ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Դարձեալ բորբոքուած են հայութեան կիրքերը՝ մտահոգութիւնները հասած են գագաթնակէտին, եւ թշնամիին պարբերական լկտի պահանջներէն եւս մէկը՝ Տաւուշի չորս՝ նախապէս Սովետական իշխանութիւններու օրերուն Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ ինկած, գիւղերու վերադարձի պահանջն է, գիւղեր, կամ աւելի ճիշդ՝ երեսունամեայ պատերազմին պատճառով լքուած գիւղերու հողատարածքներ: Սակայն, վտանգը աւելին է, քան՝ քանի մը հեկտար հողատարածքներու զիջումը: Այս հողերուն՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ վերադառնալով, ամբողջ Տաւուշ աքցանի մը մէջ պիտի յայտնուի:
Հայաստանը Վրաստանին կապող ճանապարհը, այլեւս անգործութեան մատնուած նախկին երկաթուղագիծը, Ռուսիայէն Հայաստան երկարող կազատարը եւ այլ շատ կարեւոր ռազմավարական բարձունքներ պիտի կորսնցնենք:
Ռուսերը, մաքիաւելական կայսերապաշտական իրենց հաշիւներով, ինչպէս բոլոր միութեան նախկին երկիրներուն մէջ եւ ինչպէս բոլոր կայսրութիւններու պարագային, միջպետական սահմանները գծած են այնպիսի դիտաւորեալ կերպով, որ այսպիսի օրերուն դարձեալ զանոնք շահարկեն: Ահա այսպէս, Ատրպէյճանի այս նորագոյն սպառնալիքի ետին կ՛երեւան ռուսական լուռ եւ անմեղունակ թուացող չէզոքութիւնը, սակայն, միաժամանակ ի յայտ կու գայ մեր իշխանութիւններուն ապիկար պարտուողականութիւնը: Արդեօք այդ նաեւ արեւմուտքին կողմէ՞ թելադրուած է, թէ ոչ անիկա միայն ժամանակ շահելու մարտավարութիւն է, որովհետեւ անմտութիւն է ենթադրել, որ մենք բաց կը թողնենք այդ պահանջներուն դիմաց Հայաստանի տարածքներէն ներս թափանցած թշնամի բանակին հեռացման պայմանը:
Թերեւս բոլոր պատմաբանները համաձայն պիտի գտնուին այն կարծիքին, որ չկան ազգեր, որոնց պատմութիւնը միայն շարունակական յաղթանակներու պատմութիւն է կամ հակառակը՝ միայն պարտութիւններու, որոնց պարագային ակնյայտօրէն պատմութեան թատերաբեմէն բոլորովին պիտի վերանային: Ուժեղ պետութիւններու երկարատեւ հզօր մնալու գաղտնիքը կը կայանայ անոնց յաղթանակներու պատճառած գինովութենէն արագ սթափման եւ այդ ձեռքբերման պահպանման մէջ:
Լեհ յեղափոխական եւ անկախ Լեհաստանի բանակի 1918էն 1922 հրամանատար Ժոզէֆ Փիլզուտցքի (Josef Pilzudski) ըսած է հետեւեալը. «Պարտութեան մատնուիլ սակայն չ՛ընկճուիլ՝ յաղթանակ է, իսկ յաղթանակ տանիլ, բայց գինովնալ՝ յաղթանակի դափնիներով պարտութիւն է»: Գրեթէ բոլոր երկիրներու զանազան քարտէսները եթէ ուսումնասիրենք, պիտի տեսնենք, որ անոնք դարերու ընթացքին բազմաթիւ անգամներ փոխուած են եւ ձեռքէ ձեռք անցած, ընդարձակուած, ապա փոքրացած եւ այսպէս՝ շարունակաբար:
