Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով 18 Մարտին հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասեան հարցերու գծով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնոյի հետ:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ, այլ նիւթերու կողքին, անոնք քննարկեցին Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը:
Պայրամով եւ Պոնօ անդրադարձան նաեւ Ատրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու երկկողմ եւ բազմակողմ յարաբերութիւններու օրակարգին ու հեռանկարներուն: