Վայոց Ձորի մարզի սահմանամերձ Խաչիկ գիւղի համայնքապետին խնդրանքով, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը կը հետեւի տեղացիներու հողամշակման աշխատանքներուն:
Ըստ «Էքս»ի էջին վրայ առաքելութեան հրապարակած հաղորդագրութեան՝ նպատակը գիւղացիներուն ապահովութեան զգացում ներշնչելն է։ «Մենք կը շարունակենք ամէնօրեայ պարեկութիւնը Ատրպէյճանի հետ սահմանի Հայաստանի կողմին մէջ: Կը հաղորդուի, որ իրավիճակը երկրի տարածքին հանգիստ է», կը նշուի վերոնշեալ գրառման մէջ:
