
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին ծիրին մէջ, թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ծիրին մէջ կան շարունակական յարաբերութիւններ, որոնք դրական թափը կը պահեն: Միրզոյեան ըսաւ, թէ մասնաւորաբար պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ ցամաքային սահմանը բանալու երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական անձնագիր ունեցողներուն համար: Ան յայտնեց նաեւ, որ կը քննարկուի նաեւ պատմական Անիի կամուրջի վերականգնումը՝ յիշեցնելով, որ որոշ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ենթակառուցուածքներու եւ ճամբաներու կառուցման վերաբերեալ:
«Հայաստանն անկեղծօրէն ցանկանում է, որ պետական սահմանները հնարաւորինս շուտ բացուեն, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուեն եւ ընդլայնուեն երկու ժողովուրդների ու մշակոյթների միջեւ կապերը», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Սահմանների բացման առաւելութիւնները ակնյայտ են: Առաջին հերթին սա շատ կարեւոր է մարդկանց համար: Յարաբերութիւնների զարգացումը, տնտեսական յարաբերութիւնների աճն առաջին հերթին օգուտ կը բերեն մարդկանց, ինչը Հայաստանի քաղաքացիների մեծ մասը գիտակցում է», ըսաւ Միրզոյեան։
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցային գործընթացին՝ Միրզոյեան յայտարարեց հետեւեալը. «Ցանկանում եմ օգտագործել այս հնարաւորութիւնը՝ վերահաստատելու մեր յանձնառութիւնը խաղաղութեան օրակարգին: Մենք շարունակում ենք բանակցութիւններն Ադրբեջանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման ուղղութեամբ եւ շարունակում ենք այս գործընթացն ընդհանուր առմամբ Հարաւային Կովկասում կայունութիւնն ու խաղաղութիւնն ամրապնդելու համար»:
Նշելով, որ կողմերուն միջեւ հարցերէն քանի մը հատին շուրջ կարելի է պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերել՝ Միրզոյեան շեշտեց, որ երկու կարեւոր հարցերու շուրջ կողմերը տարբեր մօտեցումներ ունին։ «Այս խնդիրներից առաջինը վերաբերում է երկու երկրների սահմանազատման սկզբունքներին, իսկ միւսը՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններին ու փոխկապակցուածութեանը», ըսաւ Միրզոյեան:
Ան նշեց, որ կողմերը առաջին հերթին պէտք է վերահաստատեն տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումը՝ աւելցնելով, թէ Հայաստան կը պնդէ, որ սահմանազատման գործընթացը պէտք է տեղի ունենայ ըստ 1991ին ստորագրուած Ալմա Աթայի հռչակագիրին: Նշելով, որ ոչ ոք նոր սահմաններ գծելու իրաւասութիւն ունի՝ ան յայտնեց, որ Երեւան կը փափաքի, որ այս հռչակագիրը ներառուի խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծին մէջ: Միրզոյեան աւելցուց, որ այս հարցին գծով Հայաստան չի կրնար դրական արձագանգ ստանալ Ատրպէյճանէն:
«Մենք հետաքրքրուած ենք տրանսպորտային (փոխադռութեան) կապուղիների բացմամբ: Առաջին հերթին, տարածաշրջանային տրանսպորտային կապուղիների բացումը մեզ համար նոյնպէս շատ կարեւոր է, մեզ համար եւս տնտեսական մեծ օգուտներ է ապահովելու: Հայաստանի կողմից օրակարգ բերուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը կարեւոր է տնտեսական առումով, ինչպէս նաեւ որպէս տարածաշրջանում կայուն խաղաղութեան երաշխիք», ըսաւ Միրզոյեան՝ աւելցնելով. «Մենք դէմ ենք, որ Հայաստանի տարածքով անցնող հաղորդակցային ուղիներով ապրանքների եւ մարդկանց անվտանգութիւնն ապահովուի երրորդ երկրների կողմից. տարածաշրջանում տրանսպորտային ուղիները պէտք է լինեն այն երկրի ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքոյ, որտեղ դրանք գտնւում են: Կարեւոր են նաեւ հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքները: Գործընթացը պէտք է կառուցուի այդ սկզբունքների հիման վրայ»։
Միրզոյեան ընդգծեց, որ նոյն հաւասարութեան սկզբունքը պիտի տարածուի Ատրպէյճանով անցնող երթեւեկային ուղիներուն վրայ, եւ որ հոնկէ անցնող ճամբաներուն վերաբերեալ նոյն իրաւազօրութիւնը պէտք է պատկանին Պաքուին: Ան աւելցուց, որ թեմային վերաբերեալ ատրպէյճանական կողմը համարժէք արձագանգ չէ տուած:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ արդեօք Պերլինի մէջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպման ընթացքին որոշուա՞ծ է նախարարներու յառաջիկայ հանդիպման ժամկէտը՝ Միրզոյեանը ըսաւ, որ ժամկէտը տակաւին յստակ չէ, բայց իրենք մնայուն կերպով կապի մէջ են՝ աւելցնելով, թէ յոյս ունին շուտով յստակացնել նոր հանդիպման ժամկէտները:
«Կարծում եմ, որ մեր ժողովուրդները խաղաղութեան կարիք ունեն: Ինչպէս աշխարհի միւս ժողովուրդները, մեր ժողովուրդները եւս արժանի են խաղաղութեան, եւ մեզանից ոչ ոք դատապարտուած չէ մշտական թշնամանքի: Այժմ մենք իսկապէս խաղաղութեան հնարաւորութիւն ունենք», ըսաւ Միրզոյեան:
Ան նաեւ յստակացուց, որ ռուս սահմանապահներէն կը հրաժարին միայն «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ, Հայաստանի միւս հատուածներուն մէջ, որոնց կարգին՝ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին վրայ, անոնք պիտի շարունակեն ծառայութիւնը։ «Հայկական կողմը ծանուցել է ռուսական կողմին, որ «Զուարթնոց» օդանաւակայանում իրականացուող սահմանապահ ծառայութեան մէջ, ըստ էութեան, այլեւս ռուսական կողմի աջակցութեան, մասնակցութեան կարիքը չենք զգում՝ ի հարկէ, շնորհակալութիւն յայտնելով: Յայտարարութիւնը եղել է միայն «Զուարթնոց»ի մասին, հետեւաբար խօսում ենք «Զուարթնոց»ի մասին», յայտնեց Միրզոյեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ այս մասին Ռուսիա տեղեակ պահուա՞ծ է՝ Միրզոյեան ըսաւ. «Ծանուցումն արուել է համապատասխան ծառայութիւնների միջոցով, ինքս գուցէ հիմա ճիշդ չներկայացնեմ տեխնիկական (արհեստագիտական) մանրամասները, բայց կարծում եմ, որ մեծ ժամկէտների մասին չի խօսքը»: