Հինգշաբթի, 4 Ապրիլի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի եւ ազգային իշխանութեան հրաւէրով, Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան խումբի ղեկավար գնդապետ Արկադի Տօնոյեանի ողջերթը տեղի ունեցաւ, Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ:
Երեկոյին ներկայ էին Հալէպի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան, Հալէպի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան 14րդ խումբի հրամանատար Դաւիթ Յարութիւնեան եւ իր տեղակալը ու մարդասիրական առաքելութեան խումբի զինուորներ, եկեղեցականներ, Ազգային երեսփոխանական ժողովի դիւանը, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Ռէիսեան, Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովներու անդամներ, Յարաբերական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան եւ անդամներ, ՀՄԸՄի եւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, Համազգայինի, ՀՄԸՄի եւ ՍՕ Խաչի շրջանային վարչութիւններու ատենապետներ, ՍՕ Խաչի Ազգային պատսպարանի յանձնախումբի ատենապետը եւ ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնուհին, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետը:
Ժիրայր Ռէիսեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ յայտնելով, որ Սուրիոյ պատերազմի օրերու դառնութեան կողքին, սուրիահայերը ապրեցան հպարտութիւնը եւ ուրախութիւն այն հիանալի ու գնահատանքի խօսքերուն, զորս մեր արաբ հայրենակիցները կ՛արտայայտէին Հայաստանէն ժամանած մարդասիրական առաքելութեան խումբին տարած անապահով տարածքներու ականազերծման եւ բժշկական ծառայութիւններուն մասին:
Ռէիսեան նշեց, թէ այսօրուան առիթը աննախընթաց եւ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը կը համընկնի ՄԱԿի Ընդհանուր խորհուրդի պաշտօնական յայտարարութեան, ըստ որուն, 4 Ապրիլը յայտարարուեցաւ ականներու մասին իրազեկութեան եւ ականազերծման գործընթացի միջազգային օր։ Ան յաջողութիւն եւ արդիւնաշատ գործունէութեան նոր աշխատաշրջան մը մաղթեց գնդապետին՝ իրենց նուիրեալ առաքելութեան: Ազգային վարչութեան ատենադպրուհի երկրչփ. Մարալ Գալայճեան-Սեմէրճեան հակիրճ կերպով ներկայացուց գնդապետին 27 Դեկտեմբեր 2018էն սկսեալ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ տարած գործունէութիւնը, իբրեւ Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան խումբի ղեկավար:
Ան յայտնեց, թէ Հալէպի մէջ մարդասիրական առաքելութեան խումբին նախապատրաստական ամէնէն փոքր աշխատանքէն մինչեւ դաշտային ամէնէն վտանգաւոր գործին ընդմէջէն իմացանք գնդապետին նուիրեալ ծառայութեան մասին եւ ծանօթացանք՝ խիզախ ղեկավարին եւ արի հայորդիին, որ շնորհիւ իր աշխատանքային բծախնդրութեան, լրջութեան եւ ամէնէն կարեւորը՝ մարդասիրական կոչումին տէրը ըլլալուն` նուաճեց հալէպահայութեան սէրը եւ պատկառանքը:
Ան յիշեց, թէ 6 Փետրուար 2023ին, Հալէպը հարուածած երկրաշարժի օրերուն, գնդապետը օգնութիւն ցուցաբերեց տուժած տեղացիներուն, մարդասիրական առաքելութեան խումբը ընդգրկեց երկրաշարժաբաններու կազմին մէջ եւ Հալէպի մէջ իրականացուց շէնքերու վթարային վիճակի գնահատման, նշագրման եւ բնակչութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելու աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ ստանձնեց Հայաստանէն ժամանած որոնողական-փրկարարական խումբի կեցութեան աշխատանքները, օգնեց հայկական եկեղեցիներուն մէջ ապաստան գտած հայ համայնքի զաւակներուն, ազգային պատսպարանին եւ հայ ծերանոցին։
Այնուհետեւ, Արմէն աբղ. Գալաճեան ընթերցեց առաջնորդ սրբազանին օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրը: Ապա, առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի նախագահութեամբ, Ազգային վարչութեան որոշումով եւ առաջնորդին ձեռամբ, Բերիոյ Հայոց թեմի «Ծառայութեան Բարձրագոյն Շքանշան»ով եւ օրհնութեան ու գնահատանքի գիրով պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան խումբի ղեկավար գնդապետ Արկադի Տօնոյեան:
Գնդապետը խօսք առնելով՝ իր շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր, Ազգային իշխանութեան, թեմի ազգային մարմիններուն եւ միութիւններուն, որոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, նուիրուածութեամբ միասնաբար յառաջ կը տանին իրենց վստահուած առաքելութիւնը:
Սրբազան հայրը խօսք առնելով՝ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց գնդապետ Տօնոյեանին՝ անցնող վեց տարիներուն Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան խումբի գործակիցներուն հետ մատուցած նուիրեալ ծառայութեան համար: Սրբազանը մեծագոյն պատիւը համարեց Սփիւռքի մէջ հայրենիքի ներկայացուցիչին գտնուիլը եւ ծառայութեան ճամբով օգնութեան ձեռք երկարելը պետական եւ զինուորական մակարդակներով ու ժողովուրդին ապահովութիւնը ձեռք բերելու առաջադրանքով, հակառակ զանազան պատժամիջոցներով Սուրիոյ արգելափակուած ըլլալուն:
Աւարտին կատարուեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը։