
(115րդ Տարելիցին Առթիւ)
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Ընթացիկ տարուան Ապրիլ ամիսը 115րդ տարեդարձն է Ատանայի կոտորածին, որուն զոհ գացին շուրջ 30,000 հայեր: 1894-96 Համիտեան ջարդերէն ետք, ասիկա երկրորդ լայնատարած աղէտն էր, որ տեղի կ՛ունենար 1909ի Ապրիլ ամսուն: Կոտորածը կազմակերպուած էր սուլթան Համիտի (1876-1908) համակիր «Ահրար» կուսակցութեան եւ այլ մոլեռանդ իսլամ յետադիմական տարրերու կողմէ, որոնք հակառակորդ էին Երիտասարդ Թուրքերուն:
Երիտասարդ Թուրքերը, Յունիս 10, 1908ին, տապալեցին սուլթան Համիտի կառավարութիւնը եւ իշխանութեան գլուխը անցան, «ազատութիւն եւ հաւասարութիւն» լոզունգներով ոգեւորելով ամբոխները: Թուրք, հայ ու այլ փոքրամասնութիւններ զիրար համբուրեցին եղբայրութեան անունով: Սուլթան Համիտի համակիրները զայրացած հայ եւ թուրք ժողովուրդներու սերտ կապերէն, ուզեցին վրէժ առնել՝ գրգռելով թուրք մոլեռանդ մարդիկ, որպէսզի դաս մը սորվեցնեն Համիտի հակառակորդներուն: Կոտորածի նախորդ օրերուն արդէն պրկուած մթնոլորտ մը կը տիրէր եւ սկսած էին նաեւ հակահայ քարոզութիւններ:
«Իթթիհատ Վէ Թերաքի» (Երիտասարդ Թուրքերու) վարչակազմը թէեւ առերեւոյթ ազատութիւն, հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն կը քարոզէր, սակայն ըստ էութեան փոքրամասնութիւններու հակառակ էր: Երիտասարդ Թուրքերու ծածուկ նպատակն էր ձուլել ոչ-իսլամ տարրերը եւ համաթրքական հսկայ կայսրութիւն մը ստեղծել: Այդ պատճառով էր որ երբ 1909ի Ապրիլ 1ին թուրքերու առաջին յարձակումը սկսաւ Ատանայի հայկական թաղերուն վրայ, թուրք ոստիկանութիւնը միացաւ խուժանին եւ մասնակցեցաւ ջարդերուն: Անտարակոյս, իթթիհատականներ լռելեան իրենց հաւանութիւնը տուած էին՝ Ատանայի կոտորածին: Երեւոյթները փրկելու համար էր, որ անոնք դատապարտեցին պատահած աղէտը: Երբ հայ եկեղեցական եւ աշխարհական ղեկավարներ իրենց ցասումը յայտնեցին եւ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին, անոնք ուրացան իրենց ջարդարարի դերը եւ համաձայնեցան քննիչ յանձնախումբ մը նշանակել՝ ատենապետութեամբ երեսփոխան Յակոբ Պապիկեանի: Պապիկեանի տեղեկագիրը լոյս չտեսաւ, քանի որ տեղեկագիր պատրաստող հայ երեսփոխանը առաւօտ մը իր ննջարանին մէջ խորհրդաւոր պայմաններուն մէջ խեղդամահ գտան:
Անկասկած Ատանայի կոտորածը նախափորձը դարձաւ Երիտասարդ Թուրքերու համաթուրանական քաղաքականութեան: Քանի մը տարի ետք՝ Հայոց Մեծ Եղեռնը, լրումը պիտի ըլլար իրենց կանխամտածած ցեղասպանութեան, որով կը յուսային լուծել Հայկական Հարցը:
Դժբախտաբար, մեր եկեղեցական եւ աշխարհական ղեկավարութեան մեծամասնութիւնը միամտաբար խաբուեցան կեղծաւոր եւ նենգամիտ իթթիհատականներէն եւ չկրցան նախատեսել վերահաս վտանգը:
Երբ թուրք խուժանը հայկական թաղերու վրայ յարձակում գործեց 1909ի Ապրիլ 1ին, հայերը ինքնապաշտպանութեան դիմեցին: Այդ ատեն, Երիտասարդ թուրքերու կառավարութիւնը անգլիական հիւպատոսին միջնորդութիւնը խնդրեց, որ խռովութիւններուն վերջ դնելու համար, հայերը իրենց զէնքերը յանձնեն կառավարութեան: Հիւպատոսը իր տխուր առաքելութիւնը կատարեց եւ հայեր յանձնեցին իրենց զէնքերը:
Թրքական ջարդերը շարունակուեցան եւ Երիտասարդ Թուրքերու կառավարութիւնը գործնապէս չմիջամտեց: Արդիւնքը ահաւոր եւ եղերական եղաւ: Ատանայի նահանգին մէջ տարբեր քաղաքներու, գիւղերու եւ աւաններու մէջ մօտաւորապէս 30,000 անմեղ հայեր զոհ գացին: Եկեղեցիներ, դպրոցներ, բարեսիրական եւ մշակութային կեդրոններ քանդուեցան: Բազմաթիւ որբեր եւ որբեւայրիներ անպատսպար մնացին:
Դժբախտաբար, Երիտասարդ Թուրքեր չընդունեցին իրենց դերակատարութիւնը Ատանայի կոտորածին մէջ: Այդ եղեռնը նախադուռը եղաւ քանի մը տարի ետք տեղի ունեցող Մեծ Եղեռնին:
Ապրիլ 1909էն Ապրիլ 2024ը՝ հարիւր տասնհինգ տարի…: Այսօր, 115 տարի ետք, մենք իբրեւ ազգ՝ կանք ու կը մնանք, զոհի հոգեբանութենէն դուրս ելած՝ վերածնած ենք: Ատանայի կոտորածին 115ամեակը վերանորոգման տարեդարձ մըն է, մեր կորսուած իրաւունքներու պահանջատիրութեան, մեր վերանորոգման, մեր կենսունակութեան եւ վերակերտման վճռակամութիւնը վկայող հանգրուան մը: Միանգամայն, սոյն տարեդարձը անցեալէն դասեր սորվելու դիպուկ առիթ մըն է, թէ՝ մեր ազգային կենսական հարցերու մէջ միամիտ չըլլանք, այլ միշտ իրատես եւ հեռատես, շրջահայեաց եւ իմաստուն ըլլանք. օտարներու օգնութիւնը հայցենք, բայց օտարներէն փրկութիւն չսպասենք, որովհետեւ վերջին հաշուով մեր սեփական միջոցներով միայն կրնանք տիրանալ մեր իրաւունքներուն:
Ուրեմն, անհրաժեշտ է միաբան ու միակամ ըլլալ: Բաւարար չէ միասնականութեան մասին տարին օր մը կամ հազուադէպ ոգեկոչական հանդիսութեան առիթներով միայն մտածել, այլ հարկ է զայն մեր առօրեային հետ շաղկապել, միասնական ճակատով թիկունք կանգնիլ Հայ Դատին: