
Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ համակարգին մէջ ստեղծուած «Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնարկը հաղորդեց, որ Ատրպէյճան հակահայկական քարոզչութիւն կատարելու համար օգտագործեց Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցող մշակութային ձեռնարկ մը։
Այս մասին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ հիմնարկը կը գրէ հետեւեալը. «Մարտի 12-14ին Միացեալ Թագաւորութեան մայրաքաղաքում կայացել է Լոնդոնի գրքի միջազգային փառատօնը, որին մասնակցում են բազմաթիւ երկրներ` ներկայացնելով իրենց հրատարակութիւնները: Գրքի փառատօնին մասնակցել է նաեւ Ադրբեջանը, որը ներկայացրել է շուրջ 300 գիրք: Տաղաւարում փակցուած է մեծ քարտէզ` «Ղարաբաղն Ադրբեջան է» գրութեամբ: Մեծ քարտէզի կողքին պատկերուած են այլ քարտէզներ, որոնցում արտացոլուած են Ադրբեջանի տարածքային նկրտումները Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ: Ցուցադրուած որոշ գրքեր հակահայկական քարոզչութեան եւ ատելութեան տարածման օրինակներ են: Մասնաւորապէս, ցուցահանդէսին ներկայացուել է «Հայկական ահաբեկչութիւն» վերնագրով գիրք»։
Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ այս օրինակները կը վկայեն, որ Ատրպէյճան նոյնիսկ մշակութային նախաձեռնութիւնները կը ծառայեցնէ իր հակահայ քարոզչութեան։
Լոնտոնի գիրքի ցուցահանդէսի պաշտօնական կայքին վրայ կը նշուի, որ ցուցահանդէսը այն վայրն է, ուր համաշխարհային հրատարակչական համայնքը կը միաւորուի՝ յարաբերութիւններ զարգացնելու եւ ստեղծագործական բովանդակութեան ապագան որոշելու համար:
«Տարակուսելի է եւ դատապարտելի է, որ մշակութային միջոցառման կազմակերպիչները հանդուրժում են այնպիսի բովանդակութեան ցուցադրութիւնը (ահաբեկչութիւն երեւոյթին վերագրւում է ազգային պատկանելութիւն), որը ռասիզմի (ցեղապաշտութեան), էթնիկ (ցեղային) ատելութեան ակնյայտ դրսեւորում է», կ՛եզրափակէ «Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնարկի յայտարարութիւնը: