
Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը կը յայտարարէ, թէ իր այս տարուան տարեկան Կալա ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորները պիտի ըլլան տէր եւ տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեանները եւ ընտանիքը որոնք 50,000 տոլարով կը հովանաւորեն ձեռնարկը։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 10 Մարտին, Միշըլ Հիլզի «Լենտմարք» սրահին մէջ։
Կալայի յանձնախումբը նաեւ կը հաղորդէ, թէ նոյնպէս Անուշ Շամլեան եւ ընտանիքը 40,000 տոլարով ու տէր եւ տիկին Ճէք եւ Զարիկ Եուրէճեան ամոլը 25,000 տոլարով կը հովանաւորեն ձեռնարկը, ՀՕՄի մասնաճիւղերուն, անդամներուն եւ համակիրներուն կողքին։
Այս տարուան ձեռնարկին հասոյթը դարձեալ պիտի յատկացուի ՀՕՄի կողմէ հովանաւորուող բոլոր մարդասիրական ծրագիրներուն, յատկապէս օգնութիւն ցուցաբերելով կարիքաւոր անհատներու եւ ընտանիքներու թէ՛ տեղական եւ թէ միջազգային մակարդակներու վրայ:
Տեղեր ապահովելու համար դիմել (818) 500-1343 թիւին կամ office@arswestusa.org հասցէին, իսկ ՀՕՄի նախաձեռնութիւններուն նեցուկ կանգնելու նուիրատուութիւն կատարելու համար այցելել կայքէջը։