
8 Մարտին, «Ասպարէզ»ի երկար տարիներու խմբագրական կազմի անդամ Նանէ Աւագեան Կանանց միջազգային օրուան առիթով կազմակերպուած ձեռնարկի մը ընթացքին, Մեծարուեցաւ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Հիլտա Սոլիսի կողմէ, որ նոյն օրը 10 այլ կիներ եւս մեծարեց։
Սոլիս դրուատեց տեսլական ունեցող բոլոր կիները, որոնք իրենց յաջողութիւններուն յատկանշական բարեփոխումներ կրցած են իրականացնել գաւառին առաջին ընտրատարածքին մէջ, որուն սահմաններուն մէջ կ՛իյնայ «Ասպարէզ»ը։
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր՝ NBC4 կայանէն Պելեն տէ Լիոն, իսկ գլխաւոր բանախօսը՝ Քալիֆորնիոյ առաջին տիկին Ճենիֆըր Սիպըլ Նիւսըմ։
Աւագեանը ներկայացնելու ընթացքին, Սոլիս լուսարձակի տակ առաւ անոր առաւել քան տասնամեակի մը սպասարկութիւնները, միաժամանակ դրուատելով 115ամեայ «Ասպարէզ»ի մատուցած ծառայածնութիւնները եւ յիշեցնելով, որ թերթը կը հանդիսանայ երկրին ամէնէն հին եւ մեծագոյն երկլեզու հրատարակութիւնը։
«Վերահսկիչ Սոլիսի կողմէ այս մեծարումը ներշնչումի աղբիւր մըն է՝ աշխատանքս շարունակելու նոր կորովով, նպաստելու համար հայ համայնքին եւ տեղական իշխանութիւններուն եւ այլ փոքրամասնութիւններուն միջեւ կապեր ստեղծելու ջանքերուն», յայտնեց Աւագեան։

«Հպարտ ենք այս պատիւին արժանացած Նանէով, որ համայնքին եւ հայութեան համար կարեւոր նիւթերու մասին իր հաղորդումներով՝ յատկանշական տեղ ունի «Ասպարէզ»ի մէջ», աւելցուց հաւաքին ներկայ եղած «Ասպարէզ»ի խմբագիր Արա Խաչատրեան, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով վերահսկիչ Սոլիսին։
Աւագեան Հայաստանէն Միացեալ Նահանգներ գաղթած է, ուր իր լրատուական աշխատանքին կիզակէտը դարձուցած է կանանց եւ ժողովրդավարական իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։ Ան «Ասպարէզ»ին միացաւ 2010ին։ Թղթակցութիւններու կողքին, Նանէն նաեւ կը պատրաստէ «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուող «Ասպարէզ» յայտագիրը։