Լեռնային Ղարաբաղի հայաթափումէն ետք Ստեփանակերտի մէջ մնացած Սարգիս Գալստեան Հայաստան տեղափոխուելէ ետք ձերբակալուեցաւ: Ըստ Քննչական կոմիտէի խօսնակ Գոռ Աբրահամեանի՝ զայն կը մեղադրեն լրտեսութեան մէջ, իսկ խափանման միջոց ընտրուեցաւ բանտարկութիւնը:
Ըստ «Ազատութեան» ունեցած տեղեկութիւններուն` Սարգիս Գալստեան Հայաստան մուտք գործեց Ուրբաթ օր եւ Գորիսի մէջ ձերբակալուեցաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ: Ան եւ անոր կինը Արցախէն Հայաստան տեղափոխուեցան Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին ընկերակցութեամբ։
Սարգիս Գալստեան Արցախի մէջ տարիներով զանազան պաշտօններ վարած է. 1990ականներուն մասնակցած է պատերազմական գործողութիւններու, եղած է Շուշիի վարչական շրջանի փոխղեկավարը, ապա աշխատած ռազմահայրենասիրութեան եւ կրթութեան նախարարութեան մէջ: Իսկ 19 Սեպտեմբերի Ատրպէյճանի յարձակումէն ետք, ըստ արցախցի պատգամաւոր Դաւիթ Գալստեանի, որ անոր եղբօրորդին է, նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան իր հօրեղբայրը այլ պաշտօնի վրայ նշանակած է: