Երեսուներեք տարիներէ ի վեր, կրնանք ետ երթալ եւ ըսել յիսուն տարիներ, Լիբանան խառնակ կեանք ունի: Քաղաքացիական կռիւ, միջհամայնքային բախումներ, քաղաքական սպանութիւններ: Քաղաքացիական պատերազմը վերջ գտած է, բայց խաղաղութիւն չէ հաստատուած: Բառախաղ չէ: Լիբանան անկայուն հաւասարակշռութիւններով փոքրիկ երկիր է, մարդիկ վարժուած են հակասութիւններով ապրելու, քաղաքական ալշիմի մը, որ կրնայ շարունակուիլ, եթէ հեռուի եւ մօտի բարեկամներ իրենց կռիւներու դաշտը հոն չփոխադրեն:
Երկրի հիւսիսը գտնուող Նահր էլ Պարէտ գաղթակայանը վերածուած էր նորատեսակ ըմբոստութեան ամրոցի՝ ընդդէմ Լիբանանի, աւելի ապակայունացնելու համար երկիրը, ընդդիմանալու համար կարգ մը երկիրներու խաղաղեցման ճիգերուն: Քանի մը ամիս տեւած բախումները աւարտեցան եւ երկուստեք զոհեր եղան, շուրջ հինգ հարիւր: Սահմանափակուած պատերազմ մը, որ վերջ գտաւ եւ այդ դիմաւորուեցաւ որպէս յաղթանակ՝ զոր տօնախմբեցին երկրի զանազան ուժերը: Այս կռիւները մոռցուած կացութեան մը վրայ հրաւիրեցին հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը. պաղեստինեան գաղթակայաններ մտնելու իրաւասութիւն չունէին երկրի բանակը եւ իշխանութիւնները, անցեալին այս մասին համաձայնութիւն գոյացած էր, վերջ տալու համար արիւնալի բախումներու: Հետեւանքները խօսուն եղած են: Այժմ կ’ըսուի, թէ լիբանանեան գերիշխանութիւնը պիտի հաստատուի նաեւ անոնց վրայ: Եթէ այդ նոր հակամարտութիւններու ծնունդ չտայ:
Լիբանան նախագահ ընտրելու տագնապ կ’ապրի առնուազն երեք տարիներ եւ նախանշանները ցոյց կու տան, որ ներկայ պայմաններու մէջ երկրի խորհրդարանը եւ զայն բաղկացնող ուժերը պիտի չկարենան համախոհութեան մը յանգիլ: Հաւանական է, որ կրկնուի շուրջ կէս դար առաջուան սենարիոն, դիպաշարը: Այդ օրերուն իշխանութիւնը յանձնուեցաւ բանակին եւ զօրավար Ֆուատ Շեհապ դարձաւ նախագահ եւ հաստատեց կարգ ու կանոնը: Այժմ կը խօսուի բանակի հրամանատար Միշէլ Սլէյմանի մասին, որուն կրնայ յանձնուիլ երկրի իշխանութիւնը: Այս լուծումը չի հակասեր սահմանադրութան: Ներքին խաղաղութեան հաստատում, կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւն, ուժերու նոր եւ արդար վերադասաւորման կարելիութիւն կը ստեղծեն, ինչ որ անհրաժեշտ է երկրին մէջ տնտեսական բնականոն կեանք ստեղծելու եւ քաղաքացիին վիճակը բարելաւելու:
Լիբանան էապէս համայնքային երկիր է եւ միտքերը հասուն չեն այդ դրութենէն դուրս գալու, հակառակ անոր, որ բոլորն ալ կը գիտակցին այդ դրութենէն յառաջացող դժուարութիւններուն: Այդ խճանկարին մէջ, հայ համայնքը ինքնուրոյն է, իր կառոյցներով, երկրի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին մասնակցութեամբ, որպէս լիիրաւ քաղաքացի: Երկրի տագնապը բացասականօրէն անդրադարձած է նաեւ հայ կեանքին, անհատներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն զուգահեռ՝ համայնքային երբեմնի հզօր եւ արդիւնաւէտ կառոյցներուն. դպրոցներ, թերթեր, եւայլն: Հակառակ ցնցումներու եւ այլ երկիրներ գաղթողներու կարեւոր թիւին, հայ համայնքը կը մնայ կազմակերպուած եւ գործունեայ, ոմանք պիտի ըսեն՝ ոչ անցեալի հզօրութեամբ: Բայց փոխարինման լուծում չունի հայկական արտասահմանը: Ցաւալի երեւոյթ է որ «Զարթօնք» օրաթերթը դադրած է, բայց «Ազդակ» օրաթերթը ամէն օր լոյս կը տեսնէ, տասը մեծադիր էջեր՝ հերթական յաւելուածներով:
Տնտեսական դժուարութիւններ հայ ծնողները կը մղեն իրենց զաւակները յանձնելու օտար վարժարան: Դպրոցներ փակուած են: Ուսուցիչներ ստիպուած կը լքեն իրենց ասպարէզը, արհեստի կամ առեւտուրի կը հետեւին, եթէ չմեկնին, այսինքն՝ համայնքը կը զրկուի իր ներուժէն: Տարի մը առաջ դպրոցներու սուր տագնապը մասամբ յաղթահարուեցաւ «Լինսի» հիմնարկի օժանդակութեամբ: Լիբանանը եղած է եւ դեռ է հայկական սփիւռքի ազգային-մշակութային ուժ մատակարարողը: Այժմ, նոյն այդ արտասահմանը պիտի գիտակցի՞ եւ պիտի ընէ՞ այնպէս որ ոչ թերթ փակուի, ոչ դպրոց փակուի եւ համալսարանաւարտ ուսուցիչն ալ շապիկներու վրայ տպագրութեան գործով չզբաղի: Միթէ՞ յոռետեսութիւն կ’ըլլայ երեւակայել հետեւանքները յառաջիկայ հինգ, տասը, քսան տարիներուն համար: Եթէ կացութիւնը այսպէս տեւէ…
Ոչ ոք, անհատ թէ կազմակերպութիւն, իրաւունք ունի ըսելու, թէ տեղեակ չէր… Բարեսիրութեան մասին չէ խօսքը, այլ ազգի աւելի քան կէսի հայօրէն գոյատեւման: