Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտարարութեան մը միջոցաւ յայտնեցին, որ 6էն 7 Ապրիլին, ատրպէյճանցիները Խոզնավարի (Սիւնիքի մարզ), Արաւուսի (Սիւնիքի մարզ) եւ Սոթքի (Գեղարքունիքի մարզ) հատուածին մէջ հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ կրակ բացին:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդագրութիւն տարածելով՝ յայտնեց, թէ հայկական զինուած ուժերը 6 Ապրիլին, «սահմանագօտիի արեւելեան եւ հարաւարեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ կրակ բացին»։
Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը հերքեց այս հաղորդագրութիւնը` յայտարարելով, որ հայկական կողմը կրակ չէ բացած:

Տեղ գիւղի բնակիչ Մուրադ Ղաւալբաբունցի մայրը 7 Ապրիլի գիշերը ատրպէյճանցիներուն կրակոցներէն փրկուեցաւ տան մէջ կատարուած տեղափոխութիւններուն պատճառով: Անոր հարսը անոր մահճակալը տեղափոխած էր պատուհանին տակէն: Գիշերը, երբ ատրպէյճանցիները սկսած են կրակել, Մուրադի ընտանիքը քնացած էր, պարկուճը կոտրեց տան պատուհանը եւ ներս մտաւ: Այս փաստը հաստատեց նաեւ ներքին գործոց նախարարութիւնը: Անոնք հաստատեցին, որ կրակոցները տեւեցին 5-10 վայրկեաններ՝ տարբեր տեղերէ։
Թէեւ, ըստ Մուրադ Ղաւալբաբունցիի, եւրոպացի դիտորդները իրենց տունը այցելած են եւ արձանագրած ատրպէյճանցիներուն կրակոցներէն կոտրած ապակիները, սակայն առաքելութիւնը որեւէ տեղեկութիւն չհրապարակեց ատրպէյճանցիներուն կրակոցներուն պատճառով վնասուած տուներուն մասին։
Քննչական կոմիտէէն «Ազատութեան» յայտնեցին, որ ընդհանուր առմամբ ատրպէյճանցիներուն կրակոցներէն վնասուած են 5 առանձնատուներ, կառատուն մը, 2 գերեզմանաքարեր եւ ինքնաշարժ մը: