
Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 18 Մարտին, Տաւուշի երկու գիւղերու` Ոսկեպարի եւ Կիրանցիի մէջ, հանդիպում ունեցաւ բնակիչներուն հետ:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ մասնակցողներէն շատերը մերժեցին զրուցել իրենց հետ, բայց ոմանք յայտնեցին, որ նախապէս յայտարարուած էր հանդիպումին մասին: Ըստ անոնց՝ գրեթէ բոլոր ընտանիքներէն գոնէ անդամ մը կարելիութիւնը ունեցաւ ներկայ գտնուելու հանդիպումին եւ իր հարցերուն մասին խօսելու:
«Ազատութեան» զրուցակիցներէն շատերը չպատմեցին, թէ ճիշդ ինչի՛ մասին խօսած են, սակայն իրենց մտահոգութիւնները փարատած չնկատեցին: Ըստ տաւուշցիի մը՝ Կիրանցի յարակից Խէյրիմլի ատրպէյճանական նախկին գիւղէն միւս կողմը ինք վարելահող մշակած է, հիմա ինք մտահոգ է, որ ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր ճակատագիրը, եթէ վերջնական որոշում տրուի զայն յանձնելու: Այդ պարագային ինք ստիպուած պիտի ըլլայ անցնելու Ատրպէյճանի տարածքով իր վարելահողին հասնելու համար:
Այլ բնակիչ մը նշեց, որ, ըստ վարչապետին ցուցադրած քարտէսին, իր տան նման սահմանագծման պարագային, իր տան մէկ մասը կը մնայ Ատրպէյճանի մէջ։ Ինք Հարցուց Փաշինեանին, որ ի՞նչ պիտի ըլլայ իր տան ճակատագիրը:
Փաշինեան, ըստ հանդիպումին մասնակցողներուն, յստակ պատասխաններ չտուաւ, բայց խոստացաւ, որ բոլոր մտահոգութիւնները նկատի պիտի առնուին՝ դիտել տալով, որ բանակցութիւնները վերջնական չեն: Ըստ անոր՝ վերջնական որոշման պարագային, անգամ մը եւս հանդիպում պիտի ունենայ տաւուշցիներուն հետ:
«Ասաց` մինչեւ վերջնական բան լինի, նոր կը գամ, կը գամ, ձեզ հետ նորից կը զրուցեմ: Վերջնական ոչ մի բան չասաց: Մենք ասել ենք, որ այնտեղ մենք հող ունենք, ասաց` դա մեր քարտէզի մէջ է, մեր տարածքն է: Լաւ, մեր տարածքն է, բայց եթէ ինքը եկաւ, իրենց զօրքը եկաւ, էդտեղ նստեց, մենք ո՞նց ենք իրենց զօրքն անցնելու, գնալու, մեր հողերը մշակենք: Ո՞նց կարայ ինքը մեզ ապահովի, որ մենք գնանք այնտեղ, հող մշակենք», ըսաւ կիրանցի բնակիչ Յարութ Աւալեան:

«Նոյն Ղարաբաղի բանը գալու է այստեղ էլի: Մենակ դուրս ենք գալու, գնանք մի տեղ, բռնելու են, տանեն, էդպէս պիտի լինի էլի: Չենք կարողանալու գնանք մեր հողը, երեխուն չենք կարալու թողնել` մենակ գնայ դպրոց», նշեց ան:
Երեւան վերադարձի ճամբուն վրայ «Ազատութիւն»ը զրուցեց Փաշինեանի հետ եւս, որ ըսաւ, թէ գիւղերու բնակիչներուն ցոյց տուած է Հայաստանի` իր վերջին ասուլիսին ընթացքին ներկայացուցած քարտէսը։
«Ամենակարեւոր ասելիքն այն օրուայ ասուլիսի ասելիքն էր` Հայաստանի այն նոյն ուրուագիծը, որ ցոյց եմ տուել այնտեղ, ցոյց եմ տուել նաեւ այստեղ», ըսաւ Փաշինեան՝ պատասխանելով այն հարցումներուն, թէ ի՛նչ առաջարկեց, ի՛նչ միտումով եկած էր Տաւուշ:
Փաշինեան վստահեցուց, որ շուրջ 3,5 ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին բնակիչները բաժնեկցեցան իրենց մտահոգութիւնները: «Մեր մօտեցումն այն է, որ մարդկանց բարձրացրած այնպիսի մի հարց պէտք է չլինի, որը մնայ անպատասխան: Եթէ մնայ անպատասխան, դա նշանակում է, որ մենք լուծում չունենք հարցին»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այս հանդիպումով Փաշինեան շրջանի բնակիչներուն հարցումներուն պատասխան ունէ՞ր՝ ան ըսաւ, որ որոշ հարցերու՝ այո, սակայն ինք եկած էր հարցերը հաւաքելու եւ այդ հարցերը կառավարութեան սեղանին` իբրեւ օրակարգ դնելու, անոնց պատասխանին մասին մտածելու եւ պատասխանով վերադառնալու։
Գիւղերու բնակիչները «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցներուն ընթացքին ըսին, որ տուեալ շրջաններու յանձնման պարագային պիտի յայտնուին շրջափակման մէջ եւ պիտի բախին բազմաթիւ հարցերու: