Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Ստեֆան Սեժուրնէ Փարիզի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան սպառնալիքին: «Մենք վերահաստատեցինք մեր հաւատարմութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ, որ այսօր կը վիճարկուի Ատրպէյճանի կողմէ, եւ թոյլ տուէք ըսել, թէ որքան անհանգստացած ենք անոր համար՝ նկատի ունենալով, որ Ատրպէյճանի հռետորաբանութիւնը հետզհետէ անվերահսկելի կը դառնայ», ըսաւ Սեժուրնէ։
Ան մտահոգութիւն յայտնեց վերջին շրջանին Պաքուի կողմէ կեղծ տեղեկատուութեան յաւելման գծով, որ կը միտի կացութեան մագլցումի պատասխանատուութիւնը բարդել Հայաստանի վրայ, թէեւ Հայաստան միակ կողմն է, որ աշխարհի այս հատուածին մէջ կը փորձէ խուսափիլ հակամարտութենէն։
«Այս ամբողջ քարոզչութեան մէջ ես կը տեսնեմ շատ ընդհանուր տարրեր, զորս Ռուսիա կը փորձէ կիրարկել Ուքրանիոյ պարագային», ըսաւ Սեժուրնէ՝ կոչ ուղղելով ուշադրութիւն դարձնելու այս փաստին Պաքուի մէջ ՄԱԿի կլիմայի փոփոխութիւն 2024 համաժողովին` COP29-էն վեց ամիս առաջ: