ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Վաղարշակը ութ տարեկան պատանի մըն է: Ան ծնած է Պանկըլոր, Հնդկաստան: Վաղարշակը հնդիկ է արտաքին տեսքով, բայց էութիւնը եւ ինքնութիւնը ուրիշ բան են:
Պանկըլոր, Հնդկաստան, Փետրուար 2024:
Մայք Ստեփանը ծնած է Պանկըլոր, անոր մայրն ու մեծ մայրը Կալկաթա ծնած հայեր են: Մայքին մօրենական ընտանիքի արմատները եղած են Ջուղայէն, Պարսկաստան, երբ Շահ Ապպաս մեծաթիւ հայեր հաստատած էր հոն: Մայքին մայրը ամուսնացած է հնդիկի մը հետ եւ ընտանիք կազմած` Պանկըլորի մէջ: Հայրը լքած է ընտանիքը եւ հեռացած` մինակ թողելով իր հայ կողակիցը եւ երեք զաւակները:
Մայք, իր քոյրն ու եղբայրը մեծցած են իրենց մօր եւ մեծ մօր խնամքին տակ` հայկական շունչով: Մայք նաեւ ստացած է իր մօր մականունը` Ստեփան, որ ա՛լ աւելիով զինք նոյնացուցած է հայկական ինքնութեան հետ: «Հնդկաստանի մէջ հայեր անգլիացուցին իրենց մականունները», կ՛ըսէ Մայք ու կը շարունակէ. «Ասիկա ըրին, որպէսզի աւելի դիւրին ըլլան ընկերային յարաբերութիւնները եւ Ստեփանեանը դարձաւ Ստեփան»:
1981ին Մայք եւ իր ընտանիքը Պանկըլորէն եկած են Կալկաթա, եւ հոն հայոց Մարդասիրական ճեմարանին մէջ Մայք ստացած է ուսում, նաեւ` հայեցի դաստիարակութիւն: «Մայրս 1955-1963 տարիներուն աշակերտած է Մարդասիրական ճեմարանին: Ես ալ հոն հայերէն սորված եմ», ըսաւ Մայք: «Հայերէնի ուսուցիչ չունէինք եւ տեղացի հնդիկ ուսուցիչ մը մեզի հայերէն կը սորվեցնէր», շարունակեց Մայք:
Հնդկաստանի հայկական գաղութի նօսրացումը չէ օգնած, որ Մայք եւ իր ընտանիքը հմտանան իրենց քիչ մը սորված հայերէնին մէջ: «Մայրս քիչ մը հայերէն կը խօսի։ Ես միայն քանի մը բառեր կը յիշեմ: Կարելիութիւն չեղաւ խօսելու, եւ դժբախտաբար սորվածս ալ մոռցայ», ըսաւ Մայք: Մայքին դէմքին վրայ կը տեսնէի ժպիտ մը, որուն ետին նոյնքան ակներեւ էր տխրութիւնը:
Մայք Ստեփան քանի մը տեսակ աշխատանքներ ըրած է իր կեանքին ընթացքին: Ան մեծ հրճուանքով կը յիշէ Չենայի (Մատրասի) հայկական եկեղեցւոյ վարչական պատասխանատուութիւն ստանձնելը՝ 1994-2005 տարիներուն: «Չենա երբ կ՛ապրէի, շատ կը կարդայի հայուն պատմութեան մասին։ Եկեղեցիին համար գործելս մեծապէս օգնեց, որպէսզի աւելիով կառչիմ հայկական ինքնութեանս», ըսաւ Մայք:
Մայք 2005ին եկած է Կալկաթա եւ աշխատած է Մարդասիրական ճեմարանին մէջ, ուր շատ աւելիով առնչուած է հայ աշակերտութեան հետ, որ եկած է Հայաստանէն եւ Միջին Արեւելքի կարգ մը երկիրներէ: «Մինչեւ այսօր տակաւին կապի մէջ եմ աշակերտներուն հետ», ըսաւ ան:
Հետաքրքրական էր լսել Մայքի կեանքին անցած ճանապարհը եւ իր ինքնութեան փնտռտուքները: Չուշացաւ հարցումս. «Հնդի՞կ, թէ՞ հայ կը զգաս»:
«Հարիւր առ հարիւր հայ», եղաւ պատասխանը:
Մայք երախտապարտ է հայ դպրոցին ու հայ եկեղեցւոյ․ անոնց մէջ կը տեսնէ հայկական ինքնութեան կերտումը եւ շարունակականութիւնը: «Հայ դպրոցը եւ եկեղեցին շատ կարեւոր դեր ունեցան հայկական ինքնութեանս կերտումին մէջ։ Երախտապարտ եմ եւ անոր համար ալ ամուր կերպով փարած եմ մեր հաստատութիւններուն», ըսաւ Մայք:
Հայկական գաղութը Հնդկաստանի մէջ 16րդ դարերէն սկսեալ, ունեցած է բարգաւաճ վիճակ: «1950ական տարիներուն երեք հազար հայութիւն կար: Այսօր մնացած է երկու հարիւր, որուն մօտաւորապէս եօթանասունը դպրոցի աշակերտներն են` եկած Հայաստանէն: Աշակերտներէն զատ` նաեւ ունինք քանի մը հայեր, որոնք Հայաստանէն եկած են եւ տեղացիներու հետ ամուսնացած», տեղեկացուց ան:

Մայք Ստեփան չորս տարբեր առիթներով այցելած է Հայաստան: «Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնս մէջս ստեղծեց Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը», ըսաւ Մայք:
Ան նոյնպէս կը տագնապի Արցախի կորուստով եւ աւելի քան 120,000 հայորդիներու տեղահանութեամբ: «Շատ դժուար է ընդունիլ այս իրողութիւնը», ըսաւ ան:
Հնդկաստանի անկախութենէն ետք` 1947ին, մեծ թիւով հայեր ձգած են Հնդկաստանը եւ գաղթած` տարբեր երկիրներ: «Աւելի լաւ ապագայ մը կ՛ուզէին ունենալ», ըսաւ Մայք: Բայց Մայք եւ իր ընտանիքը մնացած են Հնդկաստան, հոն մնալուն մէջ նաեւ կայ հայ մնալու գոյապայքարը: «Չկրցայ հայ աղջկան մը հետ ամուսնանալ: Մէկը չուզեց Հնդկաստան գալ: Ստիպուած եղայ ամուսնանալ տեղացիի մը հետ», եղաւ Մայքի հայկական ուղեւորութեան մէկ այլ շղթան: Անկախ այն իրականութենէն, որ Մայքին հայրը եւ կողակիցը հնդիկներ են` Մայք Ստեփան զօրաւոր ու տոկուն հայն է: Հայերէն չի խօսիր, բայց հեռաւոր Հնդկաստանի մէջ անոր սիրտը կը տրոփէ հայութեամբ: «Յաճախ տարբեր առիթներով հայութեան մասին կը խօսիմ։ Պէտք է մեր պատմութիւնը եւ մշակոյթը ծանօթացնել օտարներուն», ըսաւ Մայք հպարտ ժպիտով մը:
Մայք Ստեփան իր սրտին վրայ ունի մէկ ճնշուածութիւն մը` անկատար առաքելութիւն մը, զոր կ՛ուզէ իրականացնել:
Մայքին եղբայրը եւ քոյրը մկրտուած են հայկական եկեղեցւոյ մէջ` Կալկաթա: Մայք ծնած է Պանկըլոր, ուր հայկական եկեղեցի չկար: Ան մկրտուած է ոչ հայկական եկեղեցւոյ մը մէջ: Ան այսօր կ՛ուզէ իր ութ տարեկան զաւակը` Վաղարշակը, հայկական եկեղեցւոյ մէջ մկրտել: Մինչեւ օրս հայկական եկեղեցին համաձայն չէ փոքրիկ Վաղարշակը մկրտելու առաջարկին, որովհետեւ հայրը` Մայքը, հայկական եկեղեցւոյ մէջ չէ մկրտուած:
«Չեմ յուսահատած: Օր մը Վաղարշակը հայ եկեղեցւոյ մէջ պիտի մկրտեմ», ըսաւ Մայք` հաստատ եւ վճռական:
Մայք Ստեփան կը գիտակցի, որ Հնդկաստանի մէջ հայ մնալը դիւրին չէ եւ մեծ զոհողութիւններ կ՛ենթադրէ: Բայց այսօր սփիւռքեան ո՞ր իրականութեան մէջ հայ մնալը դիւրին է:
Մայք իրապաշտ մարդ է: Գիտէ եւ կը տեսնէ, թէ մնացած քանի մը հայերը ինչպէ՛ս պիտի լուծուին տեղական համայնքին մէջ: «Ինչ որ ալ ըլլայ վիճակը, պիտի պահենք մեր հաւատքը եւ մշակոյթը», ըսաւ Մայք: Ան նաեւ չի մոռնար յաճախ կրկնելու եւ յիշեցնելու իր ութ տարեկան զաւակին, թէ՝ «Վաղարշակ հայկական անուն է, երբեք չմոռնաս»:
Մայք ո՛չ մէկ ճիգ կը խնայէ, որպէսզի իր հայկական ինքնութիւնը պահէ հեռաւոր Պանկըլորի մէջ: Ան «մէկ հոգիով հայկական բանակ» մըն է, որ կը փորձէ իր հայապահպանումի պատերազմը տանիլ` իր ինքնութիւնը եւ մշակոյթը պահելու համար: Ան ո՛չ միայն իր պատերազմը կը մղէ, այլ նաեւ իր ութ տարեկան զաւակին` Վաղարշակինն ալ:
Մայք այն հայն է, որ ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի Վաղարշակն ալ հայ մեծնայ:
Չեմ գիտեր, եւ ներկայ օրերու տուեալներէն մեկնելով, ինչպէ՛ս պիտի կարենանք սփիւռքահայ իրավիճակներուն մէջ սահմանել ազգային ինքնութեան եւ անոր պատկանելիութեան բնորոշիչները եւ զանոնք կարենալ զետեղել հասարակաց ենթահողի մը վրայ: Ինչպէ՞ս այդ հասարակաց ենթահողին մէջէն պիտի կարենալ բնութագրել սփիւռքահայու եւ կամ հայու դիմագիծը:
Մինչ այդ` հեռաւոր Պանկըլորի մէջ կայ ութ տարեկան պատանի Վաղարշակը, որ կը փորձէ հայ մեծնալ: Ան այս պայքարը կը փորձէ մղել առանց հայկական դպրոցի, եկեղեցւոյ եւ շրջանակի: Կը մեծնայ առանձին` որպէս հայ:
Վաղարշակին մեծնալուն հետ` պիտի տեսնենք եւ ընդունինք, որ Վաղարշակն ալ հայ է:
Ու տակաւին` բոլոր իրեն նման Վաղարշակները:
Քուէյթ