ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
Տեսլակա՞ն, թէ՞ «գործօն» իրականութիւն:

Երկիրներ իրենց պետութիւններով եւ ժողովուրդներով, ազգեր իրենց հայրենիքներով, անկախ խմբակներ իրենց ծրագիրներով եւ վերջապէս հասուն մարդ անհատը, որ տէրն ու տիրականը կը համարուի իր մտածումներուն եւ արարքներուն, տեւաբար ապրած են՝ մասամբ անկախութեամբ, եւ կամ ամբողջական ազատ ապրելու երազանքի իրականացման որոշակի բացակայութեամբ:
Անվիճելի իրականութիւն է, որ անկախութիւնն է բանալին ազատութեան, ստեղծագործութեան․ այդ է, որ կը բնորոշուի որպէս արդար ազատութիւն, որ առաւել ստեղծագործ եւ պատասխանատու կը դարձնէ որեւէ անհատ թէ խմբաւորում, ազգ թէ պետութիւն, երկիր եւ այսպէս…
Մե՛ր երազը… Հայ ազգին մե՛ծ երազը, դարեր ի վեր, եղած էր անկախութեան որոնումն ու պահպանումը, որ մեր պատմութեան մէջ, ի դէպ, երբ երկրորդ անգամ յայտարարուեցաւ անոր որպէս հետեւանք, երեք տասնամեակներէ ի վեր, անոր հովանիին տակ «գինովցանք»։ Արդեօ՞ք կը կարծենք, թէ վայելեցինք զայն ըստ արժանւոյն…ափսո՜ս… ո՞վ կրնայ փաստել «անոր» գործօն անկախութեանը այսօր, երբ արեւի լոյսին տակ ոչինչ կարելի է ծածկել, ոչ ոք համարձակութիւն ունի զայն անուանել բացարձակ՝ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ:
Արդարեւ, մեր սրբազան նպատակը, պէտք է արդարացնէ՝ մեր «միջոց»ները:
Ժամանակն է, որ մենք գործե՛նք, տագնապի՛նք եւ կամ վնասներ կրե՛նք՝ ի գին արժանւոյն՝ մեր ազգի ու հայրենիքի սրբազան ու բացարձակ անկախութեան:
Երբ վիշտը յարատեւ կը շարունակուի, պայքարը կը նուազի, պայքարելու կամքն ու ոգին կը տկարանան եւ կը յանձնուին նոյնինքն՝ վշտին ստեղծած թուլութեան կանոններուն:
Այսօր, առաւել բաց եւ լուսաւոր այս ժամանակներով, « մատի ետեւ պահուըտիլ» յարիր չէ մեզ որպէս դարաւոր ազգ, Սփիւռք թէ՞ հայրենիք, առաւել եւս, որպէս հայ մարդ անհատ եւ յատկապէս ազգային պատկանելութեամբ օժտուած անհատ…
Փաստ է, թէ ինչպէս անկախ մտածող անձը նաեւ անկախ գործողն է: Վերջերս առաւել յայտնի եւ փաստացի դարձաւ, որ մեր ազգն ու հայրենիքը կամովին այդ բացարձակ արժէքէն իրենք-զիրենք զրկած են, յարատեւ հաւատալով, որ մենք այլ ազգերու, երկիրներու անմիջական օժանդակութեան կարիքը լիովին ունինք եւ առանձին ոչ մէկ որոշում, թէ քայլ առնելու՝ ո՛չ միտումը ունինք եւ ո՛չ կարողութիւնը… Անկեղծ ըսեմ, թէ խոր ցաւով գրեցի այս բաժինը յատկապէս , թէ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ մենք մեզ, նման մտքերով եւ կամ գործերով կամովին՝ ստրկացնենք: Բաւ է այսքան խեղճանալ ազգովին եւ որպէս պետութիւն, եւ հաւատալ մեր իսկ ստեղծած անհիմն խեղճութեան: Պատմութիւնը արձանագրած կայուն փաստեր ունի, թէ ոչ մէկ երկիր (դաշնակից) մեր կողքին չէ եղած եւ կամ քայլ առած ի նպաստ մեր ապահովութեան եւ կամ մեր փրկութեան ճանապարհի երազանքին մէջ: Այլեւ, առաւել աւազախրման առաջնորդած է մեզ եւ իր ամբարիշտ նայուածքով վերէն դիտած ու գաղտնի ծիծաղելով, թշնամական նոր ծրագրեր հիւսած են «այլոց» հետ եւ պարտութեան ու յանձնուելու նոր հող պատրաստած՝ մեզի ազգովին…:
Բա՛ւ է այսքան թուլութիւն եւ կոյր ու քանդիչ հաւատք փայփայել եւ ապա համատարած հաւատացնել զայն մեր շարքերուն մէջ:
Մենք իրաւունք չունինք մեր ազգին ու հայրենիքին թշնամին դառնալու… «Մահացու մեղք» եւ ազգադաւ ոճի՜ր է, ոճի՜ր:
Անկախութեան գաղափարը պէ՛տք է առաւել եւս շեշտել այսօր, յատկապէս նոր սերունդին համար, որովհետեւ իրենք են մեր ազգին ու երկրին ապագան: Արցախի հարցով նաեւ, փոխան սուգ ու շիւանի, մենք պէտք է առաւել յոյս ներշնչենք անոնց, յուսադրելով, թէ օր մը, միասին պիտի ազատագրենք մեր հայկական Արցախը, պիտի վերականգնենք անոր անկախութիւնը, պիտի տեսնենք միացեալ Հայաստանը անկախ, քաջ գիտակցելով, որ եթէ մեզմէ առաջ եկող սերունդները կրցան ազատագրել անցեալի Արցախը, ուրեմն մենք այսօր, առաւել տուեալներ պէտք է ունենանք իրականացնելու մեր ազգային նորօրեայ երազանքները: Փոքր սերունդին մէջ միշտ վառ պէտք է պահենք գիտակցութիւնը, որ մենք ենք տէրը մեր երկրին, մե՛րն է ներկան ու ապագան, մեր ազգին ու հայրենիքին, եւ մենք իրաւունք չունինք յանձնուելու, պիտի չտապալի՛նք, այլ միշտ յաղթական բարձունքին պիտի ձգտինք:
Կ՛եզրակացնեմ, սուր դիտողութեամբը մեծն Յ. Պարոնեանի մտքերով. «Թերութիւններու վրայ լալը, թերութիւններու մեծագոյնն է. խեղճութեան վրայ արտասուք թափելը, ապացուցանել է, թէ արիւն չունինք թափելու»։
Ի դէպ այսօր, ազգադաւ մոլութիւններէն հրաժարիլը, առաքինութեան ճամբուն մէջ գտնուիլ կ՛ենթադրէ եւ կ՛իրականացնէ համայն ազգին ու հայրենիքին՝ անկախութեան գաղափարի իրականացումն ու պահպանումը:
Դրժե՛նք ապազգայնութիւնը, վանե՛նք օտարամոլութիւնը, խզե՛նք լռութիւնը եւ ամրակուռ հաւատքով եւ իմացութեամբ՝ մեր ոտքերուն վրայ կանգնած՝ ապաւինի՛նք ու գործե՛նք, հոգ չէ, թէ «նորաքայլ» մեր ուժերով իսկ, բայց եւ կայացած ինքնավստահութեամբ յառաջանանք ու գոյատեւենք, հարկն ու պարտքը տալով, մեր ազգի ու հայրենիքի հաստատ եւ բացարձակ՝ բարգաւաճման ու անկախացման: