Լոս Անճելըս։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մեծագոյն քաղաքներէն մին։ Անոր հմայքին վրայ կու գայ աւելնալու հայկական իրականութիւնը եւ գրաւչութիւնը։ Լոս Անճելըսի հայկական իրավիճակը բազմաթիւ այլ գաղութներու եւ սովորութիւններու մէկտեղումն է, որ այսօր կը ներկայացնէ մէկ մեծ իրականութիւն։ Իւրաքանչիւր այցելութեան այդ «իրականութեան» հետ դէմ յանդիման գտնուելու ուրախութեան կ՚ընկերակցի նաեւ… տխրութիւնը։
Ուրախութիւնը՝ տեսնելու ընտանեկան պարագաներ եւ մեծ թիւով դասընկերներ ու բարեկամներ։ Բայց նաեւ տխրութիւնը՝ իրականութեան հետ ժամադրութիւնը, կ՚անդրադառնաս, թէ որքա՜ն «պարպուած» են միջին արեւելեան գաղութները, եւ մեր պարագային՝ լիբանանեանը…
Եւ ուրախութեան ու տխրութեան միաձուլումը կեանքի իրական պատկերն է: Նոյն իրականութեան երկու երեսները, որոնք կ՚ամբողջացնեն զիրար՝ շինելու եւ կերտելու կեանքը իր ամբողջութեան մէջ: Եւ Յուլիս 2007ի այցելութիւնը այդ կեանքի «ամբողջութիւնը» տեսնելու նոր առիթ մը դարձաւ ինծի…:
Բայց կայ իմ իրականութիւնս: Եւ իմ իրականութիւնս փորձառութիւնն է նաեւ մեծ թիւով լիբանանահայերու: Ընտանեկան բոլոր պարագաներս՝ անմիջական եւ հեռակայ, արդէն ձգած են Միջին Արեւելքը եւ Լիբանանը:
Իսկ դպրոցական մեր դասարանի բոլոր տղաքը արդէն երեսուն տարիէ կամ աւելի հաստատուած են Լոս Անճելըս եւ այլ շրջաններ: Երեսուն տարին սկիզբն է լիբանանեան պատերազմին ու այդ պատերազմին ստեղծած անորոշութեան… եւ նոյնինքն այդ անորոշութիւնն է, որ կ՚երկարի մինչեւ… այսօր:
Բայց այդ ե՞րբ էր, որ «բոլոր»ը գացին՝ եւ ես ու իմ նմաններս մնացինք հոս…: Տակաւին «երէկ» էր, որ բոլորս միասին էինք…: Բայց արդեօ՞ք «վերջին մոհիկաններն» ենք մեր այստեղի իրականութեան…:
Կիրակի, 15 Յուլիս 2007ին հաւաքուեցանք Լոս Անճելըսի «Վենթուրա» գեղեցիկ պողոտայի մէկ ճաշարանին մէջ: Հայ Աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի մեր դասարանի տղաքը…: Զրուցեցինք երկար…: Հին օրերէն՝ մինչեւ նոր իրականութիւնները: Դասապահերը, ուսուցիչները, պասքէթպոլի մրցումները եւ տակաւին մնացեալ դասընկեր-դասընկերուհիները, որոնք հոս-հոն ցրուած են: Ով որ լուր մը կամ «խապրիկ» մը ունէր դպրոցական տարիներէն ու այդ տարիները լեցուցած անձերէն դրաւ սեղանին վրայ՝ իբրեւ անուշ եւ քաղցր յիշատակի «օրակարգ»:
Եւ եկան նոր օրերու հրամայականները: Նորը, որ կը կազմէ այսօրուան կեանքերը: Ու խօսեցանք…: Տուն, ընտանիք, գործ եւ… զաւակ: Մեր զաւակները՝ չորրորդ սերունդի հայերը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր գտնուած վայրին մէջ նոր իրականութիւնններու մէջ կը մեծնայ: Ու մեծնալու այդ փորձառութիւնը ունի իր հրամայականը: «Հին ժառանգը» կարելի պիտի ըլլա՞յ փոխանցել նորին…:
Եւ զրոյցներու շարունակականութեան հետ, կը դիտեմ իւրաքանչիւրը…: Յիշողութեան ալիքները գացին դէպի անցեալ: Բայց երէկ չէր, որ դպրոցական գրասեղաններու ետեւ կը սորվէինք ու կը պատրաստուէինք կեանքի…: Կը յիշեմ մեր բոլոր ուսուցիչները, որոնք մէկ-մէկ մեզ դրին ապագայի սեմին…, եւ մեր դասարանը, որ դպրոցի պասքէթպոլի խումբին կարեւոր մասն էր…: Բայց ե՞րբ էր, որ Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի շապիկը կը հագնէինք՝ մասնակցելով միջ-վարժարանային ու ԼԵՎԱՄի մրցաշարքներուն…: Ու կային տակաւին չարութիւնները, անհանդարտութիւնները եւ բոլոր խանդավառութիւնները…: Եւ մեր օրերու նորաձեւութիւնը՝ տղոց երկար մազերը… Երկուշաբթի առաւօտ մը, տնօրէն պրն. Յովհաննէս Հաւունճեան, մեզ բոլորս դպրոցէն արձակեց եւ ղրկեց տուն, որպէսզի մազերուն «բարւոք» ձեւ մը տաք…: Այդ մազ կտրելու «պատիժը» երկարեցաւ ամբողջ օր մը՝ Պէյրութի փողոցներու մէջ «արտադասարանային» գործունէութիւններով:
Բայց այդ յիշողութեան ալիքներուն մէջ կար դաստիարակութիւնը: Մեր հայերէնի ու հայոց պատմութեան աւագ ուսուցիչ եւ մանկավարժ պրն. Յակոբ Թութիկեանը «հին» ուսուցիչն էր, որ «նոր սերունդի մօտ արժէքներ կը ցանէր: Հայերէնի ու հայոց պատմութեան դասաւանդութիւնը միայն դասապահի համար չէր, ազգային ժառանգի ու կրթութեան ժամ էր նաեւ: Եւ պրն. Յակոբ Թութիկեան միշտ կը կրկնէր. «Տղա՛ք, մասնագիտական դաստիարակութենէ առաջ, պէտք է հետամուտ ըլլաք նախ Մարդ ըլլալու»:
Եւ «Մարդ»ը իր արժէքներուն մէջ էր: Համամարդկային՝ ազգային ու քրիստոնէական սկզբունքներու եւ համոզմունքներու ամուր կառչած: Պրն. Յակոբ Թութիկեան այդ արժէքները կը փորձէր ցանել մեր մէջ…: Տարիներ պէտք էր անցնէին, որպէսզի տեսնէինք այդ բոլորը…:
Այդ արժէքն էր, որ 15 Յուլիս 2007ին, վերապրեցանք Լոս Անճելըսի մէջ՝ երեսուն եւ աւելի տարիներ ետք…:
Եւ ուզեցի հարցնել բարեկամներուս. «Ինչպէ՞ս կը զգաք հիմա, որ ձգեցիք Պէյրութը եւ եկաք հոս…»:
Եւ պատասխանը ընդհանրապէս նոյնն էր: «Ուրիշ ընտրանք չունէինք՝ Լիբանանի անորոշութիւններու եւ անապահովութիւններու մէջ»:
Ես պահ մը առանձնացայ խումբէն, իմ մտածումներովս դարձեալ ամփոփուեցայ մեր ներկայ լիբանանեան օրերու կացութեան մէջ: «Ուրիշ ընտրանք» չունենալու իրավիճակը այսօր դարձեալ ինքզինք կը կրկնէ…:
Ու դիտելով զիրար, շարունակեցինք մեր զրոյցը: Պէտքը չկար հայելիի, որ տեսնէինք մեր անձերը եւ տարիներու ընթացքին եղած բոլոր փոփոխութիւնները…:
Մազերը անպայմանօրէն ճերմկած, նաեւ՝ նուազած ու թեթեւցած էին: Պասքէթպոլի ֆիզիքական ճկնութիւնը արդէն չէ մնացած, ու դէմքերու վրայ անպայմանօրէն գծուած է երեսուն եւ երկար տարիներու կեանքի ճանապարհը…: Բաւական բան փոխուած է, բայց այսքա՞ն շուտ եւ արագ…:
Մեր խօսակցութիւններուն տուինք երկար շունչ..: Այսքան «շուտ եւ արագ» փոփոխութիւններուն մէջ կար նաեւ անփոփոխը…: Այն, որ երկար տարիներուն վրայ տոկացած էր ու հասած մինչեւ մեր օրերը…: Եւ Յուլիս 15ի խօսակցութեան ջերմութիւնը ցոյց կու տար, թէ տակաւին պիտի շարունակէր տոկալ բաւական երկար…:
Եւ տարիներու վրայ տոկացողը բարեկամութիւնն էր…: Բարեկամութիւնը, որ կերտած էր բարեկամները: Բարեկամները, որոնք Յուլիս 15ին նստած՝ կը զրուցէին…: 1975էն ետք, բարեկամները հրաժեշտ առնելով՝ իւրաքանչիւրը ինք իր ճամբով շարունակած էր երթը:
Իւրաքանչիւրին համար «ինք իր ճամբան» լեցուած էր իր իւրայատկութիւններով, եւ Յուլիս 15ին, իւրաքանչիւրը բացաւ զայն…: Հաշուեյարդար չէր, ո՛չ ալ «սխալ»ի ու «ճիշդ»ի վերլուծում, այլ պարզապէս փորձառութիւններու բաժնեկցութիւն՝ ուրախ եւ տխուր օրերու ընդմէջէն: Շատ բան կար հոն՝ յաջող, նաեւ ձախող…: Եւ այս բոլորը կազմած էր ու տակաւին՝ կեանքը, իր ամբողջութեան մէջ:
Եւ իւրաքանչիւրին համար «ինք իր ճամբան» պիտի շարունակուի…:
Բայց այսօր կը վերադառնամ ճամբուն սկիզբը: Հոն, ուր բարեկամները տարիներով միասին քալեցին, բայց նաեւ՝ սորվեցան: Ապրեցան կեանքը ու իւրացուցին արժէքները, առանց անդրադառնալու այդ օրերուն, թէ ինչե՜ր կը լեցնէին իրենց պարունակին մէջ…: Այդ օրերուն, այդ ճամբուն վրայ, անոնք եղան բարեկամներ…:
15 Յուլիս, 2007ին Լոս Անճելըս նստած, դարձայ ետեւ՝ նայելու այդ «ճամբուն»…: Եւ հոն՝ այդ «ճամբուն» մէջ տեսայ հայ դպրոցը իր արժէքներով, նաեւ Պէյրութը… իր ուժականութեամբ:
Հայ դպրոցի դաստիարակութիւնն ու Պէյրութի ջերմութիւնը կերտած ու պահած էին բարեկամները՝ աշխարհով մէկ…:
Եւ դարձեալ կը վերադառնամ նոյն այդ ճամբուն…:
Եւ հոն կը յիշեմ բանաստեղծին հարցումը, զոր սորված էի պատանեկութեան օրերուն:
«Կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց…»:
Բայց այսօր ես ալ միւսներուն նման կը շարունակեմ իմ ճամբաս…:
Եւ բանաստեղծին «հին» պատասխանը այսօր «նոր» գրաւական է մեր անհատական ու հաւաքական կեանքերուն շարունակականութեանը:
«Այն, որ տուի ուրիշին…»:
Եւ ուրիշին տալը ունի մէկ մեծ հրամայական՝
Կերտել բարեկամութիւնը եւ պահել բարեկամները: