
Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ վարչութեանս հովանաւորութեամբ, շրջանիս «ՀՄԸՄի Արցախ Հիմնադրամ»ի յանձնախումբը կազմակերպեց սոյն հիմնադրամին նուիրուած ընթրիքի երեկոյ մը, որ յաջողութեամբ իրականացաւ, մասնակցութեամբ ազգային- յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանի եւ իր նուագախումբին, Շաբաթ, 23 Մարտի երեկոյեան, ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի «Բաղդասարեան-Շահինեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մհեր Դաւիթեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւօ Քէշիշեանի, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ՝ Սետա Գոճայեանի եւ Հայկօ Պարսամեանի, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան անդամներու, 2024ի Տիպար ՀՄԸՄական Արամ Պէքարեանի, ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու վարչութիւններու, անդամներու եւ ՀՄԸՄասէր քոյրերու եւ եղբայրներու ու բազմաթիւ հիւրերու:
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր՝ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ, «Արարատ» մասնաճիւղէն Արիկ Գէորգեան, որ ձեռնհասօրէն վարեց օրուան յայտագիրը։
Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց Ռաֆֆի Վարժապետեան, որ շեշտեց այս ծրագիրի կարեւորութիւնը՝ ըսելով. «Դուք բոլորդ կը գիտակցիք մեր առաքելութեան եւ ձեռք կու տաք մեզի՝ իրականացնելու այս ծրագիրը, որ այս անգամ Արցախէն տեղահանուած ՀՄԸՄական քոյր-եղբայրներուն, իրենց ընտանիքներուն եւ ժողովուրդին անմիջական կարիքներու հոգածութիւնն է: Արցախը մեր պատմութիւնն է, մեր ինքնութիւնն է, մեր բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացման պայքարն է: Մօտիկ անցեալին, Արցախը իր դրօշով, զինանշանով եւ քայլերգով ազգային մեր հպարտութիւնն էր: Այսօր, անիկա մեր ժամանակաւոր պարտութիւնն է: Արցախը կայծը վառեց հայութեան նոր ժամանակներու ազատութեան բոցին:»
Շրջանային վարչութիւնը, առ ի գնահատանք, յուշատախտակ մը նուիրեց Գառնիկ Սարգիսեանին, իր անզուգական կատարումին եւ ՀՄԸՄի ու հայ ազգին հանդէպ ցուցաբերած տարիներու անհերքելի վաստակին համար:
Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄի Արցախի աշխատանքներուն նուիրուած ամփոփ տեսերիզ մը, որ պատրաստուած էր Հովիկ Գազանճեանի կողմէ:
Սոյն ձեռնարկին հանգանակուեցաւ կոկիկ գումար մը, որ պիտի տրամադրուի ՀՄԸՄի Պատգամաւորական 13րդ ընդհանուր ժողովէն հաստատուած «ՀՄԸՄի Արցախ Հիմնադրամ»ին, որ պիտի հոգայ Արցախէն բռնի տեղահանուած ՀՄԸՄական քոյրեր-եղբայրներու եւ անոնց ընտանիքներու կենցաղային անմիջական կարիքները:
Յատուկ գնահատանք եւ շնորհակալութիւն՝ կազմակերպիչ յանձնախումբին, շրջանիս «ՀՄԸՄի Արցախ Հիմնադրամ»ի յանձնախումբին, իր գործակցութեան եւ այս ձեռնարկը յաջողութեամբ իրագործելուն համար։
ՀՄԸՄ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