Իրանի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ փոխյանձնակատար Ապրամ Փէյլի այցելեց տարածաշրջանը` Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան:
«Երեւանի մէջ բովանդակալից հանդիպումներ ունեցայ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեանի, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի, Կեդրոնական դրամատան եւ Պետական եկամուտներու կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ` Իրանի, սահմաններու ապահովութեան, պատժամիջոցներու կիրարկման եւ Հայաստանի տնտեսական ու արտաքին քաղաքականութեան բազմազանեցման հարցերով», «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է Փէյլի։
Ան կառուցողական կը նկատէ դէպի Հարաւային Կովկաս իր ուղեւորութիւնը` նշելով, որ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ քննարկեց «Իրանի վարչակարգը, պատժամիջոցներու կիրարկումը եւ վարչակարգի ապակայունացնող վարքագիծին վերաբերող շարունակական ջանքերը»։
«Միացեալ Նահանգները նպատակ ունի աշխատիլ մեր գործընկերներուն հետ` տարածաշրջանին համար դրական տեսլական զարգացնելու համար», գրած է Փէյլի։
Պաքուի մէջ ան հանդիպումներ ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի, արտաքին գործոց փոխնախարար Սամիր Շարիֆովի, Իրանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանին եւ դրամատնային ոլորտի ներկայացուցիչներուն հետ:
Փեյլի իր էջին վրայ գրած է, որ Վրաստանի մէջ ինք հանդիպումներ ունեցաւ արտաքին գործոց փոխնախարարին, Վրաստանի Ազգային դրամատան եւ սեփական մարզի ներկայացուցիչներուն հետ։