Այդպէս եղած է նաեւ մեր երկիրը՝ Հայաստան: Կռուախնձոր ըլլալով զայն շրջապատող զանազան կայսրութիւններու միջեւ՝ ենթարկուած է ջարդերու եւ տեղահանումներու, կոտորակուած է եւ հանդիսացած այլոց պատերազմներուն թատերաբեմ, նոյնիսկ մեր պետականութիւնը կորսնցուցած ենք, եւ քսաներորդ դարու սկզբին ցեղասպանութեան ենթարկուելէ ետք, փիւնիկի մը պէս վերապրած ենք եւ վերստեղծած մեր պետականութիւնը, թէկուզ մեր պատմական տարածքին միայն մէկ փոքր հատուածին վրայ: Դժբախտաբար, նոյնիսկ այդ հանրապետութիւնը պահպանելու զօրութիւնը չունեցանք, երբ պոլշեւիկ բանակը մէկ կողմէ, եւ քեմալական թուրք բանակը միւս կողմէ ներխուժեցին նորաստեղծ պետութեան սահմաններէն ներս եւ մնացեալ տարածքին վրայ հաստատուեցան Խորհրդային կարգերը, որ եօթանասուն տարիներ ետք՝ Խորհրդային Միութեան փլուզումով, տեղը տուաւ մեր ներկայի անկախ պետականութեան:
Անկախութենէն ասդին, ունեցանք ձեռքբերումներ, ինչպէս՝ Արցախի առաջին պատերազմի յաղթական ելքը, եւ, դժբախտաբար, բազմաթիւ բացթողումներ: Այդ բացթողումները հիմնական պատճառներէն էին մեր հազարաւոր երիտասարդներուն արեան գնով վաստակած ձեռքբերումներուն կորուստին, որովհետեւ, ինչպէս անգլիացի պատմաբան Թիմոթի Կարտըն Աշ իր Homelands գրքին մէջ կ՛ըսէ՝ «այն անկախութիւնը որ կատարեալ ձեւով չէ իրագործուած, կ՛ենթադրէ շատ աւելին քան պարզապէս բռնապետութեան բացակայութիւնը»: Փաստօրէն, 70 տարիներու խորհրդային կարգերու կենցաղը այլափոխած էր հայրենի հայութեան նկարագիրը այն աստիճան, որ պէտք ունինք սերունդներու՝ զայն վերագտնելու համար: Այդ յատուկ չէր միայն հայութեան, համատարած էր եւ կ՛ընդգրկէր թէ՛ նախկին խորհրդային երկիրներու, թէ՛ Արեւելեան եւ կեդրոնական Եւրոպայի՝ Սովետական արբանեակ երկիրներու ժողովուրդները, որովհետեւ համայնավար կարգերու փլուզման պատճառով յանկարծակի ստացուած անկախ կարգավիճակին ոչ ոք պատրաստ էր:
Այդ երեւոյթը լաւապէս բացատրած է տասնիններորդ դարու գրող Մերի Շելի՝ գրելով. «Ոչ մէկ բան այնքան ցաւոտ է մարդկային միտքին համար, որքան մեծ եւ յանկարծակի փոփոխութիւն մը» (Nothing is so painful to the human mind as a great and sudden change): Ի զուր չէր որ անկախութեան յաջորդող առաջին տասնամեակին, մարդիկ խելայեղօրէն եւ զանգուածաբար դիմեցին արտագաղթի:
Երկաթէ վարագոյրը քանդուած էր: Ապա հետեւեցան այլ արտագաղթի ալիքներ, շարունակուող մաշումի պատերազմին եւ տնտեսական լճացումին պատճառով: Եթէ խորհրդային տարիներուն անոնք ունէին ապահով կեանք մը եւ կը ձգտէին ազատութեան, յետ-խորհրդային տարիներուն, անոնք ունէին ազատութիւն, սակայն կը ձգտէին ապահով կեանքի:
Հիմա այդպիսին է մեր կացութիւնը եւ մենք կը գտնուինք այլընտրանքային ուղիներ փնտռելու հարկադրանքին տակ, կամ անձնատուր ըլլալով մեր ճակատագիրին՝ հրաժարիլ ամէն փորձէ եւ ընդունիլ ռուսական եւ թրքական ամէն պահանջ, որոնց հետեւանքը մանրամասնելը աւելորդ պիտի ըլլայ: Անշուշտ, միամտութիւն է կարծել, որ այլընտրանքային ուղիները հարթ եւ ողորկ են մինչեւ վերջ: Սակայն այդ աւանդական ճանապարհի ստոյգ վտանգաւոր ըլլալը չտեսնելը, միամտութեան սահմանները անցնիլ է:
Իսկ ի՞նչն է որ վտանգի առաջ յայտնուող ազգը հաւանաբար կը փրկէ, եթէ ոչ միասնաբար այդ վտանգը տեսնելը եւ անկէ փրկուելու միջոցներ գտնելը: Զարմանալիօրէն, մեր պարագային, անհասկնալի դրսեւորում մը կայ: Իշխանութիւնները կը թելադրեն քաղաքականութիւն մը, որ երբեմն սխալ եւ պարտուողական տրամադրութեամբ կը վարեն, ինչպէս՝ Տաւուշի գիւղերու եւ այլ հարցերու պարագային, մինչ ընդդիմախօսները փոխանակ իրենց տեսակէտը եւ այլընտրանքային քաղաքականութիւնը բացատրելու կամ նոյնիսկ պարզապէս յայտնելու, միայն կը պահանջեն իշխանութեան հրաժարականը։
Մենք կը դիմագրաւենք ստոյգ վտանգ մը, որդեգրելով նախկին արեւելումը, կը կտրուինք հիւսիս-հարաւ ռազմավարական ճանապարհէն, կը կորսնցնենք Սիւնիքը՝ իբրեւ տարածք, մեր տնտեսութիւնը լաւագոյն պարագային կը մնայ նոյնը, մինչ արտագաղթը կը շարունակուի աւելի խոցելի դարձնելով մեր ազգային անվտանգութիւնը եւ անվերադարձ փլուզման ենթարկելով մեր ժողովրդագրական պատկերը: Որդեգրելով այլընտրանքային արեւելումը, գիտնալով հանդերձ որ այնտեղ վտանգները չեն պակսիր՝ վկա՛յ մեր Արցախի վերջին ողբերգութեան ընթացքին արեւմուտքին քար լռութիւնը, ինչպէս տեսած էինք Եուկոսլաւիոյ բաժանման պատճառով նորաստեղծ հանրապետութիւններուն միջեւ տեղի ունեցող պատերազմներուն ընթացքին հոն գտնուող Հոլանտական, ֆրանսական եւ այլ արեւմտեան երկիրներու խաղաղարար ջոկատներու զինուորներուն չէզոք հանդիսատես մնալու փաստը, երբ միջհամայնքային խժդժութիւններ կ՛արձանագրուէին շարունակաբար, զանոնք կոչելով պարզապէս, հինաւուրց ցեղախմբային ատելութիւններու դրսեւորում՝ տեսակէտ մը, որ բառացիօրէն ժողովրդականացած էր արեւմտեան քաղաքական շրջանակներուն մօտ Ռապըրթ Քափլանի «Պալքան Կոսթց» (Balkan Ghosts) գրքին մէջ արտայայտուած «հինաւուրց ցեղախմբային ատելութիւններ» (ancient tribal hatreds) խօսքին հետեւելով: Թիմըթի Կարթըն Աշ իր «Հայրենիքներ» (Homelands) գրքին մէջ կ՛ըսէ, թէ անձամբ լսած էր Եւրոպական Միութեան բարձրակարգ պաշտօնեայի մը բերանէն, թէ՝ «մենք չենք կրնար արգիլել մարդոց, որոնք Կ՛ՈՒԶԵՆ զիրար սպաննել»:
Այո, այլընտրանքային որեւէ արեւելում զերծ չէ վտանգներէ, շահագործումներէ եւ ուրացումներէ, սակայն ստոյգ վտանգին փոխարէն նախընտրելի է որոշ յոյսերու ճանապարհը, ուր կայ առնուազն արեւմտեան աշխարհին միանալու հաւանականութիւնը եւ տնտեսական զարգացումը: Վերջապէս, հայութեան անդադրում արտագաղթը կրնայ կասեցուիլ միայն Հայաստանի տնտեսութեան զարգացումով եւ խաղաղութեան հաստատումով:
Մինչ այդ, սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացներուն ընթացքին քիչ մը խիզախութիւն պէտք է: