

Պաշտպանութեան ոլորտի Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ համագործակցութեան ծիրին մէջ, 1 Ապրիլին, Միացեալ Նահանգներու շարժական հրահանգիչներու խումբը այցելեց Հայաստան։ Այս մասին կը յայտնեն պաշտպանութեան նախարարութենէն:
1էն 5 Ապրիլին, անոնք պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան եւ «Զինուժ Մեդիա» պետական հիմնարկի ծառայողներուն հետ պիտի կատարեն հանրային կապերու եւ հաղորդակցութեան ոլորտին մէջ փորձառութեան փոխանակման վարժանքներ: