Իրան տուած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան հանդիպում ունեցաւ Իրանի նախագահ Էպրահիմ Ռայիսիի հետ:
Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան՝ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ համագործակցութեան, որոնց կարգին՝ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Կողմերը իրարու ներկայացուցին տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցերու գծով իրենց մօտեցումները:
Թեհրանի մէջ, Պապիկեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Իրանի պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու աջակցութեան նախարար Մոհամմետ Ռեզա Ղարայի Աշթիանիի հետ, որ շեշտեց, թէ տարածաշրջանէն դուրս ապահովութեան փնտռտուքը տարածաշրջանը պիտի վերածէ ուժերու բախման կէտի եւ աւելի շատ մարտահրաւէրներ պիտի ստեղծէ՝ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար:
Մոհամմետ Ռեզա Ղարայի Աշթիանի վերահաստատեց Թեհրանի դիրքորոշումը, որ տարածաշրջանային ապահովութիւնը պէտք է պահպանեն տարածաշրջանի երկիրները. այլ մօտեցում Թեհրանի համար ընդունելի չէ: