Պաքու «անհիմն» որակեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին Ատրպէյճանի հասցէին ուղղած մեղադրանքները եւ կոչ ուղղեց Փարիզին` «դադրեցնելու ապակառուցողական գործունէութիւնը»:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ այդ մեղադրանքները «տարածաշրջանին մէջ ակնյայտ լարուածութիւն ստեղծելու եւ խաղաղ գործընթացը խոչընդոտելու՝ Ֆրանսայի ջանքերուն ակնյայտ օրինակն են»:
Ըստ Պաքուի` «Ատրպէյճանի հողերը շուրջ 30 տարիներ բռնագրաւման տակ պահած Հայաստան իբրեւ խաղաղասէր երկիր ներկայացնելը (…) կը վկայէ, թէ որքան կեղծ էր Ֆրանսայի վարած քաղաքականութիւնը թէ՛ անոր միջնորդութեան շրջանին, թէ՛ 44օրեայ պատերազմէն ետք»:
Պաքու անթոյլատրելի կը նկատէ «Հայաստանը լայնօրէն վերազինող եւ տարածաշրջանին մէջ ռազմամոլութիւնը խրախուսող» Ֆրանսայի կողմէ Ատրպէյճանը յարձակողապաշտութեան հռետորաբանութեան մէջ մեղադրելը:
«Մինչ Ատրպէյճան` իբրեւ Կլիմայի փոփոխութեան ՄԱԿի շրջանակային համագումարի կողմերու 29րդ նստաշրջանի (COP29) կազմակերպիչ պատասխանատու դեր կը կատարէ, մենք կը կարծենք, թէ Ֆրանսայի եւ ամբողջ աշխարհի համար աւելի շահեկան է խուսափիլ երկրին պատկերը վտանգող եւ մեր նախագահութիւնը թիրախ դարձնող այսպիսի կոչերէ», կը յայտնէ Պաքու։