարեցան անոր: Ապա, «գիրկ» բառը պարուրուեցաւ գրաբարին, եւ այդ միավանկէն ծնունդ առին բազմաթիւ նոր բառեր, ինչպէս՝ գրկապինդ, գրկատարած, գրկակից եւ գրկակցութիւն, 6րդ դարուն՝ «գրկապատ», 10րդ դարուն՝ «գրկանք» գոյականը եւ «լիագիրկ» ածականը, այսինքն՝ գիրկը լեցնելու չափ շատ, լեցուն գիրկով: Գրկաչա՞փը… Անիկա բաց թեւերու երկայնութիւնն է, մօտաւորապէս 162 սանթիմ: Իսկ ո՞վ պիտի կարծէր, թէ օր մը «գիրկ» բառը ռազմական նշանակութիւն պիտի ունենար: Իրօք, դասական շրջանին ունեցանք «գրկալիր» կամ ««լիագիրկ» բառերը, որոնք կը նշանակեն՝ գիրկը լայն բացած՝ աղեղէն նետը արձակելու ժամանակը, ինչպէս գրեց Արիստակէս Լաստիվերցին՝ «Լիագիրկք աղեղամբք ձգէր նետս»: Միջնադարու հայ ասպետներու խօսքն էր «Ընդ գիրկս մտանել», այսինքն՝ աղեղը լարել: Իսկ հիմա մենք աղեղի լարերէն պիտի ոստնենք սիրոյ լարերուն:
ՍԻՐՈՅ ԳԻՐԿԸ
Դուք կ՛ուզէ՞ք լսել «գիրկ» բառով կազմուած բառերու ամէնէն սիրելին, ամէնէն հիւրասէրը. «Սիրագիրկ» բառն է անիկա, ընտիր ածական, զոր երբեմն կը յիշեն հայ քնարերգակները: Այսօր, շնորհակալ ենք հայրենի այն երկու բանաստեղծներուն, որոնք այդ բառին առջեւ լայն բացին իրենց թեւերը ու զայն ընդունեցին իրենց քերթուածներուն մէջ: Առաջինը Լիլիա Մանիշեանն է, որ գրեց «Վայրի Ծաղիկ» բանաստեղծութիւնը եւ ըսաւ. «Վարսերս մի կողմի հիւսած / Մի տեսակ շորով ու բոպիկ / Սիրագիրկ կու գայի մօտդ / Իմ հեռաւոր ու իմ մօտիկ»: Ապա, Մարօ Երկնափէշեանն էր, որ գրեց սիրերգ մը. «Տես, նորից քեզանով եմ փթթած, / Մի չքնաղ առաւօտ՝ սիրագիրկ»:



ՏԻՐԱՄՕՐ ԳԻՐԿԸ
«Գիրկ» բառը յարմար եկաւ հայկական աղօթքներուն եւ հոգեւոր տաղերուն, չէ՞ որ կը հաւատանք, թէ անդորրութիւնը Աստուծոյ գիրկին մէջ է, աւելի փափուկը եւ մայրականը՝ Տիրամօր թեւերուն մէջ: Յարութեան տաղին մէջ, Գրիգոր Նարեկացին բացատրեց, թէ Քրիստոսի սայլին վրայ էին «մանկունք գեղեցիկք», իսկ սաղմոսարան եւ քնար կար «ի գիրկս նոցա»: Ծննդեան տաղին մէջ, Ներսէս Շնորհալին կարծես թէ միտք կու տար Վարդգէս Սուրէնեանցին, որ ինչպէս պէտք է նկարել Յիսուս Մանուկի եւ Տիրամօր նկարը. «Ի գիրկս Կուսին տղայապէս բառնի մանուկ»: Այդ պատկերացումն է, որ հայոց եկեղեցիներու բազմաթիւ խորանները կը զարդարէ այսօր: Իսկ 7րդ դարուն, Գառնիի ձորի քարայրի մը մէջ ճգնած, իր աշակերտներուն վարագոյրի մը ետեւէն ուսուցանած երաժշտուհի Սահակադուխտը, Մարիամ Աստուածածնին ձօնած երգին մէջ բացատրեց, թէ օրհնեալ էր կոյսը, քանզի ինքն է որ գիրկ եղաւ Տիրոջ. «Զտէրն / Ի գիրկս քո բարձեալ կրեցեր»:
ՊԱՐԶԷ ԳԻՐԿԴ
Զգայուն եւ արտայայտիչ է «գիրկ» բառը: Կարօտակէզ նշանածը կամ մայրը «գիրկը կը նետու»ջ տուն վերադարձած զինուորին, մեծ հայրը եւ մեծ մայրը թոռնիկ մը «գիրկը առնելու» ակնկալութեամբ կ՛ապրին, հիւրասէր ընտանիքը «գիրկը կը բանայ» կամ «գիրկը բաց կ՛ընդունի» օտարը, թշուառը եւ ճամբորդը, իսկ պանդուխտ հայը կ՛երազէ օր մը հայրենիքի «գիրկը վերադառնալ»: Իսկ, յարգելի ընթերցող, եթէ մէկը կը վայելէ ձեր բարիքները, բայց գաղտնօրէն կը դաւէ՝ գործածեցէք հետեւեալ դարձուածքը. «Գիրկս նստեր է, մորուքս կը փետտէ»: Անշուշտ գրկելը միայն թեւերով չէ որ կ՛ըլլայ: Մուրացանը գիտէր այդ մէկը. «Մանյակը… գրկում էր նրա պարանոցը»: Միրաքեանը բնապատկեր մը նուիրեց մեզի. «Ամպի փէշերը փռուելով սարից, ձորերն են գրկում»: Սիամանթօն անոր տուաւ կլանելու իմաստը. «Ծովն իր աւարը գրկեց»: Չարենցի համար «տիրել, իշխել» էր ան. «Գրկեց ինձ թախիծն հնամեայ», իսկ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի համար՝ «ճաշակել, անձնատուր ըլլալ». «Այսօր թող խնդանք եւ վայելք գրկենք»:
«ԳԻՅԳ» ՄԸ ՏՈՒՐ ԻՆԾԻ
Հայրենի գիրկը ամէն գիւղ, ամէն ձոր պէս-պէս բացուեցաւ, մէկը ամուր, մէկը երկար: Հաճընի մէջ հայը ըսաւ «գիյգ», վանեցին՝ «կյիրկ», իսկ արցախցին՝ «գիւրքյ»: Արցախէն հազիւ գրկաչափ մը հեռու Գորիսի մէջ, 1930ներուն Ակսել Բակունց գրեց «Միրհաւ» պատմուածքը, եւ մենք տեսանք, որ Դիլանը եւ Սոնան, սիրահար զոյգը, միասին ձի նստած են. «Առջեւը Սոնան էր նստել, հետեւում՝ ինքը: Մի ձեռով սանձն էր պահում, միւսով գրկել էր նրա բարակ մարմինը: Աղջկայ ծամերը քսւում էին նրա երեսին»: Երբ Հայաստան ճամբորդէք, յարգելի ընթերցող, կը յանձնարարեմ անպայման այցելել Գորիս քաղաքը եւ Ակսել Բակունցի տուն-թանգարանը, քանզի քաղաքի պանդոկներէն մէկը հիւրեր գրաւելու համար յայտարարած է. «Աշխարհի ո՛ր կէտից էլ գաս, իմացի՛ր՝ Գորիսը քեզ գրկաբաց կ՛ընդունի»:
Քանի որ գտանք սէրը Գորիսի մէջ, կամ այլուր, ապա սեղմ գրկենք զայն, քիչ մը աւելի կրքոտ, աւելի երկար: Յարգելի ընթերցող, այս շաբաթ կ՛առաջարկեմ սիրալիր երկու խօսքով հրաժեշտ տալ «գիրկ» բառին, իսկ յաջորդ յօդուածիս մէջ օրօրուիլ Քուչակի, Կոմիտասի, Տէրեանի եւ քանի մը այլ բանաստեղծներու տողերուն մէջ:
ԳՐԿԵՑԻ ԵՐԵՒԱՆԸ
Նախ մէջբերեմ գարնան առաջին նշոյլները աւետող լուր մը, որ շաբաթ մը առաջ պայծառացուց հայրենի մամուլը. «Յորդառատ անձրեւից յետոյ երկնքում յայտնուած գեղեցիկ ծիածանը գրկել էր Երեւանի բարձրահարկ շէնքերը»: Իսկ իբրեւ հրաժեշտի խօսք, ականջ տանք Մարկ Արենին եւ հասկնանք, թէ ի՛նչ է երջանկութեան բանաձեւը. «Երջանկութիւնն այն է, երբ ունես մէկին, ում կարող ես գրկել»: Մինչեւ յաջորդ յօդուածս՝ մնացէք սիրագիրկ եւ գրկեցէք ձեր բոլոր սիրելիները: