ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Կան մարդիկ, որոնք իրենց ապրած գաղութին մէջ, տարիներու վրայ երկարող իրենց կեանքի տեւողութեան, իրենց անսակարկ ճիգով, աշխատանքով, խիղճով, միտքի եւ կամքի օրինակով եւ քրտինքով, այդ գաղութին պատմութեան էջերուն վրայ կ՛արձանագրեն, յստակ, ազնիւ ե՛ւ պատմական տողեր: Մէկ խօսքով, նոյն այս մարդոց համեստ եւ խոնարհ ներդրումով, անոնց խիճի արդար որոշումներով, գաղափարներով, աշխատանքով եւ համոզումներով, այդ գաղութին գեղեցիկ եւ օրինակելի պիտակը եղած են:
Խօսքս, անշուշտ, հասցէագրուած է բոլորին ծանօթ` Փանոս Թիթիզեան hայուն:
Ո՞վ չի ճանչնար կամ չէր ճանչցած զինք։ Պատասխան.- Սփիւռքը եւ հայրենիքը, եւ յատկապէս՝ լիբանանահայութիւնը:
Յուսահատիլ չգիտցող մարդիկ կան: Ահա օրինակ մը՝ բազմակողմանի բարեմասնութիւններով հայ մը: Պարզ եւ համեստ դեղագործ մը, համեստ միութենական մը, որ իր լայնախոհ եւ ողջմիտ մօտեցումներով, մեծապէս սատարած է իր ապրած երկրին եւ մանաւանդ գաղութին, համադրուած աշխատանքին եւ հաւաքական ղեկավարութեան յառաջացման: Լաւ ժողովական մը եղած է ան՝ եռանդ, զայրոյթ, ժպիտ, ողբ եւ հպարտանք եւ աշխատանք: Այս բոլորը իր մօտ բնածին արժէքներ էին՝ հպարտութիւն առթող:
Ճակատաբաց ու ճշդապահ պատասխանատու մը, ապրող յուշարար մը, որուն բարի եւ անկեղծ դիմագիծը անպայմանօրէն դրոշմուած է զինք ճանչցողներուն եւ շրջապատին մօտ:
Ան, նոյնիսկ ծնունդը տուած է իր այս յառաջացած տարիքին, 400 եւ աւելի էջերէ կազմուած «Պատմութեան Միւս Երեսը» խորագիրով հատորի մը, որուն մէջ կան Լիբանանի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն, յուշերուն, պաշտօնական դէմքերուն հետ տեսակցութիւններուն եւ խորհրդակցութիւններուն յստակ եւ անաչառ պատկերները ու զարմանալի մանրամասնութիւններով նկարագրականները եւ վերլուծումները, որոնք վճռորոշ դերեր ունեցած էին գաղութի ազգային, ծանր եւ բազմաշերտ հարցերու լուծման մէջ, պատմութիւնը՝ վկայ…:
Իբրեւ բազմավաստակ հասարակական եւ ազգային գործիչ՝ սակայն միշտ պարկեշտ եւ նուիրեալ գաղափարապաշտ եւ հաւատարիմ կուսակցական եւ մանաւանդ ազգային միասնականութեան յանձնառու հայու տիպարով՝ Թիթիզեան միշտ ուղղակի հարցերուն վրայ դնելով իր մատը, ողջմտութեան թելադրանքով՝ համերաշխ ելքեու լուծում առաջրադրած է շրջանի տարակարծիք կողմերուն եւ բոլորին:
Իր արտաքինին հետ զուգահեռ, յատկանշական է նաեւ անոր պատուախնդիր, ազգային, մշակութասէր, գթասիրտ իր կերպարն ալ: Կատախօս իր բառերով, յաճախ իր բարկացկոտ եւ ջղային ձայնով, սակայն միշտ իր կարեկցոտ սիրտով՝ հարցերը համախոհ լուծած է:
Ինծի համար ինք ասպետական ոգիի ցուցանիշ մըն է։ Պաշտամունքի հասնող անոր սէրը եւ նուիրումը՝ հանդէպ իր պատկանած կազմակերպութեան, միութեան, դպրոցին, իր հաւատքի տան եւ անոր խնկարկուներուն, զայն օրինակելիներու շարքին դասած է: Անոր կեանքը հարուստ եղած է ծառայասիրութեամբ, մանաւանդ լեցուն, հաստատ,կայուն եւ իմաստաւորուած՝ ազգային պատասխանատու աշխատանքի անհատնում շարքերով:

Աւելին՝ Փանոս Թիթիզեան այն բացառիկ անհատներէն է, որ իր ազնուութեամբ, անմիջական, հաղորդական եւ պարզ մարդու նկարագիրով, եւ հմտութեամբ, իր բարի կամեցողութեամբ, անտրտունջ, յամառ եւ անխոնջ աշխատանքով ու ծառայասէր պատրաստակամութեամբ՝ ան «ապրող յուշարար մը եղած է՛ եւ է», բարի ամուսին մը ըլլալով հանդերձ: Բարեսիրտ հայր եւ մեծ հայր: Հաւատարիմ, ազգանուէր անհատ, եւ մշակութասէր մը։ Մէկը, որ իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան Լիբանանի նման մեծ գաղութին մէջ, հանդիսացաւ համբերութեան եւ իրարհասկացողութեան վառ եւ բարի օրինակներէն մէկը ու ապրեցաւ առանց ցուցամոլութեան: Անձայն եւ անաղմուկ գործեց ան հաշտարարի եւ յանուն հայութեան միասնութեան, նուիրումով, եւ մեկնելով իր ազնիւ, օրինակելի, անոխակալ եւ գութով լեցուն՝ ապրեցաւ եւ գործեց հայ մարդու իր ազնիւ սկզբունքներէն։
Իր հայրենիքին հետ հոգիով եւ սիրտով միշտ կապուած մնացող այս -հայրենասէր-ազգայինը, հաւատաւոր եւ գաղտնապահ, պարտականութեան գիտակից այս հայ մարդը, դարձաւ աչքառու դէմք մը Լիբանանի մէջ: Այս բոլորը իր նկարագիրին մէջ շեշտուած են։
Աւելին՝ կրկնութեան գնով յիշեցնեմ, որ համազգային նպատակներու իրագործման ի խնդիր իր թափած ճիգերը, գթասիրտ խառնուածքով անսակարկ նուիրումը, իր մէջ եռացող հայու հաւատքը եւ բարութիւնը, միասնականութեան միտող ոգին, իր հիւրասէր ու նոյնիսկ օտարը սիրելու ու ընդունելու ունակութիւնը ունեցող հայ մարդը, անկասկած բոլորիս համար կը հանդիսանայ մեծ եւ գլխագիր օրինակ:
Այս օրերուն իր նմաններուն որքա՜ն կարիքը ունինք:
Լիբանանի ամբողջ գաղութը, ինչպէս ՀԲԸՄի մեծ ընտանիքը առանց բացառութեան յարգած է եւ տակաւին կը յարգէ զինք, լիբանանեան պետական եւ օտար քաղաքական մեծ ու փոքր դէմքերու կողքին:
Իմ կարգիս, զինք մօտէն ճանչնալու բախտին արժանացած էի քանի մը տարի առաջ: Անվարան ինծի հետ կրնայ վկայել իր անմիջական շրջապատին մէջ ապրողն ալ:
Արդարեւ, Ուրբաթ, 22 Մարտի երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի Hilton պանդոկի շքեղ սրահին մէջ, ի պատիւ Փանոս Թիթիզեանի՝ ազգին եւ ՀԲԸՄին երկարամեայ նուիրեալ ծառայութեան՝ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԲԸՄը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր այդ երեկոյ կազմակերպելու գնահատանքի ճաշկերոյթ մը, որուն պաշտօնական բաժնին, վերեւը յիշած բոլոր «տողերուն», անկեղծ գնահատականներուն, աշխատանքի դրական ոլորտներուն, մեծարեալ այս հայուն նկարագիրի իւրայատուկ գիծերուն, ստացած «բարենիշներուն» եւ երկարամեայ կեանքի փորձառութիւններուն, ականջալուր դարձան առաւել քան 300 հայորդիներ, լոսանճելըսահայ բոլոր հոգեւոր, քաղաքական, մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներու կողքին:
Այսպէս, յաջորդաբար եւ պաշտօնապէս սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցան Երուանդ Տէմիրճեան, Յովնան արք. Տէրտէրեան, Պերճ Սեդրակեանը, մեծարեալի թոռնուհին եւ դուստրը՝ Միշէլ Գազման եւ Նորա Թիթիզեան, դոկտ. Վիգէն արք. Այքազեան, Արթուն Համալեան, Կարօ Ղազարեան, Հրաչ Սէփէթճեան եւ վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան:
Երեկոյի գեղարուեստական բաժինին գեղեցկօրէն իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի աշակերտական պարախումբը եւ Heritage Quartet -ը:
Ձեռնարկի աւարտին, 97ամեայ օրուան մեծարեալը՝ Փանոս Թիթիզեան շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան իր խօսքերէն ետք, տպաւորիչ եւ նոյնքան՝ պատմական, անկեղծ ու հայրական՝ ներկաներուն իբրեւ խրատական՝ պատգամեց հետեւեալը. «Մենք բոլորս քով քովի գալով, իրարու հետ խօսելով, կրնանք հասնիլ մեր էական հարցերու լուծման: Այսօ՛ր, օդի եւ ջուրի նման, մենք պէտք ունինք միասնութեան…»:
Արդ, իմ կարգիս, սրտանց շնորհաւորութիւններ եւ բարի մաղթանքներ՝ մեծարեալին, եւ կազմակերպիչներուն վարձքը կատա՛ր: