

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ուրախութեամբ տեղեկացանք, որ գաղութիս «Թէքէեան» Մշակութային միութեան (ԹՄՄ) Փասատինա-Կլենտէյլի մասնաճիւղը հարստացած է նոր թատերախումբով մը՝ «Ազատ Բեմ» անունով:
Շաբաթ, 23 Մարտի երեկոյեան, Փասատինայի ՀԲԸՄի կեդրոնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» շքեղ հանդիսասրահին մէջ, ներկայ գտնուեցանք սոյն թատերախումբին «Խօսքը Մէջերնիս» թատերախաղի GALA NIGHT-ին:
Սրահին մէջ, հանդիսատեսին հրամցուած գրքոյկին մէջ, ներկայացուած էին թատերախաղի հեղինակին՝ Վաչէ Ատրունիի եւ բեմադրիչ-դերասան Վարդան Մկրտիչեանի կենսագրութիւնները եւ անոնց երկարատեւ վաստակը թատերական աշխարհին մէջ:
Նախքան վարագոյրին բացուիլը, իր սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցաւ թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Լորա Գույումճեան, որ յստակօրէն պարզեց միութեան նպատակը եւ այս առթիւ թատերախումբին ծնունդը, ապա ան շնորհակալութեան խօսքերով ամփոփեց իր ելոյթը:
Իր կարգին, յանուն Ամերիկայի եւ Գանատայի ԹՄՄին, Արեւմտեան շրջանի վարիչ քարտուղարուհի Մայտա Քիւրէճեան համեստօրէն անդրադարձաւ միութեան Կեդրոնական վարչութեան պատասխանատուներու քաջալերանքին եւ ազգօտուտ գործունէութեան, ապա նորակազմ «Ազատ Բեմ» թատերախումբին՝ մեր գաղութին մէջ անոր կենսական ներկայութեան մասին: Ան նաեւ ողջունեց Լոս Անճելըսի «Սաթամեան», եւ Պէյրութի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբերու վերթերան դերասաններու ներկայութիւնը:
Անցնելով օրուան թատերախաղին, ըսենք որ «Խօսքը Մէջերնիս»ին նիւթը, ինչպէս որ գրքոյկը «կը խոստովանի», սիրային կատակերգութիւն մըն է՝ երկու արարով ներկայացուած:
Հետաքրքրական եւ զուարճալի ու ժողովրդային լեզուով, բաւական ծիծաղելի պատկերներով ճոխացած խաղին դէպքերը տեղի կ՛ունենային 90ականներուն, Պէյրութի մէջ, քաղքենի Առտուրեաններու բնակարանին մէջ:
Այսպէս եւ յաջորդաբար սխալ հասկացողութիւններ, թիւրիմացութիւններ եւ զանազան արդարացուցիչ «խաղեր» եւ խորամանկութիւններ, կամաց կամաց զարգանալով՝ նիւթին ընդհանուր «հանգոյցը» կազմեցին եւ շուրջ երկու ժամերու մէջ, ամբողջ սրահը բարձր տրամադրութեան, ծիծաղի եւ անհատնում խնդուքի մթնոլորտին մէջ պահեցին:
Իսկ գալով բեմին, ըսենք, որ պարզապէս Առտուրեաններու բնակարանէն սենեակ մըն էր, երկրորդ յարկը բարձրացող քանի մը աստիճաններով, աթոռ, սեղան հեռաձայնով զարդարուած, եւ պարզ ու համեստ յարդարանք-կահոյքով ներկայացուած:
Այս նորակազմ խումբի անդրանիկ ելոյթին առթիւ, տեղին ու պատշաճ է կը գտնենք, մէկ առ մէկ յիշել եւ ներկայացնել բոլոր դերակատարները՝ իրենց բեմ մուտքի կարգով: Այսպէս. Լինտա Կերկերեան՝ Ամերիկայէն ժամանած տիկին, Արփի Սամուէլեան՝ Նինա, Արամ Մուրատեան՝ Սեդրակ, Նարինէ Աւագեան՝ Նազիկ, Ռուբէն Հարմանտայեան՝ Ղուկաս, (բեմադրիչ) Վարդան Մկրտիչեան՝ Պօղոս, Սօսի Վարժապետեան՝ Փառանձեմ, Հենրի Ապաճեան՝ Օննիկ, Հայկ Ուրիշեան՝ Սամսոն եւ Արթիւր Ապուսէֆեան՝ Սարգիս:
Հոս կ՛ուզենք նաեւ անպայման խոստովանիլ, որ ինծի համար, նիւթէն աւելի հետաքրքրականը երիտասարդ այս տղոց եւ աղջիկներու բեմին վրայ համարձակ ներկայութիւնն էր։ Մէկ խօսքով՝ անոնց խաղարկութիւնը, որ բառի, խօսքի արտայայտչական ձեւերով, դարձած էր հաճելի եւ հետաքրքրական ու սրահը հարազատօրէն բեմին կապած:


Շատ հաւանաբար, խաղը ներկայացնող տասը դերասաններուն մէջ, իբրեւ «վեթերան»ներ, ներկաներուն ծանօթ էին՝ Արփին, Ռուբէնը, Սօսին, Արամը, Նարինէն, եւ Հայկը, որոնք բեմին վրայ, իրենց փորձառութեամբ կը զգացնէին իրենց ներկայութիւնը, գրաւելով ներկաներու հետաքրքիր եւ հաճելի ուշադրութիւնը բեմադրիչ Մկրտիչեանի խաղարկութեան հետ միատեղ, որ վերցուցած էր Պօղոսի դերը: Իսկ միւսները բեմին նորեկներ ըլլալով հանդերձ, իրենց դերակատարութիւններով անմասն չէին մնար վերեւը նշուած գնահատականներէն:
Նաեւ պէտք է շեշտել, որ բեմադրիչ Մկրտիչեան, թէեւ գաղութին անծանօթ մըն էր, սակայն փորձառու դերասան մը ըլլալէ չէր դադրեր: Այսպէս, բեմի հաստատապէս տիրապետող իր ներկայութեամբ՝ Մկրտիչեան հաճելի, շնորհալի եւ գեղեցիկ շաղկապումով եւ իր ճկուն համարձակութեամբ, իր ստեղծած արագընթաց դէպքերով, կատակերգու շարժումներու եւ ձեւերու շարաններով, իր խաղընկեր-դերակատարներուն հետ արհեստավարժ ձեւով խաղը դարձուց յաջող ու սրահը ողողեց ծիծաղի երկար եւ հաճելի մթնոլորտով:
Իրապէս, որ հանդիսատեսին համար բոլորն ալ թատերական արուեստին մէջ սէր եւ խանդավառութիւն ունեցող դերասան-դերասանուհիներ կը նկատուէին:
Միւս կողմէ, սակայն եւ անպայման, գնահատանքի յատուկ խօսքեր կ՛ուզենք հասցէագրել նաեւ բոլոր անոնց, որոնց առաքելութիւնը (բեմին ետեւ՝ իբրեւ սեւ աշխատանք) թատրոնի ճամբով դարձած էր կրկնակի իմաստ։
Վարձքը կատար բոլորին:
Վերջապէս, անձնապէս իբրեւ թատրոնի եւ յատկապէս հայ թատրոնի սիրահար, այս առթիւ նախ կը շնորհաւորենք հեղինակ՝ Վաչէ Ատրունին, եւ կը մաղթենք որ ան շարունակէ իր աշխատանքը ու իր գրիչը դալար պահէ, թատերասէր մեր հանրութեան հրամցնելու համար նիւթի նորութիւններով, լեզուի, խօսքի ու արտայայտութեամբ հարստացած նոր խաղեր:
Տեղին է յիշել ու երբեք չմոռնալ, որ Լոս Անճելըսի հայ թատրոնը, պատիւ իրեն, շուրջ կէս դարէ ի վեր ունեցած է եւ ունի թատերական մնայուն խումբերով, բեմադրիչներով, մեծ ու փոքր դերասաններով, թատերագիրներով ու թատերախաղերով հարուստ եւ յիշատակելի պատմութիւն-ժառանգութիւն մը, որուն շնորհիւ հայ եւ օտար, ինչպէս նաեւ ինքնագիր հայ թատերագիրներու ստեղծագործութիւնները, ամէն տարի եւ ամէն առիթով հայ թատերասէր հասարակութեան գեղեցկօրէն եւ արժանավայել կերպով հրամցուած են ու այս ձեւով հանդիսատեսը կապուած պահած հայ թատրոնին եւ թատերգութեան:
Սոյն ներկայացման աւարտին, նորակազմ խումբի անդամները ջերմօրէն եւ երկար ծափահարուեցան հանդիսականներուն կողմէ, որոնք սրահի մուտքին, հիւրասիրութեան պահուն, յայտնեցին իրենց շնորհաւորանքը, քաջալերանքն ու գնահատականները:
Մաղթանքս է, որ «Ազատ Բեմ»ը իր երթը նոր խաղացանկերով շարունակէ եւ մեր գաղութէն ներս դառնայ հաստատ եւ յարատեւ ներկայութիւն, որուն կարօտը ունինք այս օրերուն:
Միեւնոյն ատեն, ի սրտէ կը փափաքիմ, որ թատերախումբը յառաջդիմէ, գտնէ եւ որոնէ նոր հորիզոններ, նոր դէմքեր ու այս ձեւով իր արդար նպաստը բերէ գաղութիս հայ թատերական ոլորտի բարգաւաճման եւ վերելքին։
Դարձեալ յաջողութեան մաղթանքներս՝ բոլորին, եւ վարձքը կատար հեղինակ Ատրունիին, բեմադրիչ Մկրտիչեանին ու բոլոր դերակատարներուն անխտիր, եւ մանաւանդ՝ խումբը հովանաւորող միութեան։