Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 3 Ապրիլին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Պլինքըն ընդգծեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութեան մագլցումը արդարացում չունի, եւ զգուշացուց, որ որեւէ կողմէ յարձակողական գործողութիւնները եւ հռետորաբանութիւնը պիտի վտանգեն խաղաղութեան հեռանկարները։ Ան վերահաստատեց Ատրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու վերաբերող իր միջազգային պարտաւորութիւնները կատարելու անհրաժեշտութիւնը եւ յորդորեց ազատ արձակել անարդարօրէն ձերբակալուած անձերը։
Պլինքըն եւ Ալիեւ քննարկեցին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ գործընթացը յառաջ մղելու կարեւորութիւնը, որ տնտեսական օգտակարութիւն պիտի ունենայ ամբողջ տարածաշրջանին համար։
Ըստ «Էյ.Փի.Էյ.» ատրպէյճանական գործակալութեան՝ Պլինքըն Ալիեւին ըսաւ, որ 5 Ապրիլին Հայաստանի վարչապետին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին ու Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահին՝ Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած հանդիպումը Ատրպէյճանի դէմ չէ ուղղուած: