Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա «Զվեզտա» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարեց, որ Երեւան Ղարաբաղի գծով իր որոշումները տուաւ ՆԱԹՕի ազդեցութեան տակ: Ան նաեւ սուտ նկատեց այն յայտարարութիւնները, ըստ որոնց, իբր թէ Մոսկուա եւ ՀԱՊԿը տարածաշրջանին մէջ կացութեան մագլցումի օրերուն չօգնեցին Հայաստանին։
Ըստ անոր` արեւմտեան երկիրները յառաջ մղեցին Հայաստանի՝ Արցախէն պաշտօնապէս հրաժարելու նիւթը, եւ Արցախի բնակիչներու իրաւունքները ոչ մէկ ձեւով ներառուած կամ երաշխաւորուած են այն փաստաթուղթերուն մէջ, որոնք ստորագրուած են ՆԱԹՕի թելադրանքով։
«Գլխաւորը այն է, որ հիմա, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները տնօրինեն միւս տարածքները եւ գիւղերը՝ յիշեն եւ պատասխանատուութիւն կրեն իրենց որոշումներուն համար եւ ոչ ոքի վրայ չբարդեն իրենց սխալներու մեղքը», ըսաւ Զախարովա` աւելցնելով, թէ կարեւոր է, որ «այդ անշնորհակալ քաղաքացիները ճակատագրական սխալ չգործեն՝ ստեղծելով այս սարսափելի սադրանքը, որ ոչ թէ սեփական շահերէ կը բխի, այլ անոնց դէմ է»։
Զախարովա նաեւ յայտնեց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նոր մագլցումը կախեալ է միայն անկէ, թէ Երեւան Եւրոպական Միութեան, Միացեալ Նահանգներուն եւ Բրիտանիոյ որքանո՛վ կ՛արտօնէ ապակառուցողականօրէն ազդել տարածաշրջանի եւ երկրի կացութեան վրայ։
Զախարովա նաեւ յայտարարեց, որ «Հայաստան ի զուր ինքզինք կը բաղդատէ Եւրոպական Միութեան հետ»։ Ան զարմանք յայտնեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները հնագոյն հայկական քաղաքակրթութիւնը` իր մշակոյթով, պատմութեամբ, պետականութեամբ, որոնք եւրոպականէն շատ աւելի կանուխ գոյութիւն ունեցած են, կը համեմատեն այժմ փակուղիի մէջ գտնուող Եւրոպական Միութեան հետ։
Զախարովա նաեւ յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարածքային վէճերը եւ իրարու նկատմամբ փոխադարձ պահանջները պէտք է լուծուին բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներով` երկկողմ յանձնաժողովներու գործունէութեան ծիրին մէջ: «Մենք պատրաստ ենք ունենալու մեր դերակատարութիւնը: Կը կարծեմ, թէ շատոնց ժամանակն է վերականգնելու եռակողմ գործիքակազմի աշխատանքը: Կոչ կ՛ուղղենք մեր գործընկերներուն` քաղաքական կամք դրսեւորելու` վերականգնելով յարաբերութիւնները, որոնց ծիրին մէջ Ռուսիոյ կողմէ կը նախանշուէին շարք մը հարցերու լուծման ուղիները, ներառեալ` սահմանի սահմանագծումը, տարածաշրջանին մէջ երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղիներու գործարկումը, խաղաղութեան պայմանագիրի մշակումը», ըսաւ Զախարովա:
Ան դարձեալ քննադատութեան ենթարկեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման վերաբերող Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջնորդական ջանքերը` ընդգծելով, որ Հարաւային Կովկասի մէջ հաստատուն խաղաղութեան եւ զարգացման հասնելու նպատակով Ռուսիոյ կողմէ կատարուած առաջարկները աւելի առարկայական են եւ կը շարունակեն մնալ բանակցութիւններու սեղանին: