Վերջերս մեծ ուրախութեամբ ստացայ Սարգիս Կիրակոսեանի բանաստեղծութիւններու երկրորդ գիրքը, «Այս է մարմին իմ» խորագրով: Այս մէկը կը թուի շարունակութիւնը ըլլալ իր «Այս է արիւն իմ» առաջին հատորին, որ լոյս տեսած էր 1973ին:
Գործը հատորի փոխարէն գիրք կը կոչեմ, որովհետեւ հատորը ընդհանրապէս աւելի կարճ ժամանակի մէջ իրագործուած աշխատանք է: Մինչ, այս երկրորդ գրքին մէջ հաւաքուած են 1973էն մինչեւ 2003 երկարող ժամանակաշրջանին ստեղծուած քերթուածները: Արեւմտահայերէնով կարելի է զայն կոչել հաւաքածոյ, իսկ արեւելահայերէնով՝ ժողովածու:
Դժբախտաբար, սփիւռքահայ բանաստեղծին գործերը անմիջապէս չեն հրատարակուիր, կամքէ անկախ եւ այլազան պատճառներով, որոնց գլխաւորը, անկասկած, նիւթական միջոցներու սղութիւնն է եւ, կ՚ենթադրեմ, Լիբանանի քաղաքական վատթար կացութիւնը:
Այսօր, երեսուն տարիներու բացակայութենէ մը ետք, Կիրակոսեան բանաստեղծը դարձեալ կ՚այցելէ մեզի, իր նախաբանին մէջ խոստովանելով, որ այդ բացակայութիւնը «կամքէ անկախ պատճառներով» էր: Եւ եթէ չըլլար քուէյթահայ գրասէրներու մեկենասութիւնը, հրատարակութիւնը աւելի պիտի ուշանար եւ ի վերջոյ այդ գեղեցիկ բանաստեղծութիւնները մեզի օր մը պիտի հասնէին՝ օթեկ:
Բանաստեղծը այս հարցերուն ցաւով կ’անդրադառնայ այս երկրորդ գրքի իր նախաբանին մէջ. «Բանաստեղծութիւններ յաջորդեցին իրարու, սակայն մնացին աստ ու անդ ցրուած՝ սարալանջին տարտղնուած անառակ ոչխարներու պէս եւ հատորի մը էջերուն ամփոփուած հօտի կերպարանք չստացան երբեք: Դժբախտաբար: Եւ շատ յաճախ հեղինակին կամքէն անկախ պատճառներով»:
Նոյն հեղինակին նախորդ հատորի փորձառութեանս հիման վրայ, քիչ մը կը վախնայի առաջին էջը բանալու, որովհետեւ գիտէի, թէ դիւրին չէր «Կիրակոսեան կարդալ», բայց նաեւ կը սիրէի մարտահրաւէրը դժուար մատչելի գեղեցկութիւններ ըմբոշխնելու: Այդ քերթուածները իսկական եւ իմաստալից բանաստեղծութիւններ էին, որոնք, ըստ հեղինակի նախաբանի խօսքերուն, «տակաւին կը շփոթուի(ն) բեմերէն արտասանուող տաղաչափեալ հռետորութեան կամ լացակումած յանգաշինութեան հետ»:
Պէտք չէ մոռնալ, որ Սարգիս Կիրակոսեան միայն բանաստեղծ չէ: Անոր գրական ասպարէզը նաեւ կ’ընդգրկէ գրախօսական եւ քննադատական յօդուածներ եւ արաբ ժամանակակից բանաստեղծներու ներկայացումը: Եւ այս բոլորը՝ «Բագին»ի էջերէն:
Ըստ բանաստեղծի սովորութեան, գրքի բովանդակութիւնը բաժնուած է մասերու, որոնք թիւով հինգ են, չհաշուած նախաբանը, որ ունի թելադրիչ խորագիր մը. «Որպէսզի բանաստեղծութիւնը միշտ մնայ սկիզբը ճշմարտութեան»: Կիրակոսեան, սկիզբէն մինչեւ վերջ, հաւատարիմ կը մնայ այդ սկզբունքին: Եւ, ինչպէս յայտնի է, դժուար է հասնիլ ճշմարտութեան, բառացի թէ՝ գրաւոր:
Հինգ մասերու վերնագիրներն են. «Քաղցր թախիծ», «Ձայնաւոր ստուերներ», «Սպիտակ պատարագ», «Ահեղ լռութիւն» եւ «Նշխարներ՝ Շուշանին շարակնոցէն»: Կ’ըսուի, թէ վերնագիրը գրութեան մը կէսն է, այս պարագային վերնագիրները չեն օգներ ինծի, տրուած ըլլալով, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը գրուած է տարբեր թուականի մը, երբեմն տարիներով իրարմէ հեռու, մեղանչելով «ժամանակի միութեան» դէմ:
Ստորեւ փոքր նախաճաշակ մը Արուեստ քերթութեան մուտքի կտորէն, որուն շնորհիւ բանաստեղծը երկխօսութիւն մը կը սկսի ընթերցողին հետ.
Ի՞նչ ըսիք,
բանաստեղծութի՞ւն կ’ուզէք,
բայց խնդրե՞մ, ըսէք, երբուընէ ի վեր
տեսանողներն ալ ծածկագիրներ կը մրոտեն
եւ կը պայթեցնեն ակերն անծանօթ՝ լռութեան լեզուին:
Նախ մէյ մը չըսէ՞ք, թէ ճիշդ ի՞նչ կ’ուզէք, մահե՞րգ թէ ցնծերգ,
ո՞ր չափի վրայ եւ ըստ օրինաց ո՞ր գիրքին արդեօք,
հլու-հնազանդ եւ ձեզի ծանօթ երգե՞րն ամչկոտ,
թանգարան հոտող բրածոյ խօսքե՞րը,
ընդդիմադիր այբուբե՞նը նոր լեզուին,
խորհրդաւոր ակնթա՞րթը քերթողին,
սովորակա՞ն կացութեան մէջ,
թէ շատ ծանօթ վիճակներուն
նոպաները անսովոր…
Այս դիւրին հասկնալի խօսքերը ընթերցողը կը պատրաստէ շուտով գալիք դժուար հասկնալի քերթուածներուն: Կ’ըսէ նաեւ, թէ ի՞նչ բանի պէտք չէ սպասէ ան:
Քաղցր թախիծ գլուխին առաջին բանաստեղծութիւնը խորագրուած «Անհեթեթի քարտուղարը» կը յայտնէ «մոխրագոյն օրերու» բանաստեղծին տրամադրութիւնը:
Քերթուածն այդ բիրտ
գուցէ դառնայ յուշակոթողն այս օրերուն մոխրագոյն
որոնց անկապ եւ խունացած թուղթերուն
քարտուղարն եմ անվճար եւ երջանիկ:
Հիմա ինծի յստակ կ’ըլլայ, որ իւրաքանչիւր գլուխ կը բովանդակէ նոյնանման թեմայի նիւթեր: Շատ հաւանաբար, բանաստեղծը երեսուն տարիներու արգասիքը բաժնած է հինգ մասերու, անոնցմէ իւրաքանչիւրին տալով նշանակալից եւ յուշող վերնագիր մը, մեզի հրամցուած՝ մեր վայելքին համար: Հիմա կ’անդրադառնամ, թէ Կիրակոսեան որքան տառապած է երեսուն տարի շարունակ՝ ի տես իրարու վրայ դիզուող գրութիւններուն: Իբր մխիթարանք, այժմ այդ տառապանքէն մեզի ալ բաժին կը հանէ, երբ կը տեսնէ, թէ քիչ մը կը չարչարուինք թեմաներուն անուններ տալու համար: Այսուհանդերձ՝ փորձենք:
Առաջին մասին, որուն «Քաղցր թախիծ» անունն է տուած ինք, նուիրուած է կնոջ սիրոյն եւ գեղեցկութեան փառաբանանքին: Բովանդակութիւնը՝ 11 քերթուած, 14 տարուան ընթացքին: 1983էն 1997: Ստորեւ փոքր նմոյշ մը «Կար ու չկար» քերթուածէն.
Կար ու չկար
խանութ մը կար
խանութը կար՝ տէրը չկար
բայց շուկային մէջ անուանի խանութ մը կար
որ կը յորդէր Արեւելքի հազար-հազար ծաղիկներով
համեմներով հեշտագրգիռ եւ բոյսերով հրաշագործ
. . . . . . . . . .
Կար ու չկար
խանութ մը կար
խանութը կար՝ տէրը չկար
Կար ու չկար
ալ ոչինչ կար
Երկրորդ մասը՝ «Ձայնաւոր ստուերներ», 1997-2003, կը պարփակէ 22 քերթուած: «Էափոխում» քերթուածը կը բանայ այս մասը: Պատանին կեանքին կ’արթննայ եւ կը գտնէ ԿԻՆԸ, զոր կ’որակէ «խնձորը կեանքի՝ թոյնը յաւերժի»: Վայելենք «Խնձոր» քերթուածէն մաս մը.
Գինիդ արդէն
բաժակին մէջ է լեցուած
եւ կը սպասէ
Ես քեզի համար
շրթունքներն իմ սիրով ծախեցի
որ գնեմ հաստատ
խնձորը կեանքի՝
թոյնը յաւերժի:
«Սպիտակ Պատարագ»ը խորագիրն է գրքի երրորդ մասին, որուն առաջին քերթուածին առաջին տողը կը սկսի այսպէս. «Ի սկզբանէ էր բանն…»: Քերթուածը պատուած է ամբողջութեամբ կրօնական եւ հոգեւոր շունչով եւ շղարշով: Կը պարփակէ 18 քերթուած, 1979-2003:
Քերթող
որ կը ցանես անդաստաններ
արշալոյսի դարպասներու սեմին
հոս է զգեստդ ծիրանափայլ
շրթներուս վրայ
սպիտակ յիշողութեամբ
յիշողութեամ տեսիլներուն սպիտակ
եւ շողերը գալիքի թող արարեն
հորիզոնները խօսքին
Երկիրը լեզուդ է առաջին:
Չորրորդ մասը՝ «Ահեղ լռութիւն»ը, կը խօսի Աստուծոյ, մահուան, պատգամներու եւ գաղտնիքներու մասին: Ինը քերթուածները թուական չունին, բացի վերջին կտորէն, որու թուականն է 1997: Ահաւասիկ քանի մը տող «Մահախօս լռութիւն»էն.
Լռութիւնը
չունի իմաստ
ոչ ալ արժէք կամ սահման՝
մեծ աղէտը ահազանգող աքաղաղին
ինչպէս կանչը անժաման
Միջոցն ամէն կը սգայ
նախորոշուած լռութիւնը մահախօս
եւ այլայլած
ես կը գգուեմ
կակուղ մահիճը հողին
եւ կը մտնեմ
եւ կը մտնեմ
երկինքէն ներս յուսախաբութեան
սեւ գերեզմանին:
Յաջորդը, «Նշխարներ՝ Շուշանին շարակնոցէն», քսան քերթուածներու խումբ մըն է, որուն խօսքերը դիւրին հասկնալի չեն, բայց մթնոլորտ կը ստեղծեն: Քերթուածները գրուած են 1990ի Սեպտեմբեր եւ Հոկտեմբեր ամիսներուն: Փոքր նմոյշ մը «Շուշան» խորագրուած քերթուածէն.
Շուշան մը
ակօսներու գիրքէն դուրս
թաղման աղօթքն է ծիլերուն
որ կ’ոռոգէ
ածուները մեռեալներու բառարանին:
Ընդհանրապէս, ամբողջ գիրքը զարմանալի մթնոլորտ մը կը ստեղծէ, առաւօտեան մշուշի մթնոլորտ մը՝ ամպամած երկինքով: Կարելի է ըսել թէ ընթերցողը, նաեւ անշուշտ գրողը, բնազանցական մթնոլորտի մը մէջ կը տուայտին: Ընթերցողը հաւատացեալն է, որ կարծէք եկեղեցի կը յաճախէ առանց պատարագին բառերը հասկնալու, բայց կը մնայ խունկի եւ աղօթքի միջավայրին եւ զգայնութիւններու երազային աշխարհին մէջ:
Հիմա ինծի յստակ կ’ըլլայ, որ իւրաքանչիւր գլուխ կը բովանդակէ նոյն թեմայի նիւթեր: Այս մէկը տրամաբանական է: Որովհետեւ պէտք է նկատի առնել, որ գիրքը կը պարունակէ երեսուն տարուան Կիրակոսեանի ստեղծագործութիւնները: Եւ կարելի չէ ըսել, որ բանաստեղծը տասը տարի գրած է մէկ թեմայով, տասը տարի ուրիշ թեմայով, եօթը տարի մէկ այլ թեմայով, եւայլն: Կ’երեւակայեմ, թէ որքան դժուար եղած է զանոնք խումբ-խումբ մէկ հասարակ յայտարարի բերել, կամ մէկ թեմայի տակ հաւաքել:
Կիրակոսեանի ոճին բնորոշ է հակասական բառերու եւ խօսքերու զուգորդութիւնը, որ սքանչելի պատկերներ կը գծէ եւ մնայուն տպաւորութիւն կը գործէ ընթերցողին վրայ: Տակաւին, շեշտուած կերպով գոյութիւն ունին նմանաձայնութիւն (alliteration) եւ ոճի միասնութիւն որովհետեւ, հակառակ թուականներու մեծ տարբերութեան, գրքին բովանդակութիւնը տակաւին միասնական է, որովհետեւ Կիրակոսեան բանաստեղծը հաւատարիմ կը մնայ իր սկզբունքին եւ գրական գաղափարախօսութեան: Հետեւաբար, խախտում չկայ տարիներու թաւալումին պատճառաւ: Հետեւեալը «տարօրինակ» օրինակ մըն է, առնուած էջ 26ի «Չկար ու կար» քերթուածէն.
Չկար ու կար
գիշեր-ցերեկ յամեցող
հեքիաթ մը կար լուսաշող
որուն աւարտն սկսաւ
իր սկիզբէն շատ առաջ
Եւ սկիզբն ալ վերջ գտաւ
իր աւարտէն ետք միայն:
Քիչ մը անդին՝ նոյն քերթուածին մէջ.
Հերոսները անուղղայ հեքիաթներու հեքիաթին
Օդի-լոյսի իրենց կեանքը լիաբերան ապրեցան
Մինչեւ օրն այն երբոր յանկարծ իրենց կարգին իմացան
որ բացարձակ ժամանակին կշռոյթով ու շարժերով
դարեր-դարեր անհունօրէն անհունացող
հեքիաթին մէջ կեանք կոչուող
որուն աւարտը մեռաւ
իր սկիզբէն շատ առաջ
իսկ սկիզբն ալ սկսաւ
իր աւարտէն ետք միայն:
Կիրակոսեանինը պատկերաւոր ոճ մըն է, բայց միայն պատկեր չէ, որովհետեւ միտքը անդադար կը միջամտէ: Երբեմն ընթերցողը այն տպաւորութիւնը կ’ունենայ, որ բանաստեղծին միտքը կամ նախադասութիւնը կիսատ կը մնայ: Սակայն վարժ ընթերցողը զանոնք կ’ամբողջացնէ ի խնդիր իր վայելքին:
Կէտադրութիւնը բոլորովին կը բացակայի գիրքէն, ինչ որ անոր արդիականութեան տեսք մը կուտայ: Թէ մեկնաբանութիւնը, թէ կէտադրութիւնը կը մնան ընթերցողին: Անշուշտ, սոյն պարտականութիւններէն առաջինը միշտ ալ կը մնայ ընթերցողի ուսերուն: Կարելի է ըսել, թէ ամէն գիրք երկրորդ հեղինակ մը կը գտնէ ընթերցողին մէջ, որովհետեւ այս վերջինը անպայման տարբեր կը հասկնայ իր ընթերցումի նիւթը, շնորհիւ իր ենթակայական մօտեցումին եւ, ուրեմն, տարբեր գիրք մը կը գրէ:
Գրքին արտաքին տեսքը եւս գեղեցիկ է, որ առանց ճիգի կը մերուի բովանդակութեան հետ: Խորհրդանկարները գործն են արուեստագէտ Ռոպերթ Էլիբէկեանի, իսկ գեղարուեստական ձեւաւորումը՝ Զարեհ Չէօրէքճեանի: Գիրքը կը բաղկանայ 159 էջերէ, թղթակազմ է եւ հրատարակութիւնը՝ «Համազգային»ի «Վահէ Սէթեան» տպարանին, Պէյրութ:
«Բագին» գրական ամսագրի 1973ի յուլիս ամսուան թիւով հայրենի գրականագէտ Լեւոն Մկրտչեան անդրադարձած է Սարգիս Կիրակոսեանի բանաստեղծութիւններու առաջին գրքին՝ «Այս է արիւն իմ»: Այդ գրութեան մէջ Մկրտչեան ի միջի այլոց կ’ըսէ հետեւեալը. «Պէտք է նշել, թէ Կիրակոսեանի բանաստեղծութիւնները դիւրընթեռնելի տեսակէն չեն»: Մասամբ, եւ մանաւանդ առաջին ակնարկով՝ ճիշդ է հաստատումը: Ատոր համար կ’ըսէի, որ վախով բացի գրքին առաջին էջը: Ճիշդ է, որ քերթուածներէն իւրաքանչիւրը մէկէ աւելի անգամներ կարդացի: Բայց անգամ մը, որ կրցայ հեղինակին մտերմութեան մէջ մտնել, մեծապէս ըմբոշխնեցի զանոնք: Մկրտչեան նաեւ խանդավառ գնահատանքով կը խօսի Կիրակոսեանի բանաստեղծութեան եւ անոր դրական յատկանիշներուն մասին:
Եզրակացնելու համար ըսենք, թէ Կիրակոսեանի քերթուածները պէտք չէ հարեւանցի կերպով կարդալ: Այդ պարագային լաւագոյն է բնաւ չկարդալ: Ի զուր է: Եւ, մանաւանդ, նոյն ատեն չկարդալ մէկէ աւելի գրութիւն: Մէկ ընթերցումով կարելի չէ մարսել բոլորը: Եթէ արագ կարդալ փորձէք, պիտի տեսնէք միայն գեղեցիկ եւ դժուար բառերու կոյտ մը: Ուրեմն, թելադրութիւնս պիտի ըլլայ առաւելագոյնը կարդալ օրական մէկ քերթուած. կարդալէ ետք մտածել անոր մասին եւ փորձել թափանցել անոր իմաստին:
Անկասկած, մեծ համբերութիւն անհրաժեշտ է Սարգիս Կիրակոսեան կարդալու եւ հասկնալու համար: Բայց, վերջին հաշուով, պիտի տեսնէք, որ կ’արժէ այդ զոհողութիւնը: