Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը հերքեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը՝ առաքելութեան «Էքս»ի էջին վրայ կատարուած գրառման մէջ հաստատելով հետեւեալը. «Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը ամբողջ օրուան ընթացքին պարեկութիւն կատարեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին երկայնքով: Ամէն ինչ հանգիստ է, անսովոր տեղաշարժներ չեն նկատուած: Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը բոլորին խաղաղ Զատիկ է կը մաղթէ»։
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած էր Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու պահպանութեան թիկունքային տեղամասերուն մէջ վերջին ամիսներուն կատարուած ճարտարագիտական, ամրաշինական եւ, ընդհանուր առմամբ, պաշտպանական բնոյթի եւ նշանակութիւն ունեցող ենթակառուցուածքներու շինարարական աշխատանքներու տեսագրուած տեսերիզներ` այսպիսով փորձելով զանոնք ներկայացնել իբրեւ վերջին քանի մը օրերուն սահմանագիծին մէջ տեղի ունեցած աշխոյժ աշխատանքներ եւ կուտակումներ:
Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան այս գրառումին արձագանգեց նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար՝ ըսեկով․ «Ուրախ եմ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան կողմէ հաստատում ստանալու համար, որ անսովոր ռազմական տեղաշարժեր չեն նկատուած: Ինքնին ա՛յս է առաքելութեան հիմնական նպատակը` ապահովել առաւել թափանցիկութիւն եւ վստահութիւն կառուցել: Առաքելութիւնը կը շարունակէ բաց մնալ նաեւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ աւելի շատ փոխգործակցութեան համար»:
Աւելի ուշ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը կատարեց նաեւ այլ գրառում մը՝ յայտնելով. «31 Մարտին, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը պարեկներ ուղարկեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի հայկական կողմէ հսկողութիւն իրականացնելու եւ սահմանին անսովոր ռազմական տեղաշարժեր նկատելու դէպքին մասին զեկուցելու համար: Բոլոր պարեկները զեկուցեցին, որ իրավիճակը հանգիստ է, եւ որ անսովոր տեղաշարժեր չեն նկատուած»:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՄԷՋ ՃԱՐՏԱՐԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆ Է. ԵՐԵՒԱՆ
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ ապատեղեկատուութիւն տարածել` նշելով, թէ իբր թէ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը սահմանագօտիի տարբեր ուղղութիւններու մէջ անձնակազմի, սպառազինութիւն, հրետանային եւ կրակային այլ միջոցներու կուտակումներ, աշխոյժ տեղաշարժեր կը կատարէ։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ հաստատեց, որ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ ճարտարագիտական աշխատանքներու իրականացումը Հայաստանի ինքնիշխան իրաւունքն է, անոնք ունին բացառապէս պաշտպանական բնոյթ եւ կը միտին Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան:
«Ինչպէս նշել էինք, Հայաստան-Ադրբեջան պետական սահմանի երկայնքով վերջին շրջանի օպերատիւ (գործնական) իրավիճակը ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնն գնահատում է կայուն եւ սահմանի պահպանութեան համար լրացուցիչ միջոցներ ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւն չի տեսնում, հետեւաբար զօրքերի կուտակումների մասին տեղեկատուութիւնը չի համապատասխանում իրականութեանը», յայտնեց նախարարութիւնը։