Իրանի պաշտպանութեան նախարար Մուհամետ Ռեզա Աշթիանի Իրանի կառավարութեան 13 Մարտի նիստին յայտարարեց, որ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը զարգացնելու նպատակով, հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր երկիրներու հետ, որոնց կարգին յիշատակեց Հայաստանի անունը:
Աշթիանի դիտել տուաւ, որ Թեհրան անօդաչու թռչող սարքերու շարժիչներու արտադրութեան ոլորտի մէջ դարձած է ինքնաբաւ՝ ընդգծելով, որ պաշտպանական արտադրութեան արտածման ծաւալները վերջին երկու տարուան համեմատ աճած է 4-5 անգամ:
«Նկատի ունենալով շրջանային պայմանները եւ ներկայ կացութիւնը՝ յառաջիկայ տարիներուն այդ ծաւալները պիտի աւելնան՝ ըստ արտադրուող զէնքերու եւ ներկայացուող նորամուծութիւններուն», յայտարարեց Աշթիանի:
Ան նշեց, որ Թեհրան այժմ կ՛աշխատի ծանր շարժիչներու արտադրութեան վրայ: